ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼ ՌԵՖԱՀԷՆ

Թուրքիա եւ Եգիպտոս երէկ պաշտօնապէս նոր էջ մը բացին իրենց յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք շուրջ տասներկու տարիէ ի վեր ելեւէջներ կը դիմագրաւէին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան դէպի Գահիրէ երէկուան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ ապրիլին Թուրքիա այցելել։ Անգարայի եւ Գահիրէի ղեկավարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնում գոյացած է, որպէսզի կողմերու առեւտուրի ծաւալը բարձրանայ 15 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ Էրտողան-Սիսի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վերաբերեալ հարցեր։

Գահիրէի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ նախագահները հանդէս եկան դրական յայտարարութիւններով։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան նշեց, որ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն մը եւ մշակոյթ մը ունին։ Իր խօսքով՝ ջանքեր կը գործադրուին յարաբերութիւնները բարձրացնելու համար իրենց արժանի մակարդակին ու նոյն կամքը Եգիպտոսի պարագային ալ գոյութիւն ունի։ Էրտողան նշեց, որ կը պատրաստուի Անգարայի մէջ հիւրընկալել Սիսին։

Իր կարգին, Եգիպտոսի նախագահն ալ դիտել տուաւ, որ կը ծրագրէ յառաջիկայ ապրիլին այցելել Թուրքիա։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա Եգիպտոսի տեսակէտէ կարեւոր գործընկեր մըն է։ «Մենք կը փափաքինք նոր համագործակցութեան ոլորտները միասնաբար կեանքի կոչել։ Համակարգելով մեր յարաբերութիւնները՝ մեր ցանկութիւնն է նաեւ երկու երկիրներու տարածաշրջանային կշիռն ու դիրքը օգտագործել խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման համար», ըսաւ ան։

Էրտողան եւ Սիսի ասուլիսի ընթացքին զգուշացումներ ալ հասցէագրեցին Իսրայէլին։ Անոնք համոզուած են, թէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի ղեկավարութիւնը զերծ պէտք է մնայ սպանդները Ռեֆահ տեղափոխելէ՝ քանի այնտեղ Կազզէի քաղաքային բնակչութեան ապաստանած վերջին կէտն է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024