ԶԱՐԵՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Աւազանի անունով Մինաս։ Ծնած է 29 յունուար 1947-ին, Պէյրութ, արաբկիրցի ծնողներէ՝ Սարգիս եւ Անժէլ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եփրեմեան Ազգային վարժարանին մէջ։
1960-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, ուր Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք, 23 յունիս 1963-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին։ Ընծայարանի բաժինը աւարտելով, 19 յունիս 1966-ին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, ձեռամբ՝ Գարեգին Եպս. Սարգիսեանի (յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, որպէս Գարգեին Բ., աւելի ուշ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս որպէս Գարեգին Ա.), վերակոչուելով Տ. Զարեհ Աբեղայ՝ երանաշնորհ Զարեհ Կաթողիկոսին ի յիշատակ։ Նոյն տարին նշանակուած է Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին դպրապետ եւ դպրեվանքի հսկիչ։ Միաժամանակ Կաթողիկոսարանի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ դասաւանդած է։ Աշխատակցած է «Հասկ» ամսաթերթին։ 1966-69 Դպրեվանքի մէջ վարած է փոխ-տեսուչի պաշտօն։ Նոյն տարիներուն հետեւած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցէն ներս երաժշտական տեսական եւ գործնական դասերու։ Նոյն այդ տարիներուն դասաւանդած է նաեւ Պէյրութի Սօֆիա Յակոբեան Ազգային գոլէճին մէջ։
16 մարտ 1969-ին, Խորէն Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ Մասնաւոր Վարդապետութեան աստիճան կը ստանայ։ Աւարտաճառին նիւթը եղած է «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի՝ կեանքը եւ եկեղեցական բարեկարգութիւնը»։
1969-1972, Հռոմի մէջ ուսանած է Արեւելեան Ուսմանց հիմնարկին մէջ։ Հետեւած է Հայրախօսական, Աստուածաբանական եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան նիւթերուն։ 1971-ին Պսակաւոր Աստուածաբանութեան տիտղոս ստացած է, իսկ յաջորդ տարին դոկտորայի թեկնածու դարձած է։
Անթիլիաս վերադարձին դարձեալ նշանակուած է Դպրեվանքի հսկիչ։ Դասաւանդած է հայերէն լեզու, վարդապետական աստուածաբանութիւն, Ս. Գիրքի մեկնութիւն եւ Նոր Կտակարանի ներածութիւն։
1973-ին երբ Խորէն Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը կազմուած է, խմբավար՝ պրն. Գէորգ Գանտահարեանին հետ միասին խումբի հիմնադիրներէն մէկը հանդիսած է, եւ փոխ-խմբավարի պաշտօնը վարած է, մինչեւ իր Կիպրոս մեկնիլը։
1975-76 վարած է «Հասկ»ի խմբագրապետի պաշտօնը։
3 նոյեմբեր 1977-ին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է, եւ 30 մայիս 1979-ին Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուած է։
17 մայիս 1980-ին Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացած է, ձեռամբ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի։ Յաջորդ օր՝ կիրակի 18 մայիսին Եպիսկոպոս օծուած է, օծակից ունենալով Տ. Արամ Ծայրագոյն Վարդապետը (ներկայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս), Տ. Կորիւն Ծայրագոյն Վարդապետ Պապեանը (այժմ վախճանած) եւ Տ. Եփրեմ Ծայրագոյն Վարդապետ Թապաքեան (այժմ վախճանած)։
Անթիլիաս վերադարձին զբաղած է գրական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներով։
Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ վեր. Մանուէլ Ճինպաշեանի հետ, երկար տարիներու աշխատանքէ ետք յաջողած են Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսացի արդի աշխարահաբարի թարգմանութիւնը աւարտել եւ հրատարակել [նշենք, որ ներկայիս Գերշ. Տ. Օշական Եպս.ը կը շարունակէ Հին Կտակարանի արդի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ օրին նոյն եռեակը սկսած էր]։ Տակաւին, այդ աշխատանքի կողքին, նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։
Սրբազանը հարուստ ժառանգութիւն ձգած է՝ հոգեւոր, թարգմանական, երաժշտական եւ ուսումնասիրական։
1995-ին ստացած է Արքութեան տիտղոս։
1996-ին, մէկ տարիով ստանձնած է Ճըպէյլի «Թռչնոց բոյն»ի տեսչութիւնը։
Անթիլիաս վերադառնալէ ետք, իր վարած բոլոր պաշտօններու կողքին, շարունակած է դասաւանդել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս, մինչեւ իր անհանգստութեան տարիները։
Վախճանած է 30 ապրիլ 2004-ին։
Սրբազանի վախճանումէն ետք Կիպրոսի մէջ լոյս տեսած են Սրբազանի գրիչին արգասիքը եղող երեք հատորներ.
- Լոյս եւ Հաղորդութիւն:
- Աստուածաշունչը եւ մենք:
- Հայ Եկեղեցին 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու շեմին:
Ապա Հալէպի մէջ լոյս տեսած է Սրբազանին «Հաւատամքի մեկնութիւնը»:
Գանատայի մէջ լոյս տեսած են Սրբազանին «Մատթէոսի Աւետարանին մեկնութիւնը» եւ «Յայտնութիւն Յովհաննու մեկնութիւնը»: Այս երկու աշխատութիւնները լոյս տեսած են Թեհրանի մէջ եւս՝ արեւելահայերէնով:
Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած են Սրբազանէն երաժշտական ու հոգեւոր գրականութեան վերաբերող հատորներ, որոնցմէ օրինակ՝ «Ձայնագրեալ շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» (մի քանի հատորներով), «Մանր սրբագրութիւններ ԺԵ. դարու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց ժամանակագրութեան մէջ», «Մեկնութիւն Պատարագի աղօթքներուն», «Հասկնանք մեր Պատարագը» եւ «Ընդդէմ Եհովայի վկաներուն» գիրքերը: Եհովաներու մասին գիրքը Հայաստանի մէջ եւս լոյս տեսած է արեւելահայերէնով: Սրբազանը կազմած է նաեւ գրաբարի դասագիրք՝ «Դիւրին գրաբար» երեք հատորով:
Հայաստանի մէջ վերջին տասն տարիներու ընթացքին լոյս տեսած են Սրբազանէն երեք հատորներ՝ «ԶԱստուած տեսնել», «Հաւատամքի մեկնութիւն» եւ «Հնգամատեանի մեկնութիւն»: Իսկ արեւելահայերէնով՝ «Յայտնութիւն Յովհաննու մեկնութիւնը» եւ «Հասկնանք մեր Պատարագը»:
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան այսպէս գրած է լուսահագի Սրբազանի վախճանումին ժամանակ.
«Գերզգայնութեան եւ զսպուած լռութեան թելերով հիւսուած անանձնականն էր իր նկարագրին ամենէն տիրական գիծը, որ Յիսուսի նմանելու իր կռչումին մէջ Եսայիի մարգարէութեան արձագանգը կը թողու իր ետին՝ իր առողջութեան եւ մանաւանդ անհանգ ստութեան օրերուն. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս բերանը չբացաւ» (Ես 53.7):
Իր անվերադարձ բացակայութիւնը երկարօրէն պիտի յամենայ, որովհետեւ, հաղորդական նշխարի մը նման ինքզինք ամբողջապէս բաժնեց բոլորիս: Իր ամենէն բազմազբաղ պահուն իսկ ժամանակ տրամադրեց մեծին ու փոքրին եւ իր իմաստութիւնը անվերապահօրէն համայնացուց:
Ինչպէ՞ս մոռնալ Հայր Զարեհը, Դպրեվանքի մեր եկեղեցական երաժշտութեան առաջին ուսուցիչն ու դպրապետը, որ իր խստապահանջ բծախնդրութեամբ ինքզինք կը պարտադրէր յորդուն բարկութեամբ եւ քիչ ետք կը ներգրաւէր մեզ ներողամտութեան բարի նայուածքով ու Հայ Եկեղեցին սիրելի դարձնելու հոգեկերտ բրուտի անդուլ ճիգերով:
Ապա, եղաւ մեր Նոր Կտակարանի ուսուցիչը։ Իրեն կը պարտիմ Աստուածաշունչի գիրքերէն Համատեսական Աւետարաններու առաւել ծանօթութիւնս, որովհետեւ, ուսանողական օրերուն անոնց այնքա՜ն տաժանելի թուող ընդօրինակութիւնը պատճառ եղաւ, որ զանոնք լաւագոյնս իւրացնեմ ու իր կեանքին մէջ տեսնեմ անոնց օրինակելի գեղեցկագոյն փթթումը:
Վստահ եմ որ աշխարհով մէկ սփռուած դպրեվանեցի ընկերներս պիտի վերյիշեն, թէ ինչպէս իրարու կը փսփսայինք, որ մեր ներշնչման աղբիւրն էր Հայր Զարեհը. այն տիպարը որուն կը ձգտէինք նմանիլ» («Ազդակ» օրաթերթ, երկուշաբթի, 3 մայիս 2004, էջ 5):
