ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի հետ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին հանդիպումն էր իր ֆրանսացի նորանշանակ պաշտօնակցին հետ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան բազմաբնոյթ խնդիրներ։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Ֆրանսայի կողմէ ցուցադրուած ուշադրութեան՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման նկատմամբ։ Նախարարներու քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանօրէն քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու լայն շրջանակ՝ անդրադառնալով թէ՛ երկկողմանի եւ թէ՛ բազմակողմանի հարթակներու վրայ սերտ համագործակցութեան հեռանկարներուն։ Նախարարները կարծիքի փոխանակում ունեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգի շուրջ։ Միրզոյեան շեշտեց ԵՄ-ի հետ խորացող երկխօսութիւնը, որ կը զարգանայ նաեւ նոր ուղղութիւններով՝ միտուած Հայաստանի քաղաքացիներու համար շօշափելի արդիւնքներու ապահովման։
Մանրամասն քննարկուած են Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Միրզոյեան ֆրանսացի գործընկերոջ ներկայացուց տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման հարցով Հայաստանի տեսլականը: Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս առանցքային սկզբունքները, մասնաւորապէս տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան, ինքնիշխանութեան անվերապահ յարգման կարեւորութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ սահմանազատման ապագայ գործընթացը Ալմա-Աթայի հռչակագրի ու Խորհրդային Միութեան ամենաթարմ ու օրինական քարտէսներու հիման վրայ իրականացնելու համար առաւել յստակութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան։