ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահքի երկրորդ օրն է:

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Վահրամ Աւագ Քահանայ Մելիքեանի պահքին ընդառաջ՝ «Լռութիւն» խորագիրը կրող գրութիւնը:

Խօսքի ազատութեան իրաւունքով, կը խնդրեմ, պարզապէս լռեցէ՛ք: Առջեւը Մեծ պահքն է: Պահքը ճիշդ առիթ է լռելու, կանգ առնելու եւ ներհայեցողութեան քննելու այն աւերը, որ կը հասցնենք մեր սրբազան հայրենիքին, մեր ինքնագիտակցութեան, ապագայի տեսլականին եւ ի վերջոյ՝ մենք մեզի: Պահքը առիթ է՝ լռութեան մէջ դիտարկելու մեր նախընթաց կեցութիւնը եւ փրկել այն՝ ինչ տակաւին ի սպառ չէ՛ կորսուած, սրբագրել ու ուղղել՝ յանուն ապագայի:

Առանց բացառութեան ոտքի կոխան ընելով ամէն ինչ, ամէն սրբութիւն ու արժէք արժէզրկելով, մակերեսային եւ պարզունակ դարձնելով մեր ազգի անցեալի ու ներկայի նուիրական մղումները եւ ձգտումները, մեր գոյութեան իրաւունքը վիճարկելով՝ ո՞ւր պիտի հասնինք:

Ի սէր Աստուծոյ, կանգնեցէ՛ք եւ գէթ որոշ ժամանակ մը լռեցէ՛ք: Այն ինչ կը տեսնենք՝ հոգեմտաւոր սպանդ է, գրեթէ ազգային ինքնասպանութիւն: Ճահիճ մը, որ իր մէջ յայտնուածին՝ բնաւ փրկութեան առիթ չի՛ տար: Նկատելի մրցավազքի մէջ ո՛չինչ եւ ո՛չ ոք կը փրկէք, [ընդհակառակը]՝ եղածն ալ կը կորսնցնէք: Մեր ժողովուրդը այդ մէկուն իրաւասութիւնը ո՛չ ոքի ընծայած է:

Սիրելիներ, մեր այսրոպէական յաղթանակները, ինչքա՜ն ալ թանկ ու գոհացուցիչ թուան մեզի, արժէք չունին, եւ յաջորդ վայրկեանին իսկ՝ պատեհ կամ անպատեհ, նոր ողբերգութեան կը վերափոխուին, նոր ցաւ եւ յուսալքութիւն կը պատճառեն:

Ի սէր Աստուծոյ, կանգնեցէ՛ք եւ համընդհանուր յորձանապտոյտին մէջ մի՛ իյնաք, ինչ բանը անկարելի կը դարձնէ մոլորեցուցիչ գաղափարական մէգին մէջ՝ ճշմարիտ ուղին նշմարել:

Պէտք է լռել, չհայհոյել, չայպանել, չվիրաւորել, չհպարտանալ, չվատաբանել, չպիտակաւորել, չզազրախօսել. այս բոլոր մե՛ղք են: Պէտք է պարզապէս լռել, հանդարտիլ ու այսպիսով ազգովի ատակ կ՚ըլլանք զատորոշելու այլ ձայներ, որոնք իսկ անձնական եւ հաւաքական վերընթացի ուղին կ՚ուղենշեն:

Ի վերջոյ, լոկ լռութեան մէջ կրնան լսել Աստուծոյ՝ Արդարութեան, Սրբութեան եւ Ճշմարտութեան ձայնը:

Լուռ մնալը եւս պահեցողութիւն է: Պէտք է կարենալ լռել, որպէսզի ատակ ըլլանք պատասխանատուութեամբ իրագործելու ապագայ յաղթութիւնները երաշխաւորող վեհ առաքելութիւնը՝ ազգային ցանքը, որպէսզի մեր տեսակի ցորեանը ըլլայ առողջ, ազնիւ, հասուն եւ բարեբեր:

Բարի պահեցողութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024