ՎԱՀԱՆ ՔԵՐՈԲԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը գտնուէր այդ պաշտօնին գլուխը։ Երէկ ան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց իր հրաժարականի մասին։ Այս առթիւ ան մէջբերեց կարգ մը բաղդատական վիճակագրական տուեալներ՝ իր պաշտօնավարութեան շրջանի լաւ արդիւնքներուն մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երկրին ծառայելու ուղղեալ իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան համար։

Երեւանեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Հայաստանի դատաիրաւական մարմինները վերջերս կարգ մը հարցաքննութիւններ կը կատարեն Տնտեսութեան նախարարութենէն ներս եւ Վահան Քերոբեանի հրաժարականը առընչութիւն կրնայ ունենալ այդ բոլորին հետ։

Այս հրաժարականը Հայաստանի ներքին քաղաքական ոլորտէն ներս զանազան լսումներու դուռ բացած է։ Երեւանեան թերթերը կը գրեն, որ Փաշինեանի նպատակն է յեղափոխութիւն մը կատարել կառավարութենէն ներս։ Ըստ այլ աղբիւրներու, Վահան Քերոբեանի հրաժարականը անակնկալի մատնած է իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գործիչներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ ոմանք ափսոսանք յայտնած են։ Մամուլին մէջ հրապարակուած են նաեւ լուրեր, ըստ որոնց Վահան Քերոբեանի դէմ անարգալից վերաբերմունք ցոյց տրուած է եւ իր հրաժարականը պահանջուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024