ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՆՑ 6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

Թուրքիա այսօր տխուր տարելից մը կ՚ոգեկոչէ։ Տարի մը առաջ պատահած եւ բազմատասնեակ հազարաւոր զոհեր խլած 6 փետրուարէն ի վեր չսպիացած վէրքերը այսօր դարձեալ կը կոտտան։ Տարի մը անց դարձեալ սուգի մթնոլորտ կը տիրէ երկրին մէջ, մինչ բոլորը կ՚ոգեկոչեն զոհերը ու կը ջանան գօտեպնդել աղետէն փրկուածները, որոնց դիմագրաւած ցնցումը անբացատրելի է։ Համաշխարհային պատմութեան մէջ արձանագրուած, անհաւատալի համեմատութիւններու հասած աւերներ գործած իրերայաջորդ երկրաշարժները ցնցեցին Թուրքիոյ տասնմէկ քաղաքները։ 120 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքի մը վրայ, 14 միլիոն հոգի ազդուեցաւ այդ ցնցումէն։

Թէեւ այսօրուան տարելիցի մթնոլորտին մէջ ամբողջ երկիրը յուզումնախառն զգացումներով համակուած է, սակայն, այդ մթնոլորտին մէջ զգալի են նաեւ ծանր հետեւանքները թօթափելու վճռակամութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած յամառ պայքարին առթած յոյսերը։ Անոնք, որոնք փրկուեցան այս աղէտէն, հետամուտ են նոր կեանքի մը սկսելու։ Ամբողջ երկիրը կը ջանայ այդ ջանքերը խրախուսել եւ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի այն աշխատանքներուն, որոնք աղէտի գօտիէն ներս թափով յառաջ կը տարուին փլատակներէն նոր քաղաքներ ծաղկեցնելու համար։

Միւս կողմէ, Ազգային կրթութեան նախարարութեան տնօրինութեամբ, Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններուն մէջ այս առաւօտ յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ՝ ի յարգանս աղիտալի երկրաշարժի զոհերուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024