ԿԱԶԶԷԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կասկածէ վեր է, թէ Կազզէի գործընթացները անմիջական հետեւանքներ պիտի ունենան ո՛չ միայն Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլեւ թէեւ նուազ, սակայն զգալի ձեւով ազդու պիտի դառնան ամբողջ միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Անշուշտ, միամիտ պէտք է ըլլալ չվերլուծելու համար, թէ ինչո՞ւ յատկապէս այս փուլին ընթացք առաւ «Համաս»ի երկար նախապատրաստուած յարձակումը, որուն հակադարձելու համար Իսրայէլ մտաւ պատերազմի մէջ։ Այսօրուան դրութեամբ այս պատերազմը կամաց-կամաց կը վերածուի մեծ ճահճադաշտի մը, եթէ Թել Աւիւ պաշտօնապէս արագ քայլերու չձեռնարկէ եւ ի վերջոյ դադար մը չտայ այս խելագար պատերազմին։

Արագ վերաքաղ մը կատարելու պարագային անպայման պէտք է շեշտադրել, որ Կազզէի այս պատերազմը միայն Պաղեստին-Իսրայէլ կամ արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան մը պարունակին մէջ չմնաց՝ ինչպէս մօտաւոր անցեալի բախումները, ճակատումները կամ ռազմական գրոհները երկու յստակ կողմերուն միջեւ։ Խնդիրը այսօր շատ աւելի բարդ եւ ճիւղաւորուած է։ Արդարեւ, պատերազմի ազդանշան տուողը, այս պատերազմին սկիզբը որոշողները, Կազզէի սպանութիւններու ետին կանգնողները կը պատկանին աւելի մեծ շրջանակի մը՝ քան, ըսենք, նոյն հակամարտութեան ողն ու ծուծը հանդիսացած Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ժողովուրդները։ Այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուելու պարագային կարելի է հասկնալ, որ Կազզէի մէջ առկայ վիճակը միայն ներքին վէրք մը չէ։ Սա կապ ունի բազմաբեւեռ եւ բազմերանգ հակամարտութիւններու եւ խնդիրներու հետ, որոնք առընչուած են Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան պայքարին, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն, նաեւ այդ տեղերու արաբ կամ հրեայ զանգուածներու հետ։ Այս առումով ամենէն ուշագրաւն է, որ Կազզէի պատերազմը յառաջիկայ ժամանակներուն ճանապարհ պիտի հարթէ յարաբերութիւններու նոր տինամիզմի մը համար, որ կրնայ յանգեցնել Ռուսաստան-ԱՄՆ առկայ լարուած մթնոլորտի չէզոքացման։ Սա, առնուազն…

Միւս կողմէ, այս պատերազմը ընթացք կրնայ տալ նոր բաժանումներու, նոր համայնապատկերի մը ձեւաւորման։ Այս մասին արտայայտուելու ժամանակ հարկ է առնուազն երկու անգամ մտածել՝ նախքան կարծիք մը, ուղղութիւն մը կամ ճամբայ մը նկարագրելը։ Թէեւ երբեք այդպէս չեն եղած, բայց մանաւանդ այսօրուան աշխարհին մէջ բարեկամութիւններն ու թշնամութիւնները մշտնջենական չեն, նաեւ կան կարծրատիպեր, որոնք արագ կամ դանդաղ կրնան ձեւափոխուիլ։

Թէ ինչքանո՞վ Կազզէի պատերազմը կրնայ ազդեցութիւն գործել ԱՄՆ-ի յառաջիկայ աշնան ընտրութիւններուն վրայ։ Պատասխանը տակաւին յստակ չէ, սակայն պարզորոշ է, որ այժմու դէպքերը եղելութիւններուն վրայ իրենց լայն ստուերը պիտի թողուն։ ԱՄՆ-ի պարագային լայնօրէն կը խօսի ներքին բաւական բարդ եւ խճճուած պատկերներու եւ իրականութիւններու մասին, որոնք ի վերջոյ աշխարհի առջեւ կրնան պարզել ԱՄՆ-ի ներքին հասարակութեան ոչ այնքան միասնական ու համերաշխ պատկեր մը։ Այս շրջանին շատ կը խօսուի ամերիկեան հասարակութեան մէջ առկայ տարակարծութիւններուն եւ բաժանարար գիծերուն մասին։ Կը նշուի նաեւ, որ միջազգային հարթութեան վրայ մեծ անվստահութիւն կայ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ։ Այս բոլորին համապարփակ ձեւով անդրադարձած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Foreign Policy»ի վերլուծականը։

