ՓՆՋԻԿ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ

Երիտասարդութեան տարիներուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբաններէն Եղիշէ Եպսկ. Չիլինկիրեան հաւաքած է բարոյական առածներու փունջ մը, որոնք 1928 թուականին հրատարակուած են առանձին գիրքով: Ընդհանրապէս, բեղուն եւ բազմարդիւն գրիչ ունեցած է Եղիշէ Եպսկ. Չիլինկիրեան, շարադրած է յուշեր, արձագանգներ, օրագիրներ, կազմած է «Վանականին տարեգիրքը», զանազան անձանց պաշտօնագրերու եւ նամակներու հիման վրայ գրած է գիրքեր, Բաղէշի իր առաջնորդութենէն յիշատակներ տպած է, նոթեր առած է Դամասկոսէն, Պոլիսէն, Երուսաղէմէն եւ այդ բոլորը զանազան տարիներու ընթացքին հրատարակած: Հետաքրքրական են իր մտածումները՝ մանաւանդ մարդկային յարաբերութիւններու, այր-կին կապի եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ կնոջ եւ սիրոյ դերին մասին: Իր հրատարակութիւններէն կը քաղենք ուշագրաւ դրուագներ։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

- Գործի մը ձեռնարկած ժամանակդ որչափ առատ դրամ ունենաս, նոյնչափ նուազ հարստութեամբ գործէ պիտի քաշուիս:

- Աշխատասիրութեամբդ շահուած դրամը աւելի փայլուն է՝ քան այն, զոր ծնողացդ գրպաններուն մէջ պիտի գտնես:

- Համեստ նախաճաշը երեկոյեան ճաշի ախորժակ կու տայ:

- Ներկայ դժբախտութիւնդ ապագայ երջանկութեան ուղին է:

- Չորս դահեկանով գործի ձեռնարկողը չորս հարիւր ոսկի արժողութիւն ունեցող կառքով երթեւեկելու հիմնադրութիւնը կ՚ընէ:

- Կեանքը ծովու ջրոյն պէս դէպի երկինք ելլելով միայն կ՚անուշնայ:

- Քեզ շրջապատող պարագաներէ մի գանգատիր, որովհետեւ ախոռի մէջ ծնած ըլլալդ պատճառ չէ, թէ դուն ալ ձի կամ կով կ՚ըլլաս:

- Ով որ սիրահարի իւր կոչման եւ խնայէ, կը զարգանայ, իսկ ո՛վ որ դժգոհ եւ ծոյլ աշխատի, կը սնանկանայ:

ԾԱՂԿԱՔԱՂ

- Ժամանակդ անխնայ մի վատներ, վասն զի կենացդ կտաւն անով հիւսուած է:

- Ծուլութիւնը այնչափ կը քալէ, որ աղքատութիւնը շուտ կը հասնի ետեւէն:

- Զուարճութիւնը իրմէ փախչողին ետեւէն կը վազէ:

- Խենթութիւն է ստակ վատնել՝ զղջում գնելու համար:

- Հպարտին նախաճաշիկն առատ է, ճաշը՝ աղքատ, ընթրիքը՝ ամօթով:

- Պարապ պարկին շիտակ կենալը շատ դժուար է:

- Խորհուրդ լսել չգիտցողը օգնութիւն չի կրնար գտնել:

ՇԻՒՂՔ ՈՒ ԳԵՐԱՆՔ

- Յիշեցէ՛ք, թէ՝ մեծ ծառերը իրենց պաշտպանել թուած բոյսերը կը չորցնեն երբեմն, անպտուղ կը թողուն յաճախ:

- Երբ կանանց աչերը դադրին նայելէ, իրենց ականջները կը ցցուին իսկոյն…

- Վիշտը ո՛րքան լռին, այնքան անկեղծ ու խորին է…

- Անպարտելի կինը զմայլելի է, անկեալ, պարտեալ կինը՝ արգահատելի, իսկ դատապարտեալ կինը՝ յար ատելի…

- Արուեստ մը կայ, յորում կը գերազանցեն կանայք. իրենց ամենէն աղէկ գիտցած բանը չհասկնալ ձեւացնելու արուեստն է այն…

- Պէտք չէ զարմանալ, եթէ անարգանք կը մոռցուին երբեմն, քանի որ երախտիք մի՜շտ կը մոռցուին:

- Հագուստը մարդուն յառաջաբանն է:

- Հարկ է բաժնուիլ երբեմն՝ յաւէտ սիրելու համար:

- Կ՚ըսեն, թէ գաւաթ մը գինին կը զօրացնէ զմարդ, կ՚ըսէր արբեալ մը: Մինչդեռ ես վաթսունէն աւելի խմեցի եւ զարմանալի՜ բան, չեմ կրնար ոտքի վրայ կենալ:

ԱՌԱԿ

Գիշեր ատեն, երբ մթութիւնը ամէն կողմ տարածուած էր, կոյր մը կը քայլէր լուսաւոր լապտեր մը ի ձեռին եւ ջրով սափոր մը ուսին վրայ: Անցորդ մը հանդիպելով հարցուց զարմանօք, թէ լապտերը ի՞նչ բանի օգուտ ունէր, քանի որ ամէն ինչ իրեն համար մութ էր:

-Ինձ համար չեմ գործածեր, պատասխանեց դժբախտը, այլ քեզի նման ապուշներուն համար, որպէսզի վազած ժամանակնին ինձ չբախին եւ սափորս չկոտրեն:

ԴԷՊՔ

Վոլթեր եւ Պիրօ ժամանակ մը պանդոկի մէջ անցուցին: Օր մը Պիրոն Վոլթերի սենեակին դրանը վրայ հետեւեալ բառը գրեց. «Խեղկատակ»: Վոլթեր զայս տեսնելուն պէս Պիրոյի սենեակը գնաց, որ զարմացաւ անոր անակնկալ այցելութեան վրայ, հարցուց. «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ այցելեցիք»:

-Պարո՛ն, պատասխանեց Վոլթեր, ձեր անունը դրանս վրայ տեսնելով ուզեցի այցելել ձեզ:

ՓՈՒՆՋ

- Կիները շատ անգամ անտարբեր կ՚ըլլան բարեկամութեան: Իրաւունք ունին, ըստ որում բարեկամութեան զգացումը անհամ եւ անախորժ կ՚երեւի արդէն սէրը զգացող կանանց:

- Մարդիկ միշտ չեն սիրեր այն կինը, զոր կը յարգեն, ընդհակառակն կանայք կը յարգեն միայն այն մարդերը, զորս կը սիրեն:

- Իւր սիրուհիին հետ կարգուիլը պատուական գինին դառնահամ քացախի փոխելն է:

- Կիներուն միտքը կը նմանի եդեմական պարտէզին, որ առանց մշակուելու խիստ գեղեցիկ պտուղներ կ՚արտաբերէ:

- Ընդհանրապէս դիտուած է, որ գիտուն բարեկամներ ունեցող կիները խելացի ու գիտուն եղած են:

- Կիներուն գրութեանց մէջ միշտ հազար ու մէկ քերականական եւ ուղղագրական սխալներ կան, բայց անոնց գրութեանց մէջ կայ նաեւ այնպիսի շնորհք ու հաճոյք մը, որ արական սեռին գրութեանց մէջ չեն նշմարուիր երբեք:

- Մարդս կ՚ըսէ, ինչ որ գիտէ, կինը կ՚ըսէ, ինչ որ հաճելի է: Առաջինը՝ խօսելու համար ծանօթութեանց հարկաւորութիւն ունի, երկրորդն ալ կիրթ ճաշակի: Խօսակցութեան իբր գլխաւոր նիւթ մարդս օգտակար եւ կինն ալ հաճելի խօսքեր ունենալու է:

- Կի՛նը միայն կրնայ ապրիլ եւ մեռնիլ սրտով:

- Աստուածները նուագելու կարողութիւն պարգեւեցին մարդոց, որպէսզի երաժշտութեամբ ասոնց կիրքը հանդարտի:

- Մարդերը կը հաստատեն օրէնքը, իսկ կիները բարքը կը կազմեն:

- Դէմքը սրտին հայելին է. աչքերը սրտին գաղտնիքը երեւան կը հանեն:

