ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակը կ՚արժեւորուի յոբելենական փայլուն ձեռնարկներով։ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ վերջին օրերուն այս առթիւ կազմակերպուած համերգը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Մաէսթրոյին ի պատիւ հանդէս եկան Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբն ու Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը։

Յայտագրին մէջ բաժին ունէին նաեւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբն ու այլ սիրուած մենակատարներ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։

«Կողբ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգը, որու յայտագրին մաս կազմեցին մաէսթրոյին զանազան ստեղծագործութիւնները. ինչպէս՝ «Զուգահեռ երգեր», «Քաւարան», «Տարուայ եղանակներ»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան մէջբերեց Կոստան Զարեանի խօսքերը, ըստ որոնց հայերը երկու հսկայ աշխարհներու՝ մշակութային արեւելքի եւ քաղաքակիրթ արեւմուտքի միջեւ ինչպէ՛ս կարողացած են իրականացնել իրենց պատմական առաքելութիւնը։ «Կը կարծենք՝ ոչ թէ պէտք է հակադրել արեւելքն ու արեւմուտքը, մշակոյթը կամ քաղաքակրթութիւնը, այլ ճիշդ հակառակը՝ մենք պէտք է փորձենք համադրել զանոնք, ինչպէս ըրած է Կոմիտասը, որու երաժշտութիւնը լսելու ժամանակ կը դժուարանաս ըսել արեւմտեա՞ն է, թէ արեւելեան», ըսաւ Արման Բարսեղեան եւ խոստովանեցաւ, որ նոյն հարցը իր մօտ կը ծագի, երբ կ՚ունկնդրէ Տիգրան Մանսուրեանի յօրինումներուն։

Խորապէս յուզուած ու տպաւորուած, Տիգրան Մանսուրեանն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը, որ ընկալուեցաւ բուռն ծափողջոյններով, որոնք կը վկայէին ունկնդիրներու համոզումը, թէ վարպետին երաժշտութիւնը հասանելի է ամբողջ աշխարհին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024