ՄԱՏԱՆԻԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Յաճախ կը խօսինք ամուսնութեան խորհուրդին՝ անոր անհատական եւ հաւաքական-ընկերային եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կարեւորութեան եւ ներկայացուցած արժէքին մասին։ Ամուսնութեան սրբազան միութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ արդարեւ առ տնին եկեղեցի մըն է՝ սրբատեղի մը եւ Աստուծոյ տունը նաեւ, քանի որ Աստուած սէր է եւ ուրեմն ո՛ւր որ սէր կայ՝ հոն ներկայ է Աստուած, եւ քանի որ ամուսնութեամբ կազմուած այս հրաշալի՜ միութեան հիմը սէ՛րն է, ապա ուրեմն որքան ճիշդ է ընտանիքը անուանել՝ առ տնին եկեղեցի մը, սրբատեղի մը, Աստուծոյ տո՛ւնը։
Ամուսնութեան խորհրդանիշներէն մին ալ է՝ «հարսանեկան մատանի»ն։ Արդարեւ «հարսանեկան մատանի»ն պարզ նշան մը, ամուսնութիւնը ցոյց տալու համար մատին վրայ դրուած առարկայ մը չէ, իսկ զարդ երբեք չէ՛, այլ խորհրդանիշ մըն է, ամուսնութեան խորհուրդին մարմնացեալ խորհրդանի՛շն է։ Ուստի հարսանեկան մատանին պարզ նշան մը կամ զարդ մը համարել՝ պարզամտութիւն է, աւելին՝ թեթեւութիւն է…։
Հարսանեկան մատանին պարզ իր մը չէ՛, այլ խորհուրդի մը մարմնացումը՝ խորհրդանի՛շ մըն է։
Ամենէն պարզ բացատրութեամբ, հարսանեկան մատանին՝ ամուսիններուն՝ հարսին ու փեսային ամբողջական, կատարեալ եւ իրական սէրը ցոյց կու տայ։
Ինչպէս որ մատանին մէ՛կ մատին վրայ կը դրուի՝ նոյնպէս ալ հարսը մէ՛կ փեսային եւ փեսան ալ մէ՛կ հարսինն է։ Ինչպէս որ մատանին մատին վրայ մատին հետ կ՚ամբողջանայ, նոյնպէս ալ հարսը՝ կին-մարդը եւ փեսան՝ այր-մարդը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ մէկ-ամբողջ կ՚ըլլան։
Մատանին բոլորաձեւ է, եւ կը դրուի ձախ ձեռքին մատնեմատին՝ որով ինչպէս հինէն ի վեր կը հաւատային, եւ կը գիտցուէր՝ նոյն տեղէն երակ մը կ՚երթայ դէպի սիրտ։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յդ է, որ կը խորհրդանշէ, թէ հարսը եւ փեսան պէտք է կատարեալ սէր ունենան իրարու հանդէպ։ Արդէն, ինչպէս ըսինք, սէրը ամուսնութեան միութեան առանցքը եւ ընտանիքին հի՛մն է։
Հոս, եթէ կ՚արտօնուի, շեղում մը ընենք եւ խօսինք սիրոյ մասին։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ սէրը ժամանակի ընթացքին կը նուազի, կը ցամքի, կը սպառի, ո՛չ սիրելիներ, ճշմարիտ սէրը հետզհետէ աճող, հետզհետէ տարածուող, հետզհետէ բազմացող զգացում մըն է։ Սէրը սերմ մըն է՝ որ կ՚աճի, ծառ կ՚ըլլայ. անտառ կ՚ըլլայ, կ՚ընդարձակուի եւ երբեք անապատի չի՛ վերածուիր, չի՛ չորնար, չի՛ ցամքիր։ Իսկ այդպէս կարծողներ՝ կը նշանակէ, որ իրական ու անկեղծ սիրոյ մասին չեն խօսիր։ Իրական սէրը երբեք չի պակսիր, այլ կ՚աւելնայ, կը ծաւալի՜…։
Սիրոյ ամուր հիման վրայ հաստատուած ամուսնութեան կապ մը, միութիւն մը, այս իսկ պատճառով երբեք չի՛ քայքայուիր, չի՛ կազմալուծուիր. սիրոյ վրայ հաստատուած ամուսնութիւն մը մշտատեւ է, եւ անոր ամբողջութիւնը խախտել կարելի չէ, այդպիսի միութիւն մը անսասան է եւ այդպէս կը մնայ։ Ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ զօրութիւն կրնայ գերազանցել սիրոյ ուժն ու զօրութիւնը…։
Ուրեմն, պիտի համարձակիմ ըսել, թէ՝ սիրոյ վրայ հիմնուած ամուսնութիւնը կը տեւէ նոյնիսկ մահէն ետք, քանի որ սէրը անմահ է եւ մշտնջենաւոր։
Կարելի է չափազանցութիւն համարուի մեր այս համեստ համոզումը, կարելի է եկեղեցական աւանդական վարդապետութեան եւ հաւատալիքներու ներհակ համարուի այս գաղափարը, բայց մենք կը մտածենք այսպէս՝ բոլորովին աստուածային ճշմարտութիւններու եւ հաստատ համոզումներու սահմաններուն մէջ եւ մանաւա՛նդ կեանքի դառն ու դժնդակ փորձառութեամբ։ Այս հարցին մօտենանք սա տեսանկիւնէն. երբ մէկու մը ծնողքը բաժնուի այս երկրաւոր կեանքէն՝ կը դադրի՞ անոնց «ծնողք» հանգամանքը։ Արդարեւ անոնք միշտ «ծնողք» են եւ «ծնողք» կը մնան, նոյնիսկ մահէն վերջ իսկ։ Եւ կամ եղբայր մը՝ իր մահէն յետոյ այլեւս եղբայր ըլլալէ կը դադրի՞։ Հապա ուրեմն աստուածային նախախնամութեամբ կազմուած ամուսնութեան սրբազան միութիւնը կարո՞ղ է վերջացնել մահը։ Հետեւաբար ան կը տեւէ մահէն յետոյ իսկ։ Սուրբ կեանք է ամուսնութիւնը. եւ կարելի՞ է, որ վերջանայ սրբութիւնը՝ որ հաճելի՛ է Աստուծոյ։ Չէ՞ որ Առաքեալը, քրիստոսաւանդ քաջութեամբ կը հարցնէ մահուան՝ թէ ո՞ւր է իր խայթոցը, ո՞ւր է իր զօրութիւնը