ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱՊԱԳԱՅԻ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ

Արաբ քաղաքացիին եւ արաբական լրատուական գործակալութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան երեսուն տարիներէն ետք, գիտենք թէ երբ այս գործակալութիւնները յանկարծ հարցի մը վրայ կեդրոնանան ու ու իրենց բոլոր ուշադրութեամբ աջակցին այդ հարցին՝ թերթերով, պարբերականներով, ճառերով, հանդէսներով, երգիչներով ու երգչուհիներով, այդ կը նշանակէ, թէ շուտով ողորմի պէտք է կարդանք այդ հարցին վրայ:

Օրինակ, ես, առանց երկմտելու կամ զրուցելու, այս գործակալութիւնները միայն ազատութեան հարցին վրայ յանկարծ կեդրոնանան, որով նախապէս հողաթափս ու գիշերանոցս կը պատրաստեմ, իսկ մազերս ալ ամբողջութեամբ կը կտրեմ:

Երբ ընկերվարութեան մասին կեդրոնանայ, անմիջապէս կը շտապեմ դէպի սառնարանս եւ կը ստուգեմ զայն պնակ առ պնակ, հաւկիթ առ հաւկիթ, որովհետեւ այդ [կեդրոնացումին] իմաստը այն է, որ մարդիկ շուտով պիտի սկսին զիրար ուտել:

Իսկ երբ յաղթանակի, ազատագրութեան եւ սրբավայրերը վերադարձնելու վրայ սկսին կեդրոնանալ, պայուսակներս կը պատրաստեմ ու կը պատրաստուիմ մօտ օրէն ընտանիքիս հետ միասին Վատիկանի կամուրջներէն մէկուն տակ մնալու, որովհետեւ այդ [կեդրոնացումին] իմաստը այն է, որ արաբական այդ հողէն կտոր մը եւս պիտի թռի:

Եւ հիմա, ալ-Պասրայի1 աւերումէն ետք, Արաբական աշխարհի արեւելքին ու արեւմուտքին մէջ գտնուող այդ գործակալութիւնները յանկարծ սկսան զբաղիլ արաբական միութեան խնդիրով, այն պատճառաբանութեամբ թէ այդ կտրուկ պատասխան մըն է ամերիկեան կայսերապաշտութեան՝ տարածաշրջանէն ներս առաջարկած մասնատումի եւ պառակտումի նոր նախագիծերուն: Այդ կը նշանակէ, թէ Արաբական երկիրներու թիւը 22-էն պիտի բարձրանայ 42-ի, այսինքն՝ Ամերիկայի նահանգներուն թիւով:

Անցնող երեսուն տարիներուն ի՞նչ ըրաւ արաբ քաղաքացին իր ղեկավարներուն, որպէսզի այսպիսի վարուելակերպի արժանանայ:

Իր զաւակները տուաւ անոնց՝ պատրեազմներու համար:

Ծերերը՝ պաղատելու համար:

Կիները՝ ողբալու համար:

Իր պատերը՝ պաստառներու համար:

Իր պատառը՝ ճակերոյթներուն եւ համագումարներուն համար:

Իր պատշգամներն ու ոտքի տեղերը՝ փառատօններու եւ ելոյթներու համար:

Անոնցմէ մէ՛կ տեսակի ազատութիւն ուզեց միայն, որ քաղաքակրթուած ամենէն պարզ երկիրներուն մէջ ծանօթ է: Սակայն, անոնք իրեն քսան տեսակի ազատութիւն տուին, որ իր նմանը չունի, ո՛չ քաղաքակրթուած երկիրներուն եւ ո՛չ ալ վայրենի երկիրներուն մէջ:

Անոնցմէ մէ՛կ տեսակի ընկերվարութիւն ուզեց, որ կը կիրառուի ընկերվարական բոլոլ երկիրներէն ներս: Սակայն, անոնք իրենց յիսուն տեսակի ընկերվարութիւն տուին, բացի անկէ որ կը կիրառուի ընկերվարական երկիրներուն մէջ:

1949-ին անոր եօթ երկիրներ տուաւ, որպէսզի միացնէ զանոնք, սակայն, անոնք երեսուն տարի ետք 22 երկիր տուին, որ 22 Պիզմարք2 չի՛ կրնար միացնել այդ երկիրներուն մէջ եղող երթեւկութեան կանոնները:

Երեսուն տարի առաջ նաեւ անոնց տուաւ շատ թեթեւ եւ պարզ խնդիր մը, որ բազմաթիւ երկիրներ ու ժողովուրդներ այն ատեն կը փափաքէին իրենք եւս այդպիսի խնդիր մը ունենային: Այդ խնդիրը՝ Պաղեստինի խնդիրն է: Ատոր վրայ անոնք տուին իրեն՝

Լումումպայի3 խնդիրը: Ալ-Մալքիի4 խնդիրը: Ֆարաճ Ալլահ ալ-Հլուիի5 խնդիրը: Ալ-Շաուաֆի6 խնդիրը: Ալ-Պարազանիի7 խնդիրը: Պըն Պարքայի8 խնդիրը: Պըն Պելայի9 խնդիրը: Պըն Աշուրի10 խնդիրը: Ապըտ ալ-Հաքիմի Ամէրի11 խնդիրը: Պրլանթի Ապըտ ալ-Համիտի12 խնդիրը: Ալի Սապրիի13 խնդիրը: Ապըտ ալ-Նասէրի գանձատուփի խնդիրը14: Մուսա ալ-Սատըրի15 խնդիրը: Ճումպլաթի16 խնդիրը: Սաատ Հատատի17 խնդիրը: Ահմատ ալ-Խաթիպի18 խնդիրը: Ալ-Խամէյնիի19 խնդիրը: Ի վերջոյ ալ-Սատաթի20 խնդիրը:

Ի՞նչ բանի համբերէ այլեւս այս [արաբ] մարդը:

Այսինքն, արաբ քաղաքացին քնանայ հին մտահոգութեան մը վրայ: Այս մէկը կարելի չէ: Ասիկա բան մըն է, որ չեն ընդունիր ո՛չ արաբական իշխանութիւնները, ո՛չ Չմիացուած երկիրներու շարժումը (Non-Aligned Movement, NAM) ո՛չ Ասիական-ափրիկեան միաւորման կազմակերպութիւնը, ո՛չ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը:

Պահանջուածը՝ ամէն օր նոր մտահոգութիւն մը: Ինչպէս նաեւ, քաղաքացին գիշերը տուն վերադառնայ, առանց իր ընտանիքին եւ զաւակներուն նոր ուտելիք մը կամ նոր հագուստներ բերած, այլ՝ նոր խնդիր մը:

Գովազդները կ՚ըսեն, թէ Օրիս (Oris) ժամացոյցը որ կրնայ ցնցումներուն դիմանալ, ապագայի ժամացոյցն է: Կ՚երդնում, թէ հազար հատ Օրիս ժամացոյց, երեք տարուան մէջ չե՛ն դիմանար այն բոլոր ցնցումներուն, որոնց արաբ քաղաքացին կը դիմանայ երեք վայրկեանուան ընթացքին: Հետեւաբար, ան կարիքն ունի կաշիէ գօտիի մը՝ գլուխէն ու ոտքերէն, որպէսզի օդաչուներն ու գործարարները փաթթեն իրենց դաստակներուն շուրջ, նկատի ունենալով, որ միայն ի՛նքն է ապագայի ժամացոյցը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

Վաղարշապատ


1 Իրաքի հարաւը գտնուող քաղաք, Արաբական Ծովեզերք (Շաթ ալ-Արապ) գետի արեւմտեան ափին: Պասրա նահանգի վարչական եւ քաղաքական կեդրոնն է: Պասրան կառուցած է Աթապա Պըն Ղազուանը, ալ-Ռաշիտի խալիֆաներու տիրապետութեան շրջանին: Առաջին իսլամական քաղաքն է, որ կառուցուած է Արաբական թերակղզիէն դուրս: Ըստ 2021-ի տուեալներուն, Պասրա քաղաքի բնակչութեան թիւը եղած է 3.142.449 բնակիչ: Պասրան Իրաքի գլխաւոր նաւահանգիստը կը համարուի: 2017-ին Իրաքի խորհրդարանը Պասրան ճանչցաւ որպէս Իրաքի տնտեսական մայրաքաղաք:

2 Օթթօ Ֆոն Պիզմարք (1 ապրիլ 1815-30 յուլիս 1898): Գերմանական կայսրութեան առաջին դիւանադպիրը: Նշանաւոր պետական գործիչ եւ դիւանագէտ, որ եղած է երկրի միաւորման գլխաւոր դերակատարը: Ան գերմանական միասնական պետութիւնը ամէն ինչէ վեր համարած է:

3 Փաթրիս Լումումպա (2 յուլիս 1925- 17 յունուար 1961): Քոնկոյի Հանրապետութեան ազատագրական շարժումի գործիչ: Մասնագիտութեամբ լրագրող եղած է: 1960-ի յունիսէն եղած է Քոնկոյի Հանրապետութեան վարչապետ: Նոյն տարուան սեպտեմբերին հեռացուցած են զինք իշխանութենէն, ձերբակալած ու բանտարկած: 1961-ին սպաննուած է: 1966-ին հռչակուած է որպէս ազգային հերոս:

4 Ապըտ Ալլահ ալ-Մալքի (ծնած է 1971-ին: Մինչ օրս կ՚ապրի): Սուրիացի-գանատացի երկրաչափ: Երկու տարի բանտարկուած ու խոշտանգուած է սուրիական կառավարութեան բանտերէն մէկուն մէջ, ինչ բանէ ետք նշանաւոր դարձած է: Բանտարկուելու պատճառը եղած է այն, որ կարգ մը անյայտ գանատացի պետական գործիչներ որոշակի թուղթեր կեղծած են ալ-Մալքիի մասին, որով մեղադրած են զինք, թէ ահաբեկչական վտանգ կը սպառնայ Սուրիոյ եւ այլ պետութիւններու համար: Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, վերադարձած է Գանատա, ուր կ՚ապրի մինչեւ այսօր: 2017-ին Գանատայի պետութիւնը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է ալ-Մալքիէն եւ իր ընտանիքէն:

5 Ֆարաճ Ալլահ ալ-Հլու (1906-1959): Լիբանանցի: Անդամ եղած է Սուրիական-լիբանանեան Համայնավար կուսակցութեան: Վերջինիս ամենէն գործունեայ անդամներէն մէկը եղած է: Իր ազդեցիկ գործունէութեան շնորհիւ սուրիացի եւ լիբանանցի համայնավարներուն համար խորհրդանիշի վերածուած է: Դամասկոսի մէջ գաղտնի գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալուած է, բանտարկուած: Բանտին մէջ ահագին չարչարած են զինք, ինչի հետեւանքով մահացած է: Զինք սպաննելէ ետք անոր մարմինը թթուով (acid) հալեցուցած են: Նահատակութենէն ետք բազմաթիւ երգեր, բանաստեղծութիւններ ու գրութիւններ նուիրուած են անոր: Լիբանանի մէջ իր յիշատակին արձան մը կանգնեցուցած են, որ ռուս արուեստագէտ՝ Լեւ Ալեքսանտրովի ձեռագործը եղած է:

6 Ապըտ ալ-Ուահապ ալ-Շաուաֆ (1916-1959): Իրաքցի հրամանատար: Գլխաւորած է Ապըտ ալ-Քարիմ Քասէմի դէմ ապստամբութիւնը, որ կոչուած է իր անունով՝ ալ-Շաուաֆի յեղափոխութիւնը, կամ ալ-Շաուաֆի յեղաշրջումը: Այդ յեղափոխութեան ընթացքին ալ, յաջորդ օրն իսկ՝ 9 մարտ 1959-ին նահատակուած է:

7 Մուսթաֆա Մուհամմատ Ապը ալ-Սալամ Ապը Ալլահ ալ-Պարազանի (1903-1979): Քիւրտ առաջնորդ եւ հրամանատար: Ժամանակակից քրտական քաղաքականութեան ամենէն ակնառու քաղաքական գործիչներէն մէկը եղած է: 1946-ին քիւրտ դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած է, ղեկավարելու համար Իրաքի թագաւորութեան դէմ կատարուելիք յեղափոխութիւնը, որու ղեկավարը եղած է մինչեւ իր մահը՝ 1979-ը: Ան գլխաւորած է ո՛չ միայն Իրաքի, այլեւ Իրանի դէմ կատարուած քրտական բոլոր ապստամբական արշաւները:

8 Մըհտի Պըն Պարքա (1920 - անհետացած է 29 հոկտեմբեր 1965-ին): Մարոքցի ազգայնական գործիչ, քաղաքագէտ, յեղափոխական, կայսերապաշտութեան հակառակորդ: Եղած է ֆրանսական կայսերապաշտութեան եւ Հասան Բ. թագաւորի հակառակորդը: 1965-ին անհետացած է Փարիզի մէջ:

9 Ահմատ Պըն Պելա (25 դեկտեմբեր 1916-11 ապրիլ 2012): Պայքարած է երկիրը ազատագրելու համար ֆրանսական տիրապետութենէն: 27 սեպտեմբեր 1962-15 սեպտեմբեր 1963 հատուածին եղած է Ալժերի վարչապետ: Անկախութենէն ետք Ալժիրի առաջին նախագահը եղած է (15 սեպտեմբեր 1963-19 յունիս 1965):

10 Մուհամմատ ալ-Թահէր Ըպըն Աշուր (1879-1973): Թունուսցի գրող՝ իսլամական կրթութեան եւ իրաւագիտութեան բարեփոխման մէջ: Իսլամ նշանաւոր ընկերաբան: Որոշ ժամանակ Թունուսի շէյխ ալ-Իսլամը եղած է: Ալ Զէյթունէ մզկիթի իմամը եղած է: Իսլամական աշխարհի մէջ ամենէն կարճ քարոզը ինք խօսած է, երբ օր մը քարոզի ժամանակ ըսած. «Շուկային մէջ կիներ կը բողոքեն ինծի». ոչ ոք ձայն հանած է: Դարձեալ ըսած է. «Շուկային մէջ կիներ կը բողոքեն ինծի»: Դարձեալ ոչ ոք պատասխանած է: Ապա ըսած է. «Ձեր աղօթքները օգուտ չունին, այնքան ատեն որ ձեր կիները մերկ են», եւ շարունակած է աղօթքը:

11 Ապըտ ալ-Հաքիմ Ամէր (11 դեկտեմբեր 1919-13 սեպտեմբեր 1967): Եգիպտացի քաղաքական գործիչ: 1952 թուականի յուլիսեան յեղափոխութեան ամենէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը: Շատ մտերիմ եղած է Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրին: 1954-1967 տարիներուն եղած է Եգիպտոսի բանակի հրամանատար եւ պաշտպանութեան նախարար: Կ՚ըսուի, թէ թունաւորումի պատճառով մահացած է:

12 Նաֆիսէ Ապըտ ալ-Համիտ: Ծնած է 20 նոյեմբեր 1935-ին, մահացած՝ 1 դեկտեմբեր 2010-ին: Եգիպտացի դերասանուհի: Եղած է Ապըտ ալ-Հաքիմ Ամէրի կինը: Երկու գիրք հեղինակած է. «Մարշալն ու ես». «Ճամբաս դէպի ճակատագիրս՝ դէպի Ամէր»:

13 Ծնած է 1920-ին, մահացած՝ 3 օգոստոս 1991-ին: Եգիպտացի բանակային հրամանատար եւ քաղաքագէտ: Վարած է մի քանի բարձր պաշտօններ: Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրի եւ Անուար ալ-Սատաթի գահակալութեան տարիներուն, եղած է Եգիպտոսի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ:

14 1971-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրի մահանալէն ետք, անոր գանձատուփի մէջէն գողցուած փաստաթուղթերու մասին է, որու մասին յայտարարած է նախագահ Անուար ալ-Սատաթը, 20 մայիս 1970-ին:

15 Մուսա Սատըր ալ-Տին ալ-Սատըր: Ծնած է 4 յունիս 1928-ին, անհետացած է 31 օգոստոս 1978-ին: Ծնած է Իրանի մէջ: Լիբանանի մէջ եղած է քաղաքական առաջնորդ եւ կրօնաւոր, ով հիմնադիրը եղած է Ամալ շարժումին:

16 Քամալ Ֆուատ Ճումպլաթ (6 դեկտեմբեր 1917-16 մարտ 1977): Լիբանանի մտաւորական, փիլիսփայ եւ քաղաքական գործիչ, ով Պաղեստինեան դատի ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է: Լիբանանի մէջ ապրող տուրզիներուն ղեկավար-առաջնորդը եղած է, ով հիմնած է Լիբանանի Յառաջդիմական սոցիալիստական կուսակցութիւնը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ազգային շարժումին ղեկավարութիւնը ստանձնած է: Ահաբեկչութեան գործողութեան զոհ գացած է 16 մարտ 1977-ին:

17 Ծնած է 1936-ին, մահացած է 14 յունուար 1984-ին: Լիբանանցի սպա, ով լիբանանեան բանակին մէջ հազարապետ եղած է: Իսրայէլի «Մոսատ»ին հետ գործակցած է, պայքարելու Պաղեստինի գոյութեան դէմ: 19 ապրիլ 1979-ին յայտարած է Լիբանանի անկախ պետութեան մասին, որ ամբողջութեամբ Իսրայէլի ենթակայութեան տակ էր: Սապրայի եւ Շաթիլայի մէջ իրագործուած որճրագործութիւններուն մէջ, մեծ դեր ունեցած են իր համակիրները:

18 Ահմատ Մուհամմատ ալ-Խաթիպ (1927-6 մարտ 2022): Քուէյթցի ազգային, քաղաքական գործիչ եւ բժիշկ: Քուէյթի Սահմանդրութեան հեղինակներէն մէկը եղած է: Քուէյթի ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին բժշկական կոչում ստացողը եղած է: 1952-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս ուսանած ժամանակ, խումբ մը համախոհ ուսանողներու հետ, հիմնած է Արաբական ազգայնական շարժումը:

19 Րուհ Ալլահ Պըն Մուսթաֆա Պըն Ահմատ ալ-Մուսաուի ալ-Խամէյնի (24 սեպտեմբեր 1902-3 յունիս 1989): Իրանցի շիի կրօնաւոր, փիլիսոփայ, գրող եւ քաղաքական գործիչ: 1979-ին եղած է հիմնադիրը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդը:

20 Մուհամմատ Անուար ալ-Սատաթ (25 դեկտեմբեր 1918-6 հոկտեմբեր 1981): Եգիպտացի քաղաքական եւ զինուորական գործիչ: Եղած է Եգիպտոսի նախագահ 15 հոկտեմբեր 1970-էն մինչեւ ծայրայեղ զինուորականներու ձեռքով իր սպանութիւնը՝ 6 հոկտեմբեր 1981-ին: Յուլիսեան յեղափոխութեան ընթացքին, ալ-Ֆարուք թագաւորը տապալողներու գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղած է: 1978-ին, Սատաթը Իսրայէլի վարչապետ՝ Մենախիմ Պէկինի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքած է, Ամերիկայի նախագահ՝ Ճիմի Քարթըրի միջնորդութեամբ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024