Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՅԱՐԱՏԵՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիա-Իրաք առանցքին վրայ աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ստացած նոր թափի պայմաններուն ներքեւ։ Անգարայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս շրջանին իրերայաջորդ կ՚այցելեն Պաղտատ։ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալընի մօտաւոր անցեալի այցելութիւններէն վերջ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր շփումներ ունեցաւ Իրաքի ղեկավարութեան հետ՝ ընկերակցութեամբ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաքի։ Պաղտատի մէջ անոնք ընդունուեցան Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիա էլ Սուտանիի հետ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական նիւթն էր ՓՔՔ կազմակերպութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024