- Մի՛ զարներ կնոջ, նաեւ հարիւր յանցանք գործած ըլլայ, մի՛ զարներ կնոջ եւ ո՛չ իսկ ծաղիկով:

- Կին մը երբ իւր գեղեցկութիւնը իրեն համար կատարելութիւն կը համարի, ինքնին կը ծանուցանէ, թէ անկէ ուրիշ կատարելութիւն չունի:

- Սէրը սովորութիւն ըրած է համրացնել, որոնք որ աղէկ խօսիլ գիտեն:

- Կիները առանց բառ մը արտասանելու կը խօսին եւ անձնատուր կ՚ըլլան մերժելով ինչ որ կը խնդրուի իրենցմէ:

- Կեանքը ծաղիկ մ՚է եւ սէրը՝ ասոր մեղրը:

- Սէրը եւ առաքինութիւնը վսեմ խորհրդածութեանց հարկաւորութիւն ունին:

- Մտային զբօսանքը սրտին վիրաց սպեղանին է:

- Հաճելի ըլլալ, սիրել եւ տիրել, ահա կնոջ ամբողջ կեանքը:

- Գլխաւորաբար կանանց քով կը սորվինք քաղաքավարութիւնը, այն պատճառաւ որ կա՛մ անոնք բնականաբար քաղաքավար են եւ կա՛մ թէ անոնց հաճելի ըլլալու համար մեր միտքը կը վսեմանայ եւ կը զարդարի:

- Աստուած կիները ստեղծած է, որպէսզի անոնք մարդերու գազանութիւնը մեղմեն:

- Ինչպէ՞ս կարելի է քանի մը կին սիրել. մինչդեռ միայն մէկը կը բաւէ զմեզ ամէն տեսակ մարդկային թշուառութիւններու ենթարկելու համար:

- Կիները, աւելի աղէկ ստելու եւ խաբելու համար սորված են լալու արուեստը:

- Անկարելի է բարեկամ ըլլալ կնոջ մը, երբ կարելի է անոր սիրահարը ըլլալ:

- Սիրոյ իրական յատկութիւնն է զոհուիլ:

- Սէրը՝ եթէ մարի, կրնայ վերստին վառիլ, այլ երբ կը սպառի, երբեք չի կրնար վառիլ:

- Սիրելը ո՛չ այլ ինչ է, բայց եթէ խնդրել ուրիշէն՝ երջանկութիւն, զոր մարդս ինքնին չո՛ւնի:

- Կիներու սիրտը լուցկիի կը նմանի:

- Համեստ կոյսի մը սիրտը սիրոյ բողբոջը ունի, ինչպէս վարդի մը կոկոնը անոյշ հոտը կը պահէ:

- Այն կինը, որ շատ հոգ կը տանի իր զարդերուն եւ պաճոյճներուն, քիչ խնամք կը տանի իւր առաքինութեան եւ պատիւին:

- Թէ՛ կիներուն եւ թէ ծովերուն փոթորիկները տեսած եմ եւ կը խոստովանիմ, թէ սիրահարները աւելի ողորմելի են՝ քան նաւաստիները:

- Միմիայն իրենց էրիկը սիրող կիները աւելի հազուագիւտ են՝ քան թէ ծովուն յատակը եղած մարգարիտները:

- Մարդու մը ստուերը հարիւր կինէ աւելի արժէք ունի:

- Խենթ մը իր վրայ երբեք չի զարմանար, մինչ իսկ երբ խենթութիւն ալ ընէ:

- Մէկ օրը երեք օր կ՚արժէ այն մարդուն համար, որ ամէն բանը ժամանակին կ՚ընէ:

- Հեռադէտ եւ կանխապատրաստ մարդը կ՚ազատի յապագայ չարեաց:

- Ամենամեծ ստախօսը նոյնիսկ իր անձին վրայ խօսողն է:

- Կինը նման է մեր շուքին, ետեւէն վազես՝ կը փախչի, իրմէ փախչիս՝ ետեւէդ կու գայ:

- Անհաւատ մարդը ոճրագործ մը չէ, այլ՝ դժբախտ արարած մը:

- Եթէ սէրը կոյր է, ինչո՞ւ համար շատ անգամ մութ տեղուանք կը փնտռէ:

ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ

- Ա՜հ, եթէ սատանան կարենար սիրել, ան չար պիտի չըլլար. Սրբուհի Թերեզա։

- Մեռեալք անտեսանելի են, բայց բացակայ չեն. Հիւկօ։

- Իմաստուն մարդոց համար բաւ չէ բոլոր կեանքը՝ կարեւոր նիւթերու ձեռնարկելու համար. Պղատոն։

- Լաւագոյն կամ յոռեգոյն ըլլալը մենէ կախում ունի, բոլոր մնացածը Աստուծմէ կախում ունի. Ժուպէր։

- Իրենց հոգին չկրթողները հոգւոյն գեղեցիկ գործերուն անկարող են. Քսենոփոն։

- Ոչ մէկ մոլորութիւն կրնայ օգտակար ըլլալ, ինչպէս ոչ մէկ ճշմարտութիւն կրնայ վնասել. Տը Մեստրը։

- Միայն իմաստունը ազատ է. Զենոն։

- Դաստիարակութեան ետեւ մարդկութիւնը երջանկացնելու եւ կատարելագործելու գաղտնիքը կայ. Քանդ։

- Ամուսնութիւնը բնութեան մեր առջեւ լարած մէկ թակարդն է. Շոփենհաուր։

ԲԱՂԷՇԻ ՄԷՋ

Բաղէշի Վիճակին նախ տեղապահ ընտրուեցաւ եւ ապա առաջնորդ հաստատուեցաւ 1897-1901 թուականներուն: Պաշտօնավարութեանս քառամեայ շրջանին մէջ հետաքրքրական գլխաւոր դէպքերէն մաս մը պէտք զգացի գրի առնուլ եւ յօդուած առ յօդուած հրատարակութեան տալ…

1919, Երուսաղէմ

ՀԱՄԵՍՏԱՍՆՈՒՆԴՆ ՊԱՅԾԱՌ ՏԻԿԻՆ, ԱՄՈՒՍԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՎԱՀԱԳՆԱՍԻՐՏՆ ՍԻՄՈՆԻ

Տօնական առաւօտ մը, ըստ բնութեան պաշտամանս՝ երբ եկեղեցի կը գտնուէի, աւագերէցը ստիպողական խնդրոյ մը համար զիս առաջնորդարան հրաւիրեց: Ուստի հետեւեցաւ քահանային եւ առաջնորդարանին մէջ գտայ մանկամարդ տիկին մը՝ Պայծառ անունով, այրին՝ Դատվանայ դէպքին սպանեալ յեղափոխական Սիմոնի: Պայծառ մտաւորապէս զարգացեալ տիկին մըն էր, որ եկած էր յայտնելու իր անել դրութիւնը եւ դառն վիճակը, որով կ՚ուզէին փորձել զինքն եւ իրեն համեստութիւնը վտանգի տակ ձգել: Քաղաքին կառավարական գօմիսէրներու միւտիրը՝ Հիլմի պէյ ծպտեալ ոստիկաններով ամէն գիշեր կ՚երթայ եղեր անոր տնակին դրան առջեւ եւ մերթ ողոքով եւ մերթ սպառնալիքով կը պահանջէ դրան բացումը: Տիկինը շատ մը գիշերներ այս ճգնաժամային տագնապը անցնելէ վերջ մերձաւորներու խորհրդով կը դիմէ անգլիական Պ. Հիւպատոսին՝ Մր. Գրօյէի, եւ իրաց վիճակը պարզելով՝ անոր պաշտպանութիւնը կը խնդրէ՝ ի պահպանութիւն իւր պատուոյն եւ յազատութիւն ի բռնաբարութեան: Պ. Հիւպատոսը կը խոստանայ կուսակալ Էօմէր պէյի միջոցաւ տիկինը ազատել նեղութենէն, բայց դարձալ շարունակելի կը լինին միւտիրի ստիպումները, որով այլեւս ճարահատեալ եւ ամօթը մէկ կողմ դնելով եկած էր ան առաջնորդարանի պաշտպանութիւնը խնդրելու:

Յուսադրելով, որ տիկնոջ նեղութեան առաջքը կ՚առնում Աստուծով՝ ճամբեցի զայն, եւ նոյն օրը ներկայացայ Նորին Վսեմութեան կուսակալին եւ եղելութիւնը ցաւօք սրտի անոր պարզեցի, որ սաստիկ զայրոյթով մը լուտանքներ տեղաց գօմիսէր միւտիրի հասցէին եւ ինձ ուղղելով խօսքը ըսաւ. «Այս րոպէիս ամենախիստ տնօրէնութիւնը պիտի ընեմ միւտիրին նկատմամբ, այդ դժբախտ տիկնոջ պաշտպանը ես պիտի լինիմ այսուհետեւ, ուստի դուք պարբերաբար կրնաք կանչել յիշեալ տիկինը եւ հասկնալ վիճակը եւ ինձ իմացնել»:

Խորին շնորհակալութեամբ մեկնեցայ կուսակալին քովէն:

Եւ իրօք տիկնոջ պատիւը կատարելապէս փրկուած էր այնուհետեւ:

ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ԺԱՄԱԳՈՐԾ ՍԵԴՐԱՔԻ

1899 թուականին սկիզբները կը պատահէր ժամագործ Սեդրաքի աղիողորմ եւ սրտաճմլիկ սպանութեան դէպքը: Սոյն բարի անձը միայնակ կը բնակէր իւր տան մէջ եւ մէկ չունէր իրեն հետ ընկեր, եւ օր մը յանկարծ դաշունահար սպաննուած կը գտնուի իւր տան մէջ: Ոստիկանութիւնը սակայն իւր հետապնդութիւնները կատարելով շուտով հոտը առաւ եւ գտաւ հետքը, որով ձերբակալուեցաւ սպանելոյն քեռորդին՝ մսագործի աշակերտ Արշակը: Սա հարցաքննութեան միջոցին սպանութեան մեղսակից ցոյց տուաւ իրեն ազգական Տ. Մեսրոպ Քահանան, որ իբրեւ թէ անոր հետ գաղտնապէս միաբանած է եղեր սպաննել Սեդրաքը եւ տիրանալ անոր դրամական հարստութեան, եւ Տ. Մեսրոպ Քահանան՝ այս ամբաստանութեան վրայ ձերբակալուելով առաջնորդուեցաւ մահապարտներու բանտը:

Խնդրոյն պարագաները մանրամասնօրէն հասկցած ըլլալով եւ քահանային պարագայից կողմէն ալ Առաջնորդարան եղած թախանձագին աղաչանքներուն վրայ, դիմումներս շարունակեցի կուսակալի փոխանորդ եւ հրամանատար Ալի փաշային մօտ, որ հաճեցաւ սրտապնդել զիս եւ խոստանալ տասն եւ հինգ օրէն արձակել տալ զքահանայն եւ նոյն օրն իսկ Տ. Մեսրոպ, հանուելով մահապարտներու բանտէն, ոստիկանապետի պաշտօնատան մէկ սենեակ առաջնորդուեցաւ, ուր անարգել ամեն ոք կրնար երթալ եւ տեսնուիլ քահանային հետ:

Հազիւ անցած էր տասն եւ ութ օր, եւ ահա քահանան ոստիկանաց հարիւրապետի մը հետ Ալի փաշայի կողմէն ղրկուեցաւ Առաջնորդարան, որ անպարտ արձակուած էր դատարանէն:

Ասոր համար ջերմագին շնորհակալութիւն յայտնեցի նախ Ալի փաշային եւ յետոյ դատարանի գլխաւոր պաշտօնէից, որոնց մէջ՝ հայագէտ ընդհանուր դատախազ էֆէնտին շեշտելով ինձ հասկցուց, որ եթէ Ալի փաշային կողմէն իրեն ծանր սպառնալիք եղած չըլլար, Տ. Մեսրոպ Քահանան պատժական օրէնքի տրամադրութեան համեմատ առնուազն հինգ տարի բանտարկութեան վճիռ պիտի ստանար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024