ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱՐՄԱՇ ԵՊՍԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՄԵՐ ՑԱՒԸ ԱՐԺԱՆԻ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ»
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան իր «Արեւելք» (www.arevelk.am) կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ըսած է, որ Դամասկոսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը նոյնպէս վտանգաւոր է յառելով, որ քաղաքի սահմանային կրակագիծը կը գտնուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից: Սրբազան Հայրը նաեւ նշած է, որ հակառակ տիրող ծանր իրավիճակին Դամասկոսի մէջ ազգային կեանքը կը շարունակուի։ «Հակառակ տիրող պայմաններուն, գաղութին մէջ մնացողները կը փորձեն վառ պահել ազգային կեանքը: Թէեւ առաջուան աշխուժութիւնը չկայ», ըսած է պատնէշի վրայ մնացող Սրբազան Հայրը:
Սուրիական պատերազմը յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի թեւակոխէ հինգերորդ տարին: Պաշտօնական բանբերներ կը խօսին 250 հազար զոհերու մասին, մինչ անպաշտօն մէկէ աւելի աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ սուրիական պատերազմի զոհերուն թիւը արդէն հատած է 400 հազարի սահմանը: Այս ընդհանուր իրավիճակէն անմասն չմնաց նաեւ հայութիւնը, որուն թիւը նօսրացաւ եւ այսօր ամբողջ Սուրիոյ տարածքին կը բնակին առաւելագոյնը 20 հազար հայեր, մինչ 2011 թուականէն առաջ սուրիահութեան թիւը կը գնատահուէր 60-70 հազարի միջեւ: Այս թիւերը պաշտօնական չեն եւ այսպիսի պայմաններու տակ անհնար է ստոյգ թիւերու մասին խօսիլ: Երեւելի է, որ սուրիահայ գաղութը առաջուանը չէ ու յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեած բախումները հայկական շրջանները դարձուցին անդամալուծուած եւ «աղէտահար» գօտիներ: Պէյրութ, Երեւան, Շուէտ, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ ափեր հասած սուրիահայերուն սիրտը տակաւին կը բաբախէ իրենց օճախներու տրոփներով: Անոնց կարեւոր մէկ տոկոսը ետեւ նայելով ամէն օր կը սպասէ դրական լուրի մը: Ինչպէս Արմաշ Սրբազան կը նշէ, բոլոր սուրիահայերը չեն փափաքիր հեռանալ Սուրիայէն: Սրբազան Հայրը այդ մէկը կը վերագրէ՝ հեռանալու կողքին անորո՛շ ապագայի մը, անորո՛շ կեանքի մը մէջ իյնալու վտանգներու առկայութեան: «Պէտք է սուրիահայութեան ցաւին յարգանքով մօտենալ», կ՚ըսէ Սրբազան Հայրը ու կ՚աւելցնէ. «Ճիշդ չէ երեւոյթ մը ընդհանրացնել: Մենք ո՛չ կ՚արգիլենք եւ ոչ ալ կը ստիպենք մեր զաւակները մնալու կամ երթալու: Անոնք, որոնք կը փափաքին Սուրիայէն հեռանալ, մենք զանոնք կը քաջալերենք մայր հայրենիք մեկնելու»: Սրբազանը նաեւ նկատել տուած է, որ Սուրիոյ մէջ ապրող բոլոր հայորդիները չեն ուզեր հեռանալ, նկատել տալով, որ համայնքի զաւակներուն մեծ տոկոսը պայմաններու եւ յստակ ապագայի հեռանկարի բացակութեան հետեւանքով յայտնուած են շուարած վիճակի մը մէջ: Սրբազանը ըսած է, որ թէեւ Դամասկոսի մասին շատ չի խօսուիր հայկական լրատուական աղբիւրներու կողմէ, սակայն անոր շրջակայքը նոյնքան անապահով վիճակի մէջ է, ինչ որ Սուրիոյ տարբեր շրջանները, եւ այդ վտանգաւոր շրջաններու սահմանագիծը կ՚անցնի հայկական եկեղեցւոյ թաղամասէն: Ան անդրադառնալով այնտեղ տիրող կենցաղային պայմաններուն, ըսած է, թէ Դամասկոսը համեմատաբար ուրիշ շրջաններու, աւելի բարւոք վիճակ մը կը պարզէ: Գաղութային կեանքին վերաբերեալ Սրբազան Հայրը նշած է, որ գաղութի բոլոր վարժարաններն ու ակումբները կը գործեն կանոնաւոր կերպով, եւ թէ ազգային կեանքը կը շարունակուի, ինչպէս որ էր խըն-դիրներէն առաջ ու նոյն եռանդով, սակայն աւելի համեստ ներկայութեամբ եւ համեստ պայմաններու մէջ: Զեկուցելով դամասկոսահայ գաղութի մարդահամարին մասին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ 1200 ընտանիքէ բաղկացած գաղութէն՝ որ կը նշանակէ 7-8 հազար հոգի, այսօր մնացած է հազիւ 4 հազար: Ան աւելցուց, որ բացի քանակական վնասէն, գաղութը կրած է նաեւ նիւթական մեծ վնասներ, Դամասկոսի վրայ գործուած ռմբակոծումներու հետեւանքով քանդուած է այնտեղ գործող Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) շէնքը, Ս. Սարգիս եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցին, «Փարոս» հայ կաթողիկէ վարժարանը, որու վրայ կատարուած ռմբակոծման հետեւանքով վիրաւորուած են եօթանասունհինգ երախաներ, իսկ Ազգային Թարգմանչաց ճեմարանի վրայ եղած պայթումին զոհ գացած են չորս մանկահասակներ: Վերջերս, հայաստանցի մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին եղած իշխանական նուիրատուութեան մասին Սրբազան Հայրը պարզաբանած է, որ առայժմ մանրամասնութիւններ չունի, թէ քանի՛ տոկոսը պիտի յատկացուի Դամասկոսի Թեմին: Ան աւելցուցած է, որ այս գծով Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին օրերէն եղած է ընդհանուր պայմանաւորուածութիւն մը, որ բոլոր նուիրատուութիւները պէտք է հասնին կաթողիկոսարաններու եւ նուիրապետական աթոռներու միջոցաւ ու անոնք իրենց հերթին գումարները պիտի փոխանցեն սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնին, որուն մէջ իւրաքանչիւր համայնք եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւն իր ներկայացուցիչը ունի։ Ուստի նուիրատուութիւններու ստանձնման գործին մէջ պարտադիր չէ բոլոր կողմերու ներկայութիւնը: Տ. Արմաշ Սրբազան սրտցաւօրէն յայտնած է, որ հայութեան կողմէ յաճախ անտեսուած կը մնայ միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ մեծ ուշադրութեան արժանացած Հոմսի մէջ գործող հարիւրտասն ընտանիքէ բաղկացած եւ Դամասկոսի Թեմին պատկանող հայ գաղութը եւ կոչ ուղղած է՝ աչքաթող չընել անոր կարիքները: Մանրամասնելով, Սրբազան Հայրը տեղեկութիւն փոխանցած է գաղութի կրած վնասներուն մասին, յիշելով, որ Հոմսի մէջ գտնուող ազգային Սահակեան վարժարանն ու Ս. Մեսրոպ եկեղեցին, որոնք կը գործէին նոյն շէնքին մէջ, զինեալներու կողմէ վերածուած էր բժշկական կեդրոնի եւ օգտագործուած՝ որպէս դաշտային հիւանդանոց, այդ իսկ պատճառով շէնքը չէ քանդուած, սակայն կը գտնուի անմխիթար վիճակի մը մէջ եւ կարելի չէ զայն օգտագործել: Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման մասին իր կարծիքը յայտնելով՝ Արմաշ Սրբազան ըսած է. «Յայտնի է, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը որեւէ մէկ ժողովրդավարական, քաղաքական կամ «Արաբական գարնան» հետ կապ չունի եւ ոչ ալ բարեփոխումներու պայքար մըն էր եղածը, այլ միայն միջազգային եւ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու դաշտ»։ Ան նաեւ նկատել տուած է, որ վերջին շրջանի քաղաքական եւ դիւանագիտական յարձակումները՝ ուղղուած Սուրիոյ, մեղմացած են, եւ մեծ երկիրներու խաղաքարտերու փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ Սուրիոյ տագնապին եւ ճգնաժամին իրական դէմքը եւ այս բոլորը ապահով կեանքի վերահաստատման յոյս կը ներշնչէ երկրի ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան մասնաւորաբար: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջերս քննարկելի դարձած սուրիահայութեան տեղափոխութեան հարցին եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու կողմէ յանգեցուած եզրակացութիւններուն, թէ հալէպահութիւնը ամբողջութեամբ կ՚ուզէ դուրս գալ երկրէն, սակայն անոր միջոցներ կը պակսին, ան կու գայ զգաստութեան հրաւիրելու վերջիններս եւ կոչ ուղղելու անոնց, յարգանքով վերաբերիլ սուրիահայուն ցաւին, առանց ընդհանրացնելու երեւոյթները, քանի որ յստակ է, թէ բոլորը նման կարծիքի վրայ չեն եւ անոնց մեծամասնութեան մտատանջութիւնը անհեռանկար ապագայի պատկերն է ու անելանելի անկողմնորոշուածութիւնը:
Սրբազան Հայրը խօսքի աւարտին յորդորած է աշխարհասփիւռ հայութեան, որպէսզի շարունակուի սուրիահայութեան համար օգնութեան ձեռք մեկնելու ջանքերը, որովհետեւ տակաւին շարունակուող ճգնաժամային շրջանի չորրորդ տարուան մէջ այդ օգնութիւններուն խիստ կարիքը կը զգացուի:
Ինչպէս վերը նկատեցիք, Սրբազան Հօր գլխաւոր մտահոգութիւնը Սուրիոյ հայութեան հանդէպ առկայ ուշադրութեան պահպանումն է, որովհետեւ գաղութին մէջ մնացող հայորդիները բոլոր տեսակի օժանադակութեանց կարիքն ունին: Կարեւոր են նաեւ Սրբազան Հօր մօտեցումները մնալու կամ չմնալու մասին Սուրիոյ մէջ։ Ան շատ պարզ, շատ յստակ ու անկեղծ խօսքերով կը բացատրէ, թէ Սուրիոյ մէջ մնալու կամ հեռանալու հարցը ո՛չ ոքի մենաշնորհն է ու այնքան ատեն, որ այդ հողին վրայ հայեր կը շարունակեն ապրիլ, այդ կը նշանակէ որ սուրիահայ գաղութը պիտի շարունակէ իր կեանքը: Ճիշդ է, որ այդ կեանքը այսօր դարձած է վտանգներով, հարուածներով, շատ յաճախ կորուստներով լեցուն: Ու պարզ է, որ Հալէպը, Դամասկոսը եւ Լաթաքիան բարօր եւ երջանիկ կեանք մը ապրելու վիճակի մէջ չեն այսօր:
Առիթով մը տարբեր մակարդակի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ սուրիահայութեան վիճակին մասին խօսելու ատեն պէտք չէ խուճապի մասին խօսուի։
Եթէ պէտք եղածը խուճապ է հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն, ապա բոլորս պէտք է խուճապի արձագանգները հնչեցնենք:
Եթէ Սուրիոյ մէջ գոյատեւող մեր հայրենակիցներու վիճակը որպէս խուճապ ներկայացնելը կրնայ ծառայել անոնց յաւելեալ օգնութիւններ հասցնելու, ապա այո՛, իրավիճակը այսօր եւս խուճապային է:
Սուրիան պիտի ապրի: Կը մնայ հաւատալ անոր ապագային։ Իսկ ի՛նչ կրնայ պատահիլ սուրիահայութեան։ Ապա այս խնդրի սահմանագիծերը եւ վճիռ կայացնելու իրաւունք ունեցող միակ կողմը Սուրիոյ մէջ ապրող ու բոլոր հարուածներուն դիմացող հայերն են:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան