Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ
Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ օդային արկած մը, որու զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսթրինսքի ջրամբարին մօտ ապրուեցաւ այս արկածը, որուն զոհ գնաց ինն հոգի։ Դէպքը պատահեցաւ ուղղաթիռի մը եւ օդանաւի մը բախման հետեւանքով։ Զոհերու շարքին կը գտնուին երկու անչափահասներ։ Օդանաւի ուղեւորներէն Լարիսա Մանուկեան եւ Պարոյր Մանուկեան եւս կնքած են իրենց մահկանացուն։ Ներառեալ օդաչուները դէպքին հետեւանքով մահացած են բոլորը։ Ռուսական մարմինները յաջողած են ջուրէն դուրս բերել ինն զոհերու դիակները։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015