ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Երեւանի Մատենադարանը վերջերս օժտուեցաւ նոր սարքաւորումներով։ Այսպէս, «Բադալեան եղբայրներ» ընկերութիւններու խումբի համահիմնադիր ու նախագահ Վահէ Բադալեանի կողմէ Մատենադարանին նուիրուեցաւ՝ ձեռագրերու կազմերու 3D ձեւաչափով սքենաւորման սարք մը, որու շնորհիւ էապէս կը մեծնայ ձեռագրերու կազմերու ուսումնասիրման առանձնայատկութիւններու որոշարկման, ինչպէս նաեւ հաւանական վնասներու բացայայտման հնարաւորութիւնը։
Բարերարին կողմէ Մատենադարանին նուիրաբերուած սարքը ընդունուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որու ընթացքին տնօրէն Արա Խզմալեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աշխատակազմը շնորհաւորեց այս նոր ձեռքբերման առթիւ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 3D սքենաւորման սարքի կիրառումը աննախադէպ է ո՛չ միայն Մատենադարանի ձեռագրերու կազմերու ուսումնասիրման ոլորտէն ներս, այլեւ լայն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ թանգարանային առարկաներու սքենաւորման եւ ուսումնասիրման համար։
Շնորհանդէսի ընթացքին մատեաններու կազմարարութեան պատմութեան անդրադարձաւ Մատենադարանի Արխիւի եւ արխիւագիտութեան բաժնի վարիչ Արմէն Մալխասեան։ Սքենաւորման արդիւնքները պիտի նպաստեն նաեւ Մատենադարանի ձեռնարկատիրական գործունէութեան զարգացման։