ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ. 2 ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Այսպէս, Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդի դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայկական բանակէն երկու զինուոր նահատակուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսած բախումները, ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, ժամը 09.30-ի դրութեամբ դադրեցան։ «Թաթոյեան» հիմնադրամի աղբիւրները հաղորդեցին, որ արդէն հայկական դիրքերը թիրախաւորուած են Ատրպէյճանի այն զօրքերուն կողմէ, որոնք ներթափանցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։ Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ քննադատաբար կը վերաբերուին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն։ Արդարեւ, նախարարութեան հաղորդագրութիւններուն մէջ չէ նշուած, որ հայկական կողմը համարժէք պատասխան տուած է։ Ընդդիմութեան հակուած լրատուամիջոցները կը հրապարակեն դիտարկումներ, ըստ որոնց նախարարութեան հաղորդումները ամբողջական պատկերը չեն ցոլացներ։

Պաքուի աղբիւրները երէկ պնդած էին, որ հայկական կողմը սահմանին վրայ խախտած է հրադադարը։ Այս առաւօտ ալ Ատրպէյճանէն հաղորդուեցաւ, որ վերջին գործողութիւնները եղած են այդ խախտումներուն հատուցումը։ Հայկական կողմը, բնականաբար, պաշտօնապէս, բոլոր հարթութիւններուն վրայ հերքած է, թէ իր զօրքերը խախտած են հրադադարը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրները երէկուան պնդումներուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեցին այն հանգամանքին վրայ, թէ հայկական զօրքերը հրադադարի խախտման գացած են այն կէտերէն, ուր Եւրոմիութեան դիտարկման առաքելութիւնը գործի գլուխ է։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024