ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր կը պատրաստուի այս շաբթուան տեւողութեան իրականացնել ուղեւորութիւն մը՝ Եւրոպայի մէջ բացատրելու համար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ անոր վճռակամութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, եւրոպական երկիրներէն ներս ունենալիք շփումներուն ընթացքին Վոլքան Պոզքըր երկխօսներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ու պիտի մատնանշէ, թէ ահակեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը չէ փոխած կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ բարեփոխումներուն եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ։
Ըստ նախատեսուած ծրագրին, Վոլքան Պոզքըր առաջին հերթին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ պիտի տեսակցի Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Եոհաննէս Հահնի հետ։ Ան Պերլինի մէջ ալ պիտի մէկտեղուի Գերմանիոյ Եւրոմիութեան գծով նախարար Միխայէլ Ռոթհի հետ։ Բաց աստի, Պոզքըր Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս եւս պիտի իրականացնէ տեսակցութիւններ։ ԵՄ-ի անդամ այլ շարք մը երկիրներու մայրաքաղաքներն ալ պիտի այցելէ Վոլքան Պոզքըր եւ այս բոլոր հանգրուաններուն պիտի փոխանցէ նոյն պատգամները։
Դիւանագիտական այս ջանքերուն զուգահեռ Թուրքիա կը շարունակէ ծանր հարուածներ հասցնել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Մինչ գործողութիւնները կը շարունակուին ամենայն սաստկութեամբ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ղեկավարութեան «փեշմերկէ» զօրքերու հրամանատարներէն Զաիմ Ալի յայտնեց, թէ ՓՔՔ կազմակերպութիւնը պէտք է քաշուի տարածքաշրջանէն։
Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերն ալ կը շարունակեն Թուրքիոյ վրայով գործողութիւններ իրականացնել ահաբեկիչներուն դէմ։ Շաբաթավերջին ամերիկեան կողմը Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը ուղարկած է յաւելեալ ռազմաօդանաւեր եւ անձնակազմ։ Ինճիրլիքի վրայով ԻՇԻՊ-ի դիրքերուն դէմ տրուած հարուածները կը շարունակուին։