ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Թեհրանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Ռայիսի այս առթիւ նշեց, որ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւնները պատմական են, բարեկամական ու շինիչ։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ Ռայիսի նշեց, որ Իրան ջանքեր կը գործադրէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Ան ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց անոնց նկատմամբ։ Ռայիսի ընդգծեց Իրանի կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ երաշխաւորելու համար տարածաշրջանային ռազմավարական անվտանգութիւնը։ Ան յիշեցուց նաեւ այս հարցին վերաբերեալ Թեհրանի կարմիր գիծերը։
«Մենք համաձայն չենք խնդիրներ լուծելու պատրուակով տարածաշրջանէն ներս օտարներու ներկայութեան։ Կը կարծենք, թէ անոնց ներկայութիւնը ո՛չ միայն խնդիրները չի լուծեր, այլ աւելի մեծ խնդիր կը դառնայ տարածաշրջանի ազգերու եւ կառավարութիւններու համար», ըսաւ Ռայիսի։
Իր կարգին, Մհեր Գրիգորեան յայտնեց, որ Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ Իրանի աջակցութիւնը շատ կարեւոր ու արժէքաւոր է թէ՛ ժողովուրդի եւ թէ կառավարութեան աչքին։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան հետամուտ է առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու Իրանի հետ՝ յատկապէս ուժանիւթի եւ տարանցման ոլորտներէն ներս։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ հերթական անգամ վերապահութիւն յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ ոչ-տարածաշրջանային ուժերու ներկայութեան դէմ։ Ռուսաստան եւ Իրան թէեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ ունին տարբեր մօտեցումներ, սակայն երկուքն ալ Արեւմուտքի ներթափանցման դէմ են։ Ուստի, անոնք որոշ վերապահութեամբ կ՚ընկալեն Երեւանի ջանքերը՝ առկայ բարդ իրավիճակին մէջ Արեւմուտքի զօրակցութիւնը ստանալու ուղղութեամբ։
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը փորձէ իրավիճակը ցնցել Հարաւային Կովկասի մէջ եւ խանգարել Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը։ Ան նշեց, որ այս հանգամանքը տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի սրման պատճառ դարձած է։
Բոլորովին վերջերս Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով նշած էր, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ ենթադրեալ պայմանագրի համար Պաքուի կողմէ Երեւանին առջեւ դրուած ձեւակերպումներն ու պահանջները միանգամայն արդար են։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին «Իզվեստիա»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Հարաւային Կովկասի ապագան պէտք է որոշեն այն երկիրները, որոնց համար այս տարածաշրջանը ընդհանուր տուն մըն է։ «Մինչդեռ ո՛չ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Ֆրանսան, ոչ ալ Եւրոմիութեան երկիրները այդպէս չեն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Արեւմուտքի շահերը կապուած չեն Հայաստանին օգնելու հետ, այլ ուղղուած են Ռուսաստանը այս գործընթացէն դուրս մղելու։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց, որ Մոսկուա միշտ Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղած է, որպէսզի առաւելագոյն զսպուածութիւն ցոյց բերեն։ Սահմանի վերջին բախումներու լոյսին տակ ան ըսաւ. «Առճակատման որեւէ թէժ փուլի սկիզբը չի նպաստեր Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման»։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Կալուզին ընդգծեց, որ առարկայականօրէն ՀԱՊԿ-էն զատ տեսանելի որեւէ այլընտրանք գոյութիւն չունի՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման տեսակէտէ։
Իր կարգին, ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի խաղաղութիւն։
Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Իկոր Խովաեւ վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Երեւանի մէջ։