ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ

Գում­գա­բուի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ մա­տու­ցու­եցաւ Ս. Պա­տա­րագ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, յըն­թացս Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ մեր քա­հա­նա­յից դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն նո­րոգ վախ­ճա­նեալ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեա­նի վեր­ջին օծ­ման եւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կար­գը։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան կա­տա­րեց հո­գե­լոյս Տէր Հօր վեր­ջին օ­ծու­մը, իսկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր հայ­րերն ու մեր քա­հա­նա­յից դա­սը։ Ներ­կայ էին նաեւ վախ­ճա­նեալ Տէր Հօր հա­րա­զատ­նե­րը։

Յու­զում­նա­խառն ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ հո­գե­լոյս Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեա­նի թաղ­ման կար­գը կա­տա­րուե­ցաւ Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015