ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՁԳՁԳՈՒՄ
BBC-ի ատրպէյճաներէն հաղորդումներու ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի կառուցման նախագիծը կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը։ Նոյն աղբիւրը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, թէ այս երկաթուղին շահագործման յանձնելու ժամկէտը կը յետաձգուի հինգ տարիէ աւելի ժամանակէ մը ի վեր։ Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, այս երկաթուղին հաւանաբար շահագործման յանձնուի եւ առաջին առեւտրական ուղեւորութիւնը իրականացուի 2016 թուականի վերջաւորութեան կամ 2017 թուականին։ Մինչդեռ, մեկնարկի փուլին կը նախատեսուէր 2010 թուականին անոր պատրաստ ըլլալը։
Վերոյիշեալ աղբիւրներու հաղորդումներուն արձագանգելով՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը թէեւ խիստ կարեւոր կը համարէր այս երկաթուղիին կառուցումը, սակայն անոր շինարարութիւնը ներկայ դրութեամբ դադրած է։ Իրականութեան մէջ այդ շինարարութիւնը աւարտած պէտք է ըլլար տակաւին հինգ տարի առաջ։ Երկաթուղիի Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքներէն անցնող հատուածները պատրաստ են մասնակիօրէն։ Թրքական կողմը կը յայտնէ, որ շինարարութիւնը ընդմիջուած է ու պիտի շարունակուի միայն յաջորդ շաբաթ։ Վերլուծաբաններուն կարծիքով, արդէն 1 միլիառ տոլարէ աւելի արժած Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի նախագիծը կրնայ չդիմանալ մրցունակութեան, որովհետեւ Իրանի դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներու ջնջուելէն վերջ յառաջիկային տարածքաշրջանէ ներս այլ նախագծեր կեանքի պիտի կոչուին։ Ատրպէյճանէն տնտեսական վերլուծաբան Նաթըք Զաֆէրլիի կարծիքով՝ եթէ Իրանէն եւ Ռուսաստանէն, ինչպէս նաեւ Ասիայէն դէպի Արեւմուտք նախատեսուող նախագծերը կեանքի կոչուին, ապա Պաքու-Թիֆլիզ-Կարսի շահութաբերութիւնը զգալիօրէն պիտի նուազի։ Մնաց որ այս նախագծի պարագային առանց այդ ալ մեծ շահութաբերութիւն մը չէր ենթադրուեր։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան կը պատրաստուի տակաւին խորհրդային ժամանակաշրջանին Չեխիայէն եւ Սլովաքիայէն անցած երկաթուղիները արդիականացնել եւ զանոնք միացնել դէպի Չինաստան եւ Հնդկաստան գացող իր երկաթուղիներուն։ Դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ վրայով ելքի մը երկաթուղին կը պատրաստուի նաեւ Իրանէն։ Ապագային այդ երկաթուղին կրնայ միանալ նաեւ Փաքիստանին եւ Աֆղանիստանին։ Այս պատճառով ալ այլընտրանքային երկաթուղիները խիստ գրաւիչ են։
Վերլուծաբանին համոզմամբ, Պաքու-Թիֆլիզ-Կարսի գլխաւոր խնդիրը Միջին Ասիայէն եւ Հեռաւոր Արեւելքէն եկող բեռնատար վակոնները Կասպից ծովու վրայով լաստանաւերով անցընելն է։ Սա թէ՛ սուղ է եւ թէ ժամանակի կորուստ, ինչ որ խիստ պիտի նուազեցնէ Ատրպէյճանի համար ապագային նախատեսուած եկամուտները։ Եթէ նոյնիսկ այս երկաթուղին աւարտի, ապա անոր Ատրպէյճանի պիւտճէին ապահովելիք հասոյթը այդքան ալ մեծ պիտի չըլլայ։
Այս երկաթուղիին վերաբերեալ համաձայնագիրը երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած էր 2007 թուականի տարեմուտին եւ շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2008-ին։ Հայաստան առաջին իսկ օրէն սկսեալ վերապահութիւն յայտնած էր այս ծրագրին նկատմամբ այն պատճառաբանութիւնով, որ Կարսի եւ Կիւմրիի միջեւ արդէն գոյութիւն ունի երկաթուղին։
Վերջին շաբաթներուն «Ազատութիւն» ռատիօկայանն ալ հաղորդումներ կատարած էր Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքներու լուրջ կաղացումներուն շուրջ։