Իսկ Գրիգոր Ծայրագոյն Վարդապետ Չիֆթճեանը (ներկայիս Եպիսկոպոս, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ) այսպէս գրած է. «Հայ հոգեւոր գրականութեան, մեկնաբանական երկերու, Սուրբգրային ծանօթութեան, Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտական ժառանգութեան այս պահապանը, տառին կառչած բծախնդրութեամբ այսօրուան կեանքին պատշաճեցուց զանոնք, խղճմտութեամբ իրագործելով Անթիլիասի մէջ իր վարած քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչի պատասխանատու պաշտօնը: Հայ եկեղեցական երաժշտութեան անխաթար պահպանումը ու սերունդէ սերունդ փոխանցուած երգեցողութեան անմահացումը ապահովեց իր երաժշտական կարողութեամբ: Տքնաջան աշխատանքով իրարու ետեւէ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսան եւրոպական ձայնագրութեամբ տպուած շարականներու, մեղեդիներու ու հոգեւոր երգերու հատորներ, միաձեւ ու կանոնաւոր երգեցողութիւն ապահովելու համար մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս:
Յարատեւ աշխատանքի ու զօրեղ կամքի արդիւնք եղող ընդհանուր զարգացումով այս հոգեւորականը, շնչող հանրագիտարան մը եղաւ ու հարցումներու անտարակոյս բանալին, որուն տուած բոլոր բացատրութիւնները ու լուսաբանութիւնները հիմնաւորուած էին փաստացի տուեալներով: Պրպտող միտք մը. որուն աղբիւրագիտական ցանկը այնքան ճշգրիտ էր, այնքան ճոխ ու ամբողջական:
Սերունդներ դարբնելու կոչուած այս մեծ ուսուցիչին անունն ու համբաւը դեռ երկա՜ր պիտի ներշնչէ գալիքները, որոնք խոնարհելով անոր միա՛յն իմացական թողօնին ու մտաւորակա՛ն կտակին դիմաց, պիտի մտնեն հայ հոգեւորականութեան շարքերէն ներս:
Թարգմանչաց սերունդի յետնորդ այս թարգմանիչը Աստուածաշունչով ապրուած կեանքով չբաւարարուեցաւ միայն: Գուցէ ա՛յդ միայն բաւէր աշխարհական թէ հոգեւորական անձ մը երկինքի արքայութեան արժանացնելու: Սակայն Սրբազանը, Աստուածաշունչը ապրելէ բացի, զայն մեր ժողովուրդի այսօրուան կեանքին մէջ տեղադրելու նախանձախնդրութեամբ շուրջ 20 տարիներ առաջ ձեռնարկեց Սուրբ Գիրքի ամբողջական թարգմանութեան հսկայածաւալ աշխատանքին: Այս ծիրէն ներս տարբեր լեզուներու իր հմտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան եբրայերէն, յունարէն ու գրաբար բնագիրներու համեմատութեամբ արդի աշխարհաբարի թարգմանէ Ս. Գիրքը:
Տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, երկու հրատարակութիւններով Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Նոր Կտակարանը աւետարաններու յատուկ ներածականներով ու Սուրբգրային համառօտ բառարանով։ Իր կենդանութեան երջանկութիւնը ունեցաւ նաեւ հրատարակելու Սաղմոսաց Գիրքը, իսկ Հին Կտակարանի միւս գիրքերը, որոնցմէ շատերը՝ ինչպէս Հնգամատեանը, աւարտած էր արդէն, իր վախճանումով կը մնան թերաւարտ:
Կանթեղ մը շիջեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Կանթեղը պլպլաց պահ մը, ու ապա՝ շիջեցաւ...։ Կաթիլ առ կաթիլ հաւաքած իւղը առատօրէն բաշխեց, սակայն լոյսի բաշխումին հետ ի՜նք շիջեցաւ։ Եւ ո՜վ հրաշք, այսօր շիջած այս կանթեղը, դարե՜ր ամբողջ լուսաւորելու իւղ լեցուց մեր մշակութային լապտերին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան խորանը լուսաւորելու համար...:
Այո՛, կանթեղ մը շիջեցաւ Անթիլիասի մէջ, սակայն նոր կանթեղներ պիտի վառին հոն. ի խնղիր Հայ Եկեղեցւոյ, Հայաստանի ժողովուրդի լուսաւորութեան» («Ազդակ» օրաթերթ, երկուշաբթի, 3 մայիս 2004, էջ 5)։
Հիմա, ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանէն:
- Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է՝ որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք:
- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ:
- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն:
- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր, իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ:
- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր, իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ:
- Աւա՜ղ, ամէն օր մեր շրթները կը բանանք «Հա՜յր մեր» բացագանչութեամբ, բայց Աստուծոյ միակ հայրութեան մէջ մեր սերտութիւնը, մեր հարազատութիւնը, մեր եղբայրութիւնը կը դժուարանանք կարդալու եւ ճանչնալու: Ամէն օր աստուածային Սիրոյ ծնունդ Որդիին սիրոյ պատկերը կը կրկնենք ու կը տարփողենք, բայց այդ սիրոյն բոցակիզող, փոխակերպող, սրբագործող ու միաւորող ուժն ու զօրութիւնը չենք զգար մեր մէջ: Ամէն օր Ս. Հոգիին կոչ կ՚ուղղենք որ չհեռանայ մեզմէ, այլ՝ ընդհակառակը՝ մեզ Իր աննիւթական պարգեւներովը ողողէ, բայց կը դանդաղինք ամբողջապէս Անոր յանձնուելու՝ որպէսզի լեցնէ մեզ, առաջնորդէ մեզ, աճեցնէ եւ Իր գործին ծառայող ընտիր անօթներու վերածէ մեզ, որպէսզի այս աշխարհի վրայ փրկագործութեան աստուածային գործին մարդկային գործիքները ըլլանք՝ Իր փառքին համար:
- ԲԱՐԻ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ գիտակցաբար ընտրուած եւ ընդունուած նպատակ մը գործի վերածելու դրական որոշումն է, որ դարձեալ պարագայական որոշում մը չէ՝ անմիջական նպատակ մը իրականացնելու կոչուած, այլ որ հիմնական եւ մնայուն տրամադրութիւն պէտք է ըլլայ մարդուն մէջ, ամբողջ կեանքին վրայ տարածուող: Բարի կամեցողութենէն բխած սէրը, հետեւաբար, տոկո՛ւն սէրն է՝ դէպի նպատակ լարուած:
- Դպրոց, ուսում, կրթութիւն:
Դպրոցը յարկ մըն է պարզապէս, առաւել կամ նուազ ջերմ, ժամանակաւոր հանգամանքով մը կեանքի մէջ: Ուսումը միջոց մըն է միայն, օժանդակ գործիք մըն է մարդուն համար, զէնք մը՝ ինքզինք հաստատելու: Իսկ դպրոցին եւ ուսման նպատակն է՝ կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը: Ինչո՞ւ:
Պարզապէս որովհետեւ կրթութիւնը կամ դաստիարակութիւնն է որ մարդս կեանքին համար կը պատրաստէ: Հիմնական դերը որ ուսումն ու կրթութիւնը պէտք է ունենան՝ մարդուն կերտումն է, մարդուն մտաւոր եւ հոգեւոր կազմաւորումը, մարդուն նկարագիրը, վարքագիծը: Ա՛յս է որ դաստիարակութիւն կը կոչենք:
- Ժողովուրդները չե՛ն մեռնիր հալածուելով եւ տանջուելով: Ժողովուրդները կը մեռնին միայն ա՛յն ատեն՝ երբ կ՚ենթարկուին թշնամիին կողմէ նիւթուած ու պարտադրուած դաւին, անոր գիտակից եւ կամաւոր զոհը դարձնելով իրենք զիրենք:
