ՍԻՒՆԻՔԸ

Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Երկու տարիէ ի վեր Կապանի մէջ կը գործէ Իրանի հիւպատոսութիւնը: Թաւրիզի հայկական հիւպատոսութիւնը կ՚ընկալուի որպէս Կապանի Իրանի հիւպատոսութեան հաստատման համապատասխան կամ համարժէք քայլ:

Երկու պարագաներուն ալ ընտրուած վայրը ռազմավարական խոր նշանակութիւն ունի: Իրան կը շարունակէ ընդգծել, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չի հանդուրժեր: Սիւնիքը, հետեւաբար, Հիւսիս-հարաւ ճանապարհով, կը ստանայ ճանապարհային կարեւորագոյն ցանցակէտի հանգամանք: Իրանին հետեւեցան Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնն ու Ֆրանսան՝ պաշտօնապէս յայտարարելով, որ ծրագրած են Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւններ հաստատել: Այս որոշումները աւելիով կ՚ամրապնդեն Սիւնիքի տարածաշրջանային տարողութիւն ստանալու փաստը:

Թաւրիզը կամ Ատրպատականը կարեւորագոյն աշխարհագրական միջավայր է Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ: Այնտեղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ծագումով ազերի է: Նման միջավայրի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն հաստատելը պատահականութիւն չէ, անշուշտ: Այս պարագային միայն վայրի տրամադրումը չէ, որ տեղւոյն իշխանութիւններու համաձայնութիւնը կ՚ենթադրէ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը համոզէ, թէ Իրանի իշխանութիւններու յուշումը չէ բացառուած նման վայրի մէջ հիւպատոսութեան հաստատման եւ ուղղակի վայրի ընտրութեան մէջ:

Մոսկուան կրնայ շատ հանգիստ չընկալել այս գործընթացները: Պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Նախիջեւան-Ատրպէյճան ցամաքային կապի գործարկումը Երեւանն է, որ կը ձգձգէ: Այստեղ, անշուշտ, պարզ է ակնարկը, որովհետեւ հերթական յաճախականութիւններով Մոսկուայի ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն 2020 թուականի նոյեմբերի եռակողմանի համաձայնութեան 9-րդ կէտի իրացումը: Այնտեղ, ռուսական հայեցակէտով ամենէն շահագրգիռ առանցքային բաժինը ռուսական ուժերու կողմէ բացուող ճանապարհներու վերահսկողութիւնն է:

Հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը առաջադրած այլ գիծ մը, որ երկար ատենէ ի վեր արծարծուած, բայց չգործարկուած Հիւսիս-հարաւն է: Իրան-Սիւնիքի վրայով Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով. այլ խօսքով՝ Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը: Այս գիծին սկզբնակէտերն ու վերջնակէտերը տակաւին կրնան իրենց մասին խօսիլ տալ. այս պահու դրութեամբ, սակայն, Պարսից ծոց-Սեւ ծով ճանապարհի մասին են քննարկումները:

Պարզ դարձաւ, որ Իրանէն երկու մեծագոյն ընկերութիւններ ստանձնած են առանցքային այս ճանապարհի հարաւային հատուածի հարթեցման աշխատանքները: Սա կը նշանակէ, որ Պարսից ծոց-Սեւ ծով նախագիծը անցած է դէպի գործնական փուլ: Այս ճանապարհը Իրանի համար ապաշրջափակման առումով կենսական է:

Յայտնաբար այս ճանապարհի գործարկումը չի բխիր Ատրպէյճանի շահերէն: Պաքուն Մոսկուայի հետ կ՚ուզէ գործարկել Զանգեզուրի միւս ճանապարհը կամ իր ըսելաձեւով՝ միջանցքը: Եթէ ընդունինք այս իրականութիւնը, ապա կ՚եզրակացնենք, որ Սիւնիքի մէջ ուղղակի կը հակադրուին Ատրպէյճանի եւ Իրանի շահերը՝ աւելի խորացնելով Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքի եւ Իրանի հակադրութիւնը: Իսկ յաւելեալ տարածաշրջանային դիտանկիւնով՝ Մոսկուայի եւ Թեհրանի մօտեցումները կը բախին իրարու, նաեւ աշխարհաքաղաքական՝ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի:

Անկախ Սիւնիքի հանգամանքին շուրջ աշխարհաքաղաքական տարակարծութիւններէն, այս բոլորը կը յուշեն, որ հայկական կողմը աժան շտապողականութիւն ցոյց տալու պէտք չունի՝ անհիմն խաղաղութեան մասին երազանք հիւսելով նոյնիսկ Սահմանադրութիւն փոխելու կամ ապաշրջափակման օրակարգին տակ Պաքուի պահանջներուն արագօրէն տեղի տալու՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքը կը շարունակէ փոխկապակցել Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Անգարա բանակցութիւնները, նաեւ Պաքու նոր պայմաններ յառաջ կը քշէ՝ յայտարարելով, որ Անկախութեան հռչակագիրը միակ փաստաթուղթը չէ, ուր իրեն համար անընդունելի ձեւակերպումներ կան:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ Սիւնիքի կարգավիճակային պատկերացումներուն շուրջ կան աշխարհաքաղաքական հակասութիւններ՝ մինչ հայկական իշխանութիւնները նոր յանձնուողական քայլեր առնելու համար կ՚աճապարեն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024