ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ գումարեց ժողով մը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Նիստին հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, ժողովականները քննարկեցին օրակարգային ընթացիկ նիւթերն ու ռազմավարական բնոյթով հարցեր։

Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը զուգադիպած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներուն ընթացքը մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024