ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ Հայաստան։ Օդային ճամբով ժամանելէ վերջ, ան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Մայրավանք, ուր կ՚իջեւանի իր կեցութեան օրերուն։ Այս առաւօտ ալ Մայրավանքի համալիրէն ներս, լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի մասնակցութեամբ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համար տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն, որմէ վերջ ան Վեհարան առաջնորդուելով ողջագուրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ, այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն մասնակցութիւն կը բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ Աթոռի գահակալը ԳՀԽ-ի ժողովներուն կը մասնակցի՝ որպէս ատենապետ։ Ամէն տարի Մեծ պահքի սկիզբին տեղի կ՚ունենայ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջաններէն մին։ Այս տարեմուտի դրութեամբ ալ կը քննարկուին ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթ նիւթերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կեցութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։ Ան յառաջիկայ երեքշաբթի պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։
Մինչ այդ, երէկ օդային ճամբով Երեւան մեկնելէ առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ ճանապարհի աղօթքի։ Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները ողջերթ մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։