«ՄԻՋԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔ»ՈՎ…

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին։ Կը հաղորդուի, որ նախարարները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը, նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրները։ Անոնք կրկին ընդգծեցին խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը տարածաշրջանէն ներս ամուր ու կայուն զարգացման համար։ Այս առումով կարեւորեցին Անգարայի եւ Թիֆլիզի դերակատարութիւնը։

Ֆիտան եւ Տարչիաշվիլի անդրադարձան ռազմավարական նշանակութեամբ տարանցիկ եւ ուժանիւթի նախագծերու իրականացման՝ միշտ կանգ առնելով Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքի տարանցիկ ներուժին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս մայրուղիի, ինչպէս նաեւ «Միջին միջանցք»ի իրագործման կարեւորութիւնը։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։ «Մեր ցանկութիւնն ու դրական դիրքորոշումը վերահաստատեցինք, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս ժամ առաջ կայունութիւն հաստատուի», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Սեւ ծովու անվտանգութիւնը։ Ֆիտանի բանաձեւումով՝ այս նիւթը երկու երկիրներուն տեսակէտէ միայն համագործակցութեան ոլորտ մը չէ, այլեւ կենսական շահերու վերաբերեալ նիւթ մըն է։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ամիս նախատեսուած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024