«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի դարա­ւան­դին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր «Հայ­ճար»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօֆ, որ ող­ջու­նեց ձեռ­նար­կին կո­կիկ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յա­ցուց ե­րե­կոյ­թի ա­տե­նա­խօ­սը՝ շի­նա­րա­րու­թեան ճար­տա­րա­գէտ Մու­րատ Տու­վար­ճըն։

Ա­ւե­լի վերջ Մու­րատ Տու­վար­ճը հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց քա­ղաք­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման (Kentsel dönüşüm) նիւ­թին շուրջ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս երկ­րա­շար­ժի դէմ դի­մադ­րու­կա­նու­թեան ա­ռանց­քին շուրջ մեկ­նա­բա­նեց հար­ցը եւ մաս­նա­գի­տա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր մատ­նան­շեց նաեւ պե­տու­թեան վի­ճա­կած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Իր ե­լոյ­թի ա­ւար­տին Մու­րատ Տու­վար­ճը պա­տաս­խա­նեց նաեւ ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ի­րեն ուղ­ղուած շարք մը հար­ցում­նե­րուն։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015