ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստին։ Ուղեւորութեան օրերուն նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ այլ պաշտօնակիցներուն հետ։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը նախատեսուած է այսօր։ Բանակցութիւններուն մասնակից պատուիրակութիւնները կը գլխաւորեն՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ։ Հանդիպման օրակարգին վրայ ընդգրկուած է հարցերու լայն շրջանակ մը։ Այսպէս, կը քննարկուին Երեւան-Պրիւքսէլ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրառման ընթացքը՝ ներառեալ Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեփոխումներն ու անոնց արդիւնքները։ Կը դիտարկուին նաեւ զանազան ոլորտներէ ներս Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորացման հեռանկարները՝ հաշուի առնելով ներկայ առաջնահերթութիւններն ու առկայ մարտահրաւէրները։ Կը քննարկուին նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգային իրավիճակը եւ տարածաշրջանային բնոյթով այլ հարցեր։
Բանակցութիւններու աւարտին Արարատ Միրզոյեան եւ Ժոզէֆ Պորէլ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը, որ ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի Եւրոպական Միութեան կողմէ։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու գծով ընդհանուր տնօրէն Կերտ Եան Քուփմանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ապագայ յառաջմղման հնարաւորութիւնները։ Նախարարի երէկուան զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Եւրոխորհրդարանի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով կոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազօ։ Կողմերը հանգամանօրէն քննարկեցին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային հարցերը։