ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՐԱ՛ԽՏ Է
Կասկած կա՞յ, սիրելի՜ բարեկամներ, որ ընտանիքը դրախտ է, եթէ զայն կազմող անդամները՝ գլխաւորութեամբ այր եւ կնոջ, համերաշխ են եւ ներդաշնակ։ Այս միասնականութեան մէջ կարեւորագոյն անդամը կինն է՝ որպէս մայր, որպէս միւս բոլոր անդամները միացնող, իրարու կապելու իր շնորհով։ Եւ այս իմաստով կիներու կը վերաբերի մեծ պատասխանատուութիւն՝ ընտանիքի մը մէջ միաբանութիւնը, համերաշխութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատելու եւ պահպանելու եւ տեւականացնելու համար, որոնց շնորհիւ ընտանիքը կը վերածուի դրախտ՝ երկրի վրայ։
Բայց այրեր եւս ունին պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն՝ ընտանիքի համերաշխութեան նկատմամբ։
Այս կէտին, յաճախ մեր միտքը կը զբաղեցնէ սա հարցը՝ թէ «Անառակ որդի»ին առակին մէջ (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32), եթէ մայրը գոյութիւն ունենար, տղան պիտի երթա՞ր օտար երկիր, քանի որ ան աւելի հոգ պիտի տանէր ընտանիքի միութիւնը պահպանելու եւ հաստատ պահելու։ Արդարեւ, պէտք է մեր ուշադրութիւնը դարձնենք այդ մանրամասնութեան, քանի որ առակին մէջ չի յիշուիր ընտանիքի մայրը եւ կը խօսուի միայն հօր մասին։ Եւ որքան դժուար է առանց մօր գոյութեան կառավարել տուն մը, ընտանիք մը՝ ուր միայն հայրը պատասխանատո՛ւ է։ Եւ ի՜նչ դժբախտութիւն, երբ ընտանիքի հօր կը պակսի ընտանիքի մայրը, իր ամբողջ հմտութիւնով, պարտականութեան գիտակցութեամբ։
Չէ՞ որ Աստուած տեսաւ, որ Ադամը միակ թողուլ ճիշդ չէ, ստեղծեց Եւան՝ իբրեւ գործակից Ադամին եւ անոնց միութիւնը հաստատեց որպէս անլուծանելի՛ համակեցութիւն։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ իմաստով, ի՜նչ երանելի են այն կիները, որոնք ունին ամուսիններ, որոնք ճշմարիտ լծակիցներ են իրենց, որոնք նկատի կ՚առնեն եւ արժէք կ՚ընծայեն իրենց ամուսին կիներուն՝ ինչ որ կը նշանակէ զգացումներու, ճաշակի, իտէալի, համոզումներու միութիւն, նաեւ ֆիզիքական միութիւն։ Անոր տկարութիւնները, թերութիւնները եւ մարդկային անկատարութիւնները հանդուրժողութեամբ եւ ներողամտութեամբ դիմաւորել համերաշխութեան անհրաժեշտ պայմա՛նն է։
Սէրը՝ հոգիին ազատութիւնն է, իսկ հոգիի ազատութիւնը համերաշխութեան հիմն է եւ ուրեմն, սէրը եւս անհրաժեշտ է ընտանիքի մը արդիւնաւորութեանը համար։
Ընտանիքի մէջ այր եւ կնոջ միութիւնը ո՛չ թէ նուիրապետական, դասաւորական յարաբերութիւն մը, այլ գործակցական, զիրար ամբողջացնող էութիւն մըն է։ Կրնայ հաւասարներու մէջ առաջնակարգ մը ընդունիլ, բայց ասիկա ո՛չ թէ իշխանութեան, այլ կարգապահութեան հարց մըն է։ Ուստի, ընտանիքի մէջ անդամներու վրայ ազդեցութիւն գործել՝ պէտք է համբերութեամբ, քաղցրութեամբ, սիրով եւ աղօթքով, այսինքն՝ Աստուծոյ օրհնութեա՛մբ։
Ընտանիքը՝ առտնին Եկեղեցի է։ Եւ Եկեղեցին խաղաղութեան վայրն է։ Ուրեմն, ընտանիքը պէտք է ըլլայ խաղաղութեան բոյն մը՝ որ իրական դրախտ մը ըլլայ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ կիներ՝ մայրեր ստեղծած են դրախտ ընտանիքներ, երջանիկ միութիւններ, ուր խաղաղութիւն կը տիրէ, ուր ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամ երանութիւնը կը վայելէ ո՛չ միայն երկինքի մէջ, այլ՝ երկրի՛ վրայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