ՕՐՀՆԵՐԳԻՆ, ԶԻՆԱՆՇԱՆԻՆ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻՆ ԱՆՀՊԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին բարձրաձայնուած յայտարարութիւններուն առընթեր, յայտնապէս կը նախապատրաստուի նաեւ հանրային կարծիք ստեղծել՝ օրհներգի եւ զինանշանի փոփոխութիւններուն ուղղութեամբ:

Այս մասին յառաջ մղուող առարկութիւնները փոխկապակցուած են Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն: Օրհներգին մէջ թշնամիներուն մասին ակնարկութիւն կայ: Արարատը գրգռութիւն է թշնամիին ուղղուած եւ նման «խաղաղասիրական» բնոյթի վարկածներ:

Կ՚ուղեկցուին, անշուշտ, հեգնական «սմայլիկ»ի համանմանութիւն, Կրկէսի առիւծ եւ այլ համեմատութիւններ՝ գեղագիտականին անուան տակ շղարշելու համար «թշնամազերծում»ի գործողութիւնները:

Հաւաքական մտածողութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու այս գործողութիւնները համալիր դրուածք ունին՝ (…) ծաղրանկարայնացումէն մինչեւ առաւելապաշտութիւն, Արարատ-Արագած, պատմական հայրենիք-արդի Հայաստան, Հայաստանի պատմութիւն-հայոց պատմութիւն կեղծ բանավէճերու յառաջացումով օրակարգերու հանրայնացումը:

Հիմա կեդրոնանանք օրհներգին եւ զինանշանին փոփոխութեան տակ երեւցող վտանգին վրայ:

Օրհներգն ու զինանշանը, ինչպէս դրօշակը, իրենց գաղափարական հիմնաւորումը ունին գործող Սահմանադրութեան նախաբանով յղում ստացած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:

Այսպէս.

Անկախութեան հռչակագիրը, պետականութեան անկախ հռչակման հիմնաւորումներուն մէջ կը նշէ՝ «…զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները…»։

Անկախութեան հռչակագիրով կը դաւանուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժողովրդավարական բնոյթը: Եւ երբ կ՚ըսուի զարգացնել ժողովրդավարական աւանդոյթները, կը հասկցուի այս պարագային զարգացնել ո՛չ միայն ժողովրդավարական կարգերը, այլեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժողովրդավարօրէն կայացուցած որոշումները:

Աւելի պարզ կը դառնայ, ուրեմն, որ մայիսքսանութեան աւանդոյթներու զարգացման յանձնառութիւնը ստանձնելով՝ վերանկախացեալ Հայաստանը այս ձեւով կը նկատուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շարունակութիւնը, այլ խօսքով՝ իրաւաժառանգորդը:

Այս իրաւաժառանգորդութեան ամենէն վաւերական հաստատումը մայիս 28-ի իշխանութեան կայացուցած որոշումներու եւ այս պարագային պետութեան խորհրդանիշներու վերաորդեգրումն է:

Այս բոլորը սահմանադրական հիմք ունեցած են, որովհետեւ անոր նախաբանը յղում կատարած է Անկախութեան հռչակագրին: Յղումի այդ վերացումը, ուրեմն, նաեւ Առաջին Հանրապետութեան հետ իրաւաժառանգորդութեան սահմանադրական հիմքը չեղեալ նկատած կ՚ըլլայ: Անկէ ետք թէ՛ գաղափարական եւ թէ սահմանադրական բոլոր արգելքները ջնջուած կ՚ըլլան, որպէսզի նոր օրհներգ կամ նոր զինանշան, ինչու չէ նաեւ նոր դրօշակ որդեգրեն գործող իշխանութիւնները:

Սմայլիկի կամ կրկէսի մասին խօսողները կա՛մ չեն գիտակցիր այս իրաւաժառանգորդութեան, կա՛մ ալ գիտակցելով հանդերձ կ՚ուզեն ջնջել սահմանադրական եւ գաղափարախօսական բոլոր հիմքերը: Գուցէ «նոր Հայաստան»ի կարգախօսը այսպէս կ՚ընկալուէր, եթէ, ի հարկէ, երկրի անուանափոխութեան առաջարկ մը շրջանառութեան չմտնէ յանկարծ:

Օրհներգի կամ զինանշանի քննարկումը գեղագիտական կամ այժմէականութեան ու նորաձեւութեան հետ աղերսելը պարզապէս չընկալել է, թէ ինչո՛ւ անկախացեալ Հայաստանի վարիչները մայիսքսանութեան աւանդոյթներու զարգացման առաջադրանքը ձեւակերպած են Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, այդպէսով վերահաստատելով իրաւաժառանգորդութեան խնդիրը:

Առաջին Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութիւնը պետութեան խորհրդանիշներէն զատ այլ խորհուրդներ կը ներփակէ՝ կրթականէն մշակութային, մինչեւ տարածքային:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

(Յապաւուած)

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024