ԱՆՓՈՓՈԽ ԵՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուի հրադադարի դրութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, ամերիկեան կողմը կը փափաքի, որ կողմերը բանակցութեան ու երկխօսութեան ճանապարհով հասնին հակամարտութեան կարգաւորման։
Ինչպէս ծանօթ է, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խաղերու աւարտելէն վերջ Ատրպէյճան կրկին իրավիճակը կ՚ապակայունացնէ եւ հրադադարի դրութիւնը կը խախտէ թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ։ Թէ ինչպէս կը գնահատէ Ճէյմս Ուորլիք այս հանգամանքը։ Այս կապակցութեամբ ամերիկացի դիւանագէտը գործակալութեան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ բազմիցս կոչ ուղղած է կողմերուն՝ որպէսզի հրադադարի դրութեան պահպանման համար ձեռնարկեն բոլոր միջոցներուն։ Սա այն կոչն է, որ համանախագահները ուղղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ իրենց վերջին տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին։ «Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը զսպուածութիւն պիտի ցուցաբերեն, ինչպէս որ եղած է վերջին ամիսներուն, ինչ որ միայն պիտի նպաստէ խնդիրը վերջնական լուծման տանելու ջանքերուն։ Եթէ կողմերը իսկապէս կը փափաքին բանակցութիւններու ճանապարհով կարգաւորման հասնիլ, ապա անոնք պէտք է նուազեցնեն լարուածութիւնը թէ՛ շփման գծին եւ թէ սահմանին վրայ», ըսաւ Ճէյմս Ուորլիք։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս աշխատանք կը տանին նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զաքիր Հասանովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ շփման գծի իրավիճակին։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին կատարուած վերջին դիտարկումներու արդիւնքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ։