ԹԱՐԱՊԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ տեսակցեցաւ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամէտովի հետ։ Էրտողան Թարապիոյ ապարանքին մէջ հիւրընկալեց իր թիւրքեմն պաշտօնակիցը, որ Թուրքիա եկած էր աշխատանքային այցելութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու նախագահները աշխատանքային ճաշասեղանի մը շուրջ զրուցեցին մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ։ Անոնք քննարկեցին տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ մշակոյթի բնագաւառներու գլխաւորութեամբ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։
Առանձնազրոյցէն վերջ երկու նախագահները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Այս հանգրուանն ալ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Շօշափուեցան այն նիւթերը, որոնք մաս կը կազմեն Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համատեղ օրակարգին։ Բանակցութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Թանէր Եըլտըզ, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպեքճի, Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, թէ՛ նախագահներու առանձնազրոյցին եւ թէ պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն ընթացքին ընդգծուեցաւ, թէ կողմերը վճռական են երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց Թիւրքմենիստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող թրքական ընկերութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութեան եւ անոնց նկատմամբ տածուած վստահութեան համար։ Իր կարգին, Պերտիմուհամէտովն ալ վերահաստատեց, թէ Թիւրքմենիստան որոշած է որպէս գործընկեր երկիր մասնակցութիւն բերել Իզմիրի 84-րդ միջազգային տօնավաճառին։
Երկու նախագահները ուշադրութիւն հրաւիրեցին այն հանգամանքին վրայ, թէ ուժանիւթի բնագաւառը երկկողմանի յարաբերութիւններու ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մին է։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն մշակութային ծրագրերուն, որոնց միասնաբար ձեռնարկած են երկու երկիրները։
Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման զուգահեռ կանոնաւոր պարբերութեամբ կ՚իրականացուին նաեւ բարձր մակարդակով այցելութիւններ, որոնք խթան կը հանդիսանան համագործակցութեան զարգացման թափին։ Ուժանիւթի բնագաւառը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս ամբողջին մէջ, որովհետեւ Անգարա Միջին Ասիայէն դէպի Եւրոպա տարանցումներու համար կը ձգտի օգտուիլ Աշխապատի հնարաւորութիւններէն։