Ըստ այդ խորհրդածութիւններուն, ԱՄՆ կը տառապի բազմաթիւ ճգնաժամերէ, որոնք երեւելի կը դառնան զգայուն պահու մը եւ այդ պատճառով ալ ներքին միասնութիւն մը ստեղծելը կը համարուի հիմնական օրակարգ՝ երկրի մը համար, որ արդէն կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու։ Արտաքին հիմնախնդիրները, որոնք այսօր բեռ դարձած են ԱՄՆ-ի համար, բազմաթիւ են։ Անոնց կարեւորագոյնները կը սկսին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով ու կը հասնին մինչեւ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմներն ու Չինաստանի հիմնահարցը։ Մասնաւորապէս նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին՝ այս խնդիրները աւելի մեծ պառակտումներ կը ստեղծեն ամերիկացիներուն միջեւ: Միջազգային մարտահրաւէրներու աճին զուգահեռ՝ դիմակայելը կը պահանջէ աւելի լայն միասնութիւն։ Վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, որ մօտաւորապէս կրկնապատիկ ամերիկացիներ կը կարծեն, թէ 2024 թուականին առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Այլ հարցախոյզներու արդիւնքներն ալ ի յայտ կը բերեն կասկածներ՝ ԱՄՆ-ի համաշխարհային առաջնորդի, կառավարման հիմնական իրաւասութեան եւ միջազգային վարկանիշի արժէքին վերաբերեալ: «Pew» կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը ի յայտ կը բերէ, թէ չափահաս ամերիկացիներու միայն 4 տոկոսը կ՚արտայայտէ իրական վստահութիւն ամերիկեան քաղաքական համակարգին նկատմամբ։ Հարցուածներու միայն 16 տոկոսը միշտ կամ շատ ժամանակ կը վստահի կեդրոնի կառավարութեան: Շիքակոյի խորհուրդին կողմէ անցեալ տարի կազմակերպուած հարցախոյզով պարզուած է, որ ամերիկացիներու 57 տոկոսը կը պաշտպանէ համաշխարհային հարցերուն մէջ աշխոյժ դերակատարութիւնը՝ մինչ այդ համեմատութիւնը 2018 թուականին կը հասնէր 70 տոկոսի։ Ժողովուրդ մը, որ բաժնուած է ու փակուած ինքն իր մէջ՝ աւելի կը դժուարացնէ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելը: Ներքին քաղաքական լճացման ազդեցութիւնը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ակնյայտօրէն կ՚երեւի Ուքրայնային օգնութիւն տրամադրելու ճանապարհին յարուցուած խոչընդոտներուն մէջ. օրինակ՝ Քոնկրէսէն ներս դեմոկրատականներու եւ հանրապետականներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը։

Այլ օրինակ մը… Նախագահ Ճօ Պայտընի AIDS-ի դէմ պայքարի շտապ ծրագիրի չորրորդ վերահաստատումը՝ PEPFAR-ը յայտնուած է վիժումի վերաբերեալ աւելի լայն բանավէճերու մէջ: ԱՄՆ-ի ներքին պառակտումները կրնան խաթարել կամ խանգարել նոյնիսկ կեանք փրկող ծրագրերը, որոնց շարքին է PEPFAR-ը, որ երկկուսակցական լայն աջակցութիւն կը վայելէ։

Արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքականութեան համար անհրաժեշտ է ազգային միասնութեան ձեւակերպումը։ Սա կը պահանջէ կեդրոնանալ նաեւ ներքին ճակատին վրայ՝ ցոյց տալու համար, որ քաղաքական համակարգը կը գործէ ի շահ ամերիկացի ժողովուրդին:

Վերջին տարիներուն շարք մը ամերիկացիներ զգացած են, թէ իրենք համաշխարհայնացման զոհ են, վտանգուած են ապօրինի ներգաղթով, անարգուած վերնախաւերէ եւ լքուած իրենց քաղաքական գործիչներէն: Ամերիկացիները կ՚անհանգստանան առողջապահական խնամքի եւ իրենց երեխաներու կրթութեան համար։ Կը տուժեն գնաճի հետեւանքներէն ու կը զարմանան աշխատանքի անվտանգութեան տեսակէտէ թեքնոլոժիք փոփոխութիւններով։ Ներքին խնդիրները, որոնք ներկայացուած են ապօրինի ներգաղթով, հարաւային սահմանի քաոսով, իրաւունքի ծրագիրներու վրայ անկայուն ծախսերով, ելմտական կայունութեան սպառնացող մակարդակի պարտքով, եղած են տասնամեակներէ ի վեր: Շատ պարագաներու մէջ, լուծումները նոյնպէս պարզ էին, սակայն ԱՄՆ-ի քաղաքական համակարգը կը շարունակէ անկարող մնալ՝ կայուն, երկկուսակցական լուծումներ գտնելու ճանապարհին:

Վերլուծութեան մէջ շեշտուած է, որ առկայ միջազգային մարտահրաւէրները կը սպառնան ամերիկացիներու անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ ազատութեան։ Ամերիկացիներն ալ, ի հարկէ, կը վարանին արտաքին խնդիրներու վրայ կեդրոնանալու՝ քանի տակաւին իրենց առաջնորդները չեն լուծած ներքին իսկական հիմնախնդիրները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024