ՄԻՇԷԼ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱԼԻԵՒԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ երէկ շնորհաւորեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ 5-րդ անգամ վերընտրուեցաւ։ Այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Շարլ Միշէլ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը։ «Առարկայական քննարկումներ ունեցանք նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման վերաբերեալ։ Կ՚ողջունեմ Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ վերսկսելու Պրիւքսէլի գործընթացի շրջանակէն ներս եռակողմանի հանդիպումը՝ հասնելու կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի», նշուած էր Շարլ Միշէլի գրառման մէջ։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին եւս երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը համոզուած է, թէ Մոսկուայի դերակատարութիւնը այլընտրանք չունի Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Արդարեւ, այդ դերակատարութիւնը շատ մեծ է ու բացառիկ։ Փոխ-նախարարը յիշեցուց, որ Քրեմլինի հովանաւորութեան ներքեւ մշակուած են Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւնները՝ կարգաւորման գործընթացի ապագայ քայլերուն շուրջ։
Մինչ այդ, Միխայիլ Կալուզին երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ։