ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ ՅԱՒԵՐԺ…
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դիլիջանի մէջ վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ «Լոյս» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ Դէպի Տաւուշի մարզը կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագծով, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնի երդիքին տակ Սերժ Սարգսեան իրականացուց այս հանդիպումը։ Ցայսօր «Լոյս» հիմնադրամէն կրթաթոշակ ստացածներէ բաղկացեալ շուրջ երկու հարիւր անձնաւորութիւններ արդէն կը ձեւաւորեն համանուն համայնքը։ Ներկայացուցիչներու կարգին կը գտնուէին խորհուրդի անդամներ, կրթաթոշակառուներ, շրջանաւարտներ, նոր ուսանողներ, «Կլոպալ ուսումնական տարրալուծարան» դասընթացքի մասնակիցները։ Ծանօթ է, որ «Լոյս» հիմնադրամը կրթաթոշակներ կը յատկացնէ, որպէսզի հայ երիտասարդները ուսում ստանան աշխարհի յառաջատար համալսարաններուն մէջ։
Մինչ Սերժ Սարգսեանի եւ «Լոյս»ի ներկայացուցիչներու հանդիպման սկսիլը, այս հիմնադրամի «Զարգացնենք Հայաստանը միասին» ծրագրին մասնակցած խումբերը մուտքասրահին մէջ ներկայացուցին իրենց կեանքի կոչած նախագծերը, ուր աշխարհի լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս ստացուած գիտելիքները, փորձառութիւնն ու կապերը փորձած են օգտագործել ի բարօրութիւն Հայաստանի։
Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ «Լոյս» հիմնադրամի համահիմնադիրն է, ըստ սովորութեան նոր ընդունուած ուսանողներուն յանձնեց կրթաթոշակի արժանանալու հաւաստագրերը։ 2015-2016 կրթական շրջանին համար կրթաթոշակի արժանացած է յիսուներեք նոր ուսանող։ Բաց աստի, եւս յիսունչորս ուսանող կը շարունակէ իր կրթութիւնը «Լոյս»ի աջակցութեամբ։
Ծաղկաձորի մէջ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց ուսանողները, նոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց ուսումնասիրութեան համար եւ հետագայ ծրագրերու իրականացման ճանապարհին։ Ան ըսաւ. «Անշուշտ, ամէն տարի ես մեծ հաճոյքով կը սպասեմ այս հանդիպման։ Նախ՝ կ՚ուզեմ շնորհաւորել «Լոյս» հիմնադրամի այս տարուան կրթաթոշակառուները, բոլոր անոնք, որոնք այս տարի ընդունուած են աշխարհի լաւագոյն համալսարանները եւ արդէն ստացած՝ «Լոյս» հիմնադրամի աջակցութիւնը։ Մեր ժամանակներուն, կը կարծեմ, առաւել եւս այս լսարանին մէջ, աւելորդ է խօսիլ կրթութեան կարեւորութեան մասին։ Բայց որպէս Հայաստանի նախագահ կ՚ուզեմ բոլորդ հաւաստիացնել, որ ձեր հայրենիքը, ձեր պետութիւնը պատրաստ է միշտ գտնուելու ձեր կողքին՝ ձեր մասնագիտական ընդունակութիւնները, ձեր գիտելիքները կատարելագործելու ճանապարհին։ Խելացի մարդիկ, մրցունակ մասնագէտներ անհրաժեշտ են բոլոր երկիրներուն մէջ, իսկ մեր երկրին մէջ՝ առաւել եւս։ Ուստի, կը կրկնեմ՝ մենք ջանք եւ եռանդ չենք խնայեր, որպէսզի դուք կարենաք հասնիլ ձեր հնարաւորութիւններու առաւելագոյնին։ Այսօր աշխարհ կը փոխուի շատ արագ ու շատ արագ զարգացող աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է, որպէսզի իւրաքանչիւր յաջորդ սերունդ ստանայ աւելի լաւ կրթութիւն, քան նախորդը. ըլլայ աւելի խելացի, ըլլայ աւելի տեղեկացուած եւ աւելի ճշգրիտ որոշումներ կայացնէ։ Այս առումով, ես ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ կը հասնի լաւ սերունդ՝ ձեզի փոխարինող սերունդը, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին ինծի ուղղակի երջանկացուց։ Հաւանաբար, գիտէք, իսկ եթէ չէք գիտեր՝ իմացէք, որ վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են համաշխարհային երեք առարկայական ողիմպիականներ՝ երկրաբանութեան, ուսողութեան եւ կենսաբանութեան։ Հայաստանի տասնհինգ մասնակիցներէն տաս-նըչորսը տուն վերադարձած են մետայլներով»։ Սերժ Սարգսեան այդ տուելները բաղդատեց տարածքաշրջանի այլ երկիրներու աշակերտներու ապահոված արդիւնքներուն հետ ու նշեց, թէ Հայաստան հասած է բաւական մեծ առաւելութեան։
Սարգսեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Լոյս»ի ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն մասին, որոնք աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ գիտելիքներ ստանալով, կը վերադառնան Հայաստան եւ այդ գիտելիքը կը ծառայեցնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ «Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր կրնային այնտեղ մնալ, այնտեղ աշխատիլ։ Սա ալ տարբերակ մըն էր, բայց կը կարծեմ՝ ոչ լաւագոյնը։ Լաւագոյն տարբերակը այս պահն է, երբ բոլորդ միասին կը հաւաքուիք Հայաստանի մէջ. մէկը կ՚երթայ Գարգառ, միւսը՝ Շուշի, երրորդը՝ Կիւմրի եւ կը փորձէ օգտակար բան մը ընել մեր երկրին համար։ Շատ լաւ ծրագրեր կ՚իրականացնէք։ Ապրի՛ք բոլորդ։ Այս կարճ խօսքս կ՚ուզեմ աւարտել ձեր իսկ կարգախօսով՝ «Միասին զարգացնենք Հայաստանը»։ Հակառակ պարագային՝ աշխարհաքաղաքական այս վերիվայրումներու ընթացքին մենք, յանկարծ, կրնանք մնալ ցած աստիճանի վրայ։ Ձեզմէ կախեալ է, թէ յաջորդ տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստան ի՞նչ դեր պիտի ունենայ աշխարհի վրայ, բայց ամենակերեւորը այն է՝ որ Հայաստան պիտի ունենա՞յ յաւերժ գոյութիւն ունենալու իրաւունքը՝ թէ կասկածի տակ պիտի առնուի։ Ես վստահ եմ, որ մենք այսօր այդ իրաւունքը ունինք, այդ հնարաւորութիւնը ունինք ու նաեւ, ի հարկէ, լիայոյս եմ, որ դուք այդ իրաւունքը շատ ամուր պիտի պահէք։ Պիտի անցնի 10-15 տարի, ապա այս դահլիճին մէջ նստած մարդիկ պիտի ղեկավարեն մեր երկիրը։ Բոլորիդ յաջողութիւն կը մաղթեմ եւ կ՚ուզեմ, որ ձեր այս ժամանակը, այս տարիքը, իսկապէս, օգտագործէք գիտելիք եւ մարդկային որակներ ձեռք բերելու համար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։