ԵԹԷ ՆԱՐՏԻՆ ՉԸԼԼԱՅ… ՄԱՐԴ ԻՆՉԻ՞ ՆՄԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՅ

Վերջապէս կրցայ համոզուիլ, որ ազգի մը փրկութեան համար ո՛չ բանակի եւ ո՛չ ալ մտաւորականութեան կարիքը կայ. այդ բոլորին կարեւորութիւնը անցեալին էր: Հիմա արդէն ժամանակն է նարտիով ազգը փրկելու եւ «շէշ-պէշ» մը բերելով մարսով պարտութեան մատնելու թշնամին...:

Մի քանի ժամեր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ սահմանի վրայ տեղի ունեցող կրակոցներու հետեւանքով հայկական կողմը ունի երկու զոհ. ցաւալի լուր մըն էր վստահաբար, սակայն մի քանի վայրկեան ետք տեսած յայտարարութիւնս կը կարծեմ շա՜տ աւելի ցաւալի է՝ քան սահմանին զոհուող մեր երկու երիտասարդներու նահատակութիւնը:

Լիբանանի աւելի քան դար մը կեանք ունեցող կուսակցութիւններէն մին դարձեալ հրապարակ կը հանէր հայ ազգը փրկելու ամենէն զօրաւոր ու ազդու միջոցներէն մէկը... Նարտիի մրցաշարք: Պարզ մրցաշարք մը չէ. կուսակցութիւնը արժէքաւոր նուէրներ կը խոստանայ առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողներուն. առաջին հանդիսացողին գուցէ զէնք մը նուիրեն, որպէսզի հայրենիքի սահմանները պաշտպանէ, իսկ երկրորդ հանդիսացողին գուցէ «Զարթօնք» գիրքը՝ որպէսզի ոգեւորուի եւ հոգեպէս պատրաստ ըլլայ իր կեանքը հայրենիքի համար զոհելու: Վերջապէս նարտին կարեւոր է պատերազմական ռազմավարութիւն մը սորվելու համար, որովհետեւ սխալ մէկ շարժումով կրնայ քարը (այս պարագային գուցէ զինուորը) վիրաւորուիլ ու դաշտէն դուրս դրուիլ...: Այդ զինուորը փրկելու համար մեծ ջանք ու վարպետութիւն կը պահանջէ նետուած «զառ»ը պահանջուած թիւին վրայ բերելը եւ հազա՜ր երանի անոր, որ կը յաջողի երկու վեցեր բերել ու փրկել իր զինուորները թշնամիի կրակոցներէն:

Հայրենասիրական երգը կ՚ըսէր. «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ». եւ իրապէս, իւրաքանչիւր «զառ» նետել գիտցող իւրաքանչիւր հայորդի ի՞նչ կը սպասէ մասնակցելու համար կազմակերպուած նարտիի մրցաշարքին. Խաչատուր Աբովեանը չէ՞ր ըսողը... «Ա՜խ նարտին նարտին... եթէ նարտին չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՚ըլլայ». գուցէ նարտիին կողքը «լեզուն» ալ ըսած ըլլայ, սակայն ի՜նչ լեզու, եթէ կայ նարտիի նման ահաւոր զէնք մը, որ կրնայ ամբողջ աշխարհը ծունկի բերել: Ի՜նչ դժբախտութիւն է մեր ազգին համար, որ դպրոցներուն մէջ նարտիի փոխարէն անիմաստ ճատրակի դասեր կը տրուի մեր ապագայ սերունդին. հասակ առնող նոր սերունդը հեռու կը մնայ նարտիէն, ինչ որ մտահոգիչ վիճակ մը կը պարզէ մեր ազգին ապագային համար, այդ իսկ պատճառով. գուցէ ա՞յդ է պատճառը, որ այս տարի շեշտը դրուեցաւ մարդուժի պատրաստութեան... որովհետեւ նո՛ր նարտի խաղացողներ պէտք է պատրաստել՝ չտկարանալու եւ մասնագէտ «զառ» նետողներ հասցնելու համար:

***

Եթէ շատեր կը մտածեն, թէ նարտիի մրցաշարքը, որ ընկերային հաւաքի անուան տակ կը կազմակերպուի, ինչո՞ւ համար այդքան յոռի կը թուի մեզի համար. մենք ալ համաձայն ենք, որ ընկերային հաւաքները անհրաժեշտ են, մանաւանդ երիտասարդական շրջանակներէն ներս. իրականութեան մէջ այդ մէկը անհրաժեշտ պիտի չըլլար, եթէ այդ երիտասարդութիւնը կատարեալ հայրենասիրութեամբ հասակ առնէր, որովհետեւ ակումբին շուրջ հաւաքուիլը ո՛չ թէ նարտիի եւ կամ ընկերային կեանքի համար, այլ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան շնորհիւ էր որ պիտի ըլլար. ա՛յդ էր ճիշդը: Եթէ այսօրուան երիտասարդը ընկերային հաւաքները անհրաժեշտ կը նկատէ մօտենալու համար իր ակումբին, իր կուսակցութեան, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկել «հայու դաստիարակութիւն»ը, «ազգասիրութիւն» հասկացողութիւնը:

Այսօր պատմութեան էջերը լեցուն է մեր տարբեր կուսակցութիւններու կատարած գործունէութեամբ. անոնք ինչքան ալ իրարու «հակառակ» եղած ըլլան, այսպէս կամ այնպէս մեր ազգի համար ունեցած են իրենց դրական ներդրումը, որոնց շնորհիւ յաջողած են անմահանալ մեր պատմութեան էջերուն մէջ. սակայն մերօրեայ կուսակցութիւննը ինչո՞վ պիտի յիշուին: Մեր թուականէն յիսուն եւ կամ հարիւր տարի ետք ընթերցող մը ուսումնասիրելով մերօրեայ կուսակցութեան գործունէութիւնը ի՞նչ պիտի տեսնէ... հայրենիքի սահմանին հայ զինուորը կը նահատակուի, սակայն դարաւոր կուսակցութիւն մը նարտիի մրցաշա՞րք կը կազմակերպէ:

Չենք սպասեր, որ մերօրեայ կուսակցութիւնները նախկիններուն նման զէնքեր վերցնելով բարձրանան լեռներ (թէեւ հայրենասիրութիւնը այդ մէկը կը պահանջէ), սակայն նուազագոյնը կը սպասենք, որ անոնք կատարեալ նուիրուածութեամբ աշխատանք տանին մշակութային ու ազգային գետնի վրայ. Նարտիի մրցաշարքին գուցէ մասնակցի 30-40 երիտասարդ. նոյն կուսակցութիւնը «Նարտիի մրցաշարք»ին փոխարէն թող հայ լեզուի դասընթացք յայտարարէր... այդ երիտասարդներէն քանի՞ն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր. պատասխանը բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք:

Ուսումնասիրելով անցեալը, կը տեսնենք, թէ անցեալին կուսակցութիւններ իրենց յարկին տակ զինավարժութիւն կ՚ընէին. հասակ առնող երիտասարդութեան կը սորվեցնէին պատերազմելու, զէնք գործածելու արուեստը. կը սորվեցնէին, թէ ինչ է ռազմավարութիւն. այդ յարկերուն տակ կը բացատրուէր, թէ ինչպէ՞ս փամփուշտ եւ կամ պայթուցիկ ռումբեր կը պատրաստուի: Այդ բոլորը կ՚ընէին, որպէսզի եթէ ազգը վտանգի տակ գտնուի, այդ երիտասարդները իրենց զէնքերը վերցնելով երթան դէպի պատերազմի դաշտ՝ ինչպէս եղաւ 1990-ական թուականներուն: Իսկ այսօ՞ր... մեր երիտասարդները իրենց նարտիները իրենց թեւերուն տակ դրած դէպի պատերազմի դա՞շտ պիտի վազեն եւ նարտին յաղթող կողմը պատերազմի յաղթանա՞կ պիտի նկատուի:

Համաձայն ենք, որ ժամանակները փոխուած են, սակայն այս աստիճանի փոփոխութիւն մը մանաւանդ դարեր շարունակ պատերազմներու մէջ ապրող ազգի մը համար անընդունելի է. փողոցները փակել, բողոքի ցոյց ընելը եւ կամ հեռաւոր տեղերէն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները այպանելն ու վարկաբեկելը ո՛չ մէկ դրական բան կրնայ փոխել մեր իրականութեան մէջ: Այստեղ սակայն կուսակցութեան չափ մեղաւոր է նաեւ ժողովուրդը, որ անտարբեր ձեւով լուռ կը մնայ այս նահանջին դիմաց։ Նահանջ բառը «հայապահպանում» բառի նման արտասանուած լոզունգ մը չէ, որովհետեւ մեր նահանջը ամէ՛ն տեղ է. լեզուի, ազգասիրութեան, մշակոյթի, արժէքներու եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչի մէջ:

Ի՞նչ կրնանք ըսել... ձեր «զառ»ը աննկուն...

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ո՞վ յօրինած է նարտի խաղը:

Պատասխան. Նարտիի ծագումը անհասկնալի է, քանի որ խաղը զարգացած է հազարաւոր տարիներու ընթացքին: Ենթադրաբար առաջին անգամ խաղացուած է Հին Միջագետքի մէջ, մօտաւորապէս 5 հազար տարիներ առաջ: Սակայն նարտիի մերօրեայ ժամանակակից տարբերակը զարգացած է Միջերկրական ծովի տարածքին, մօտաւորապէս 17-րդ դարուն: Խաղը պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է բազմաթիւ վերափոխութիւններու: Այդ իսկ պատճառով որպէս յօրինող յստակ անձ մը գոյութիւն չունի. ան զարգացած է դարերու ընթացքին, մշակութային արժէքներու փոխանակման միջոցով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024