ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երկու ղեկավարները տեսակցելէ վերջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Երեկոյեան ալ Էլիզէի պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան պաշտօնական ընթրիքով մը հիւրընկալուեցան Էմմանիւէլ-Պրիժիտ Մաքրոն ամոլին կողմէ։ Փաշինեան երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի հետ ալ տեսակեցեցաւ։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան այսօր կը մէկտեղուի նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ։

Երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին երկու ղեկավարները կարեւոր պատգամներ տուին։ Մաքրոն յայտնեց, որ Սիւնիքի մէջ պատահած վերջին դէպքը կու գայ ապացուցանել, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ նոր մագլցման վտանգը իսկապէս գոյութիւն ունի։ «Անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճան փարատէ երկիմաստութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ քարտէսներու վերաբերեալ», ըսաւ Մաքրոն եւ աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս զարգացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ։ «Բառերէն այն կողմ, մենք Հայաստանի կողքին ենք։ Հայաստան նոյնպէս պէտք է օգտուի Եւրոպայի խաղաղութեան միջոցներէն։ Եւրոմիութիւնը եւ Հայաստանը կը փափաքին նոր գործընկերութեան ժամանակացոյց մը», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ Մաքրոնին հետ արդիւնաւէտ քննարկումներ ծաւալած են։ «Հայաստան կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններուն տարածքային ամբողջականութիւնը։ Պաշտպանական կարողութիւններու զարգացումը չի կրնար ոեւէ մէկուն մօտ անհանգստութիւններ յառաջացնել։ Մեր միակ խնդիրն է տարածաշրջանէն ներս ճիշդ հաւասարակշռութիւն ձեւաւորելն ու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած սահմանները, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը պաշտպանելն է եւ մեր երկրի դիմադրունակութիւնը բարձրացնելը», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը համոզուած է, թէ սկզբունքներու նկատմամբ հաւատարմութեան պարագային իսկապէս հասանելի ու իրատեսական է Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւ այսօր կ՚այցելէ Հայաստան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024