ՍԵՐՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ու իրաւասուները Պրիւքսէլի մէջ շաբաթավերջին անպաշտօն ժողով մը գումարեցին։ Էկմոն պալատէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը։ Սա անպաշտօն ժողովներու 50-ամեակին զուգադիպեցաւ, իբր այդ յոբելենական բնոյթ ունէր։
Պրիւքսէլէն այս առթիւ Անգարայի հետ սերտ յարաբերութիւններու ուղղեալ պատգամներ հնչեցին։ Հաւաքին առթիւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլին ուղղուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու պարագային վիզաներու ազատականացման նիւթին մասին հարցում մը։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ»։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ պէտք է մշակուին։ «Եթէ կ՚ուզենք բախումէ խուսափիլ եւ համագործակցութիւնը բարձրացնել, ապա աւելի յանձնառութիւն պէտք է ունենանք», ըսաւ Պորէլ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, եւրոպացի նախարարները թէեւ համակարծիք են Թուրքիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մշակելու անհրաժեշտութեան շուրջ, սակայն Անգարայի առաջնահերթ սպասումներուն կապակցութեամբ կը շարունակեն յստակ պատգամներ տալէ խուսափիլ։ Արդարեւ, թրքական կողմը հետամուտ է ապահովել վիզաներու ազատականացում եւ թարմացնել Մաքսային միութիւնը։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, յառաջիկայ ապրիլին Եւրոմիութեան մեծ ընդլայնման 20-ամեակին առթիւ նախատեսուած է յոբելենական ձեռնարկ մը, որու համար կը ծրագրուի հրաւէր ուղղել նաեւ Թուրքիոյ։