ՊԱՐԶ ԵՒ ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ

Արուեստը՝ հոգիին զգացածներուն իւրայատուկ ոճով եւ գեղեցկագիտական ձեւերով արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի եւ կ՚առաջարկուի, թէ արուեստը պէտք է ըլլայ «պարզ» եւ «անբացատրելի՛»։

«Պարզ» կը բնորոշէ՝ բնականը, այն ինչ որ բնութենէն կը բխի. արուեստ, քանի որ կերպով մը բնութեան արտայայտութի՛ւնն է։

Իսկ «անբացատրելի»ն կ՚ենթադրէ այն՝ ինչ որ կարելի չէ մեկնել, պարզել բացայայտօրէն. ուրիշ խօսքով՝ այն ինչ որ լուսաբանութեան, մեկնաբանութեան կը կարօտի։ Եւ ո՜րքան հակասական է թէ՛ պարզ եւ թէ անբացատրելի ըլլալ. ահաւասի՛կ, այս է արուեստը։ Այն ինչ որ պարզ կերպով կը ներկայացուի՝ մեկնաբանութիւնը թողոլով նրբաճաշակ արուեստասէրներու։

Կան ըմբռնումներ, որոնք պարզ են, բայց յարաբերական, այսինքն՝ մարդէ մարդ կը փոխուին անոնց հասկացողութիւնը։

Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը։ Ո՞րն է գեղեցիկը։ Ո՞վ է գեղեցիկը։ Ի՞նչ է «գեղեցիկ»ին ստուգանիշը։

Պարզ է, կամ պարզ կը կարծուի պարզը մեկնաբանել այն ինչ որ բառ մըն է. «գեղեցկութիւն»ը։ Մարդիկ արդիւնքով կը դատեն գեղեցկութիւնը՝ բոլորովին նախապաշարումներու եւ կանխակալութիւններու ազդեցութեան տակ։ Իւրաքանչիւր անձ իր մտատիպարը ունի գեղեցկութեան ըմբռնումին։ Այդ մտատիպարին պատշաճող ամէն արժէք «գեղեցիկ» է։ Բայց մարդուն այս արժեւորումը մակերեսային է եւ խորք չունի, արտաքին տեսքին համեմատ է. իսկ Աստուած բազմակողմանի՝ խորքով եւ տարածութեամբ կը տեսնէ ամէն ինչ քանի որ Ան ամենատես է եւ Անոր արժեւորումը՝ բացարձակ եւ վճռակա՛ն։

Ուստի, մարդոց հարցումը սա է. «Ի՞նչ ունիս ցոյց տալու։ Իսկ Աստուած, կը հարցնէ. «Ի՞նչ ես»։ Ուստի չափանիշը տեսնուածը չէ՛, այլ՝ ի՛նչ ըլլալը։ Կամ, ըսենք, կարեւորը քանակը չէ՛, այլ՝ որակը։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ճոխութիւն, հարստութիւն տեսնել կ՚ուզեն գեղեցկութեան մէջ։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ արժէք մը կը դատեն եւ կը վճռեն անոր մասին իր արտաքինովը, իր տեսքովը. իսկ Աստուած՝ արժէքը իր եղածին պէս կը դատէ, կը վճռէ եւ դատաստանը կը հիմնէ արժէքին ամբողջութեանը վրայ՝ տեսնուածին ե՛ւ ներքինին, հոգիի վրայ, անկախաբար իր գործէն։ Այս իմաստով, «գեղեցիկ» է ան՝ որուն «հոգի»ն իր մերկանալէն ետք գեղեցի՛կ կը մնայ…

«Գեղեցիկ»ը միշտ գեղեցիկ է. այն՝ որ բացարձակ եւ պարզ գեղեցիկի մտատիպարին կը յարմարի։ Եւ այս կը նշանակէ՝ արդիւնքէն առաջ պատճառը նկատի ունենալ. այսինքն՝ իր ամբողջութեանը մէջ դատել եւ արժեւորել էութիւն մը։

Սա, անուրանալի եւ անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է, որ ամէն ինչ Աստուած է ստեղծած եւ Իր ստեղծած ամէն բան ի բնէ գեղեցիկ է, մարդուն կը վերաբերի այդ բնածին գեղեցկութիւնը գտնել եւ ներկայացնել հասարակաց բարիքին եւ հաճութեան։ Ա՛յս է ահաւասիկ արուեստին եւ արուեստագէտին սկզբնական պարտականութիւնը՝ երկնայինը երկրայինի վերածել…

Որովհետեւ.

«… Երբ երկինքները կը պատրաստէր, եւ անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր. ես հոն էի։ Երբ վերի ամպերը կ՚ուժովցնէր եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր երբ ծովուն կանոն կը դնէր, որպէսզի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն եւ երկրի հիմերը կը ձգէր, այն ատեն ես Անոր քով ճարտարապետ էի…». (ԱՌԱԿ. Ը 27-31)։

Արդարեւ, որեւէ գեղեցկութեան արժանիքը իր մէ՛ջն է եւ ոչ թէ իրմէ դուրս։

Ճշմարիտ «գեղեցիկ»ը բնական եւ պարզ է, որ գեղեցիկ ստեղծուած է եւ յաւիտենապէս գեղեցիկ կը մնայ, գեղեցկութեան մտատիպարին մէջ կ՚ապրի, կը մարմնանայ եւ Աստուծոյ շնորհքին մէջ կը մնայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024