Ժողովուրդները չե՛ն մեռնիր ջարդուելով, կոտորուելով: Ժողովուրդները կը մեռնին ա՛յն ատեն միայն՝ երբ կը թուլնան, իրենց սիրտին լարը, սիրտին քաջութիւնը կը կոտրուի եւ պատրաստ կ՚ըլլան ամէն զիջումի:
Ժողովուրդները չե՛ն մեռնիր բռնագաղթի ենթարկուելով. այլ կը մեռնին միայն ա՛յն ատեն՝ երբ կը մոռնան այն կոչումը, որ իրենք ունին, այն սրբազան աւանդը, որ տրուած է իրենց. երբ կը մոռնան իրենց իրաւունքները, կը մոռնան այն ժառանգութիւնը, որուն տէրերը պիտի ըլլային իրենք:
Ժողովուրդները չե՛ն մեռնիր նոյնիսկ երբ երկար ժամանակ հայրենազուրկ կը մնան, առանց հայրենիքի կ՚ապրին. որքան ալ դժուար, բայց ժողովուրդներ կը դիմանան անոր, եւ կը մեռնին միայն ա՛յն ատեն՝ երբ իրենց սրտերուն մէջէն փախչի այն հայրենիքը, որ աւելի՛ ամուր հող է իրենց ոտքին տակ՝ քան նիւթեղէն հայրենիքը պարզապէս. այլ խօսքով՝ երբ պատրաստ կ՚ըլլան մոռնալու ե՛ւ իրենց հաւատքը, ե՛ւ իրենց լեզուն, ե՛ւ իրենց ինքնութիւնը, ե՛ւ իրենց հոգեւոր բոլոր այն գանձերը, որոնք կը կոչենք ժողովուրդի մը մշակոյթը եւ մշակութային հարստութիւնը:
- Հարցում. Ի՞նչ է Աստուածաշունչը:
Պատասխան. Եթէ այս երկիրը, որ մեր աշխարհն է, եւ զայն շրջապատող արեւային դրութիւնը եւ անոր շուրջ գտնուող արեգակնային միւս բոլոր դրութիւնները, որոնք անհուն եւ անսահման տիեզերքը կը կազմեն, ունին իրենց ծնունդը եւ ուստի՝ իրենց ստեղծիչը, Արարիչը - զոր աստուածաբանը կը կոչէ անսկիզբն Աստուած, իմաստասէրը կը ճանչնայ իբրեւ Բան կամ Գերագոյն Միտք, գիտնականը կը յայտարարէ իբրեւ Գերագոյն Պատճառ, բարոյախօսը կը դաւանի իբրեւ Գերագոյն Բարին -, տիեզերական սքանչելի կարգաւորութեան եւ բնութեան անշեղ օրէնքներուն այդ խորհրդաւոր եւ անծանօթ Մեծ ճարտարապետն ու Օրէնսդիրը, Գերագոյն Իմաստութիւնը, իր ստեղծած տիեզերքին համար նպատակ մը ունէր հարկաւ: Այս աշխարհին վրայ «Իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն» բանական մարդը արարող Բարձրագոյն Բանականութիւնը հարկաւ նաեւ Իր ծանօթութիւնը պիտի տար, Ինքզինք պիտի յայտնէր եւ պիտի խօսէր մարդուն, Իր գիտութեամբ պիտի օժտէր զայն եւ հաղորդ դարձնէր Իր նպատակին, Իր մեծ ծրագրին: Աստուածային այդ յայտնութիւնն է, ահա, Աստուածաշունչը: ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ՝ ուղղուած մարդուն:
- Հարցում. Ինչո՞ւ մեր եկեղեցին քառասուն օրերու երկար այս շրջանը [Մեծ պահքի շրջանը] սահմանած է ապաշխարութեան եւ պահեցողութեան համար, եւ զայդ սահմանած է Զատիկի տօնէն անմիջապէս առաջ:
Պատասխան. Օրերու 40 թիւը խորհրդանիշ թիւ մըն է պարզապէս: Մեր ապաշխարութեան քառասունքը նմանութիւնն է Իսրայէլի ժողովուրդին անապատին մէջ անցուցած քառասնամեայ շրջանին: Այդ նմանութիւնը մենք կրնանք տեսնել հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.-
1.- ՓԱԽՈՒՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ: Եբրայեցի ժողովուրդը Եգիպտոսի մէջ ստրկութեան կապանքներուն մէջ տառապելով հանդերձ, չմտածեց այդ գերութենէն դուրս գալու մասին, մինչեւ որ եկաւ Աստուծոյ սահմանած ազատարարը եւ զիրենք ազատեց ստրկութեան կապանքներէն: Բայց ազատութեան իրաւունքը վայելելու համար Իսրայէլը պէտք էր գին մը վճարէր, արժանի ըլլալու համար անոր, եւ այդ գինն էր որ ձեւով մը վճարեց 40 տարիներու անապատային իր կեանքով: Մեր ազատագրութիւնը Քրիստոսի ձեռքով ստացած ենք մենք, ձրի որպէս շնորհք. բայց այդ ազատութեան արժանի ըլլալու եւ անոր յարգը գիտնալու համար մենք քառասնօրեայ կամաւոր մեկուսացում մըն է որ կը փորձենք ապրիլ:
2.- ԹԱՓԱՌՈՒՄ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ: Եբրայեցի ժողովուրդը 40 տարի թափառեցաւ անապատին մէջ սորվելու համար, թէ ի՛նչպէս Աստուած անապատի ամայութեան մէջ իսկ կը կերակրէ Իր ժողովուրդը մանանայով եւ ամուլ ժայռէն իսկ ջուր կը բխեցնէ՝ անոնց պապակը անցընելու համար: Մեր քառասունքը նոյնպէս թափառում մըն է: Թափառում՝ մեր հոգիներու անապատին մէջ, որպէսզի սորվինք, թէ ի՛նչպէս Աստուած մեր ամուլ հոգիներն իսկ կրնայ ջրարբի պարտէզի եւ պտղաբեր երկրի վերածել եւ հոգեղէն հացով առատացնել, եթէ մենք մեզ իր առաջնորդութեան յանձնենք:
3.- ՀԻՆ ԲԱՐՔԵՐՈՒ ԹՕԹԱՓՈՒՄ: Աստուած նպատակաւոր կերպով երկարեց Իսրայէլի թափառումը անապատին մէջ, որպէսզի անոնք թօթափեն իրենցմէ եգիպտական բարքերը, եգիպտական կուռքերը, եգիպտական շռայլութիւնները, եգիպտական ցոփութիւնները եւ որպէս նոր ժողովուրդ մտնեն իրենց խոստացուած երկիրը: Նոյնպէս մեր քառասունքը բաւարար ժամանակ է եւ առիթ՝ որ կարենանք քննել եւ թօթափել մեզմէ մեր օտարոտի բարքերը, Աստուծոյ սրբութեան եւ սիրոյն անհաշտ եղող մեր բոլոր մտածումները, ցանկութիւններն ու գործերը, որպէսզի նորոգուած հոգիներով կարենանք մտնել մեզի խոստացուած ժառանգութիւնը:
4.- ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ: Եբրայեցի ժողովուրդին համար անապատային քառասնամեայ շրջանը առիթ էր նաեւ որ անոնք Մովսէսի ձեռքով սորվին աստուածային օրէնքները եւ հետզհետէ հաստատուին ճշմարիտ աստուածպաշտութեան մէջ: Իրենք Սինա լեռ չբարձրացան, եւ լեռը ինքը ամպի մշուշով ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն: Բայց Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի միջնորդութեամբ հաղորդ դարձան Աստուծոյ խորհուրդին եւ խօսքին: Նոյնպէս մեր քառասունքը առիթ է որ մենք առանձնութեան մէջ խոկանք եւ Աստուծոյ պատուիրանները սերտենք: Եւ թէպէտ 40 օրերու վրայ մեր Սինա լեռը՝ այսինքն Աստուծոյ Սուրբ Խորանը ծածկուած կը մնայ մեր աչքերէն, վարագոյրով պատուած, բայց Աստուծոյ պաշտօնեաներուն ձեռքով կը պահենք մեր հաղորդութիւնը Աստուծոյ խորհուրդին եւ յաւիտենական խօսքին հետ:
5.- ԶԱՏԻԿԻ ՃԱՇԱԿՈՒՄ՝ ԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ: Անապատային քառասնամեայ շրջանը՝ անդադար քայլք մըն էր դէպի յատուկ նպատակակէտ մը, եւ որ ի վերջոյ յանգեցաւ Զատիկը աւետեաց երկրին մէջ ուտելու արժանանալուն: Նոյնպէս մեր քառասունքը անընդհատ քայլք մըն է դէպի բարձունք, մագլցում մըն է դէպի նոր Սինա, եւ որ պէտք է մեզ յանգեցնէ՝ արժանաւորապէս մտնելու Աստուծոյ սրբարանը եւ արժանաւորապէս ճաշակելու մեր Զատիկը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 11 փետրուար 2024
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024