ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ, ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ ԵՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։

«The Telegraph»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Այն յայտարարութիւնները, որոնք Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ անցեալ յունուարի սկիզբին կատարուեցան հեռուստատեսութիւններուն տրուած յայտարարութեան մէջ, ես նաեւ հրապարակային զանոնք գնահատած եմ՝ որպէս հարուած խաղաղութեան գործընթացին։ Բայց այդ հարուածը ինքն ուղղակի առանձին գործընթաց մը չէ եւ սա սկսած է առաջին անգամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումէն, երկրորդը պատահած է Կրանատայի հանդիպման մերժումով, ապա Պրիւքսէլի հանդիպման մերժումով եւ յետագայ հանդիպումներու մերժումներով»։ Հարցազրոյցին տեւողութեան ան յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։ «Նախորդ տարեվերջին մեզի կը թուէր, թէ մենք շատ մօտ ենք ի վերջոյ վերջնական պայմանագրի թեքստի համաձայնեցման», նշեց ան։

Բաց աստի, վարչապետին խօսքով՝ Ատրպէյճան ետքայլ կ՚ընէ իր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններէն։ «Եթէ ան չի ճանչնար իր ստորագրած որեւէ փաստաթուղթը, ապա այդ մասին պէտք է հրապարակայնօրէն ըսէ», աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան։ Ան աւելցուց նաեւ, որ եթէ Ատրպէյճան չի յարգեր իր իսկ կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթերը, ուրեմն ան կրնայ որեւէ երկրի վրայ յարձակում գործել։ Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան չի մերժեր Ռուսաստանի հետ անվտանգութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը, սակայն կ՚աշխատի յարաբերութիւններ հաստատել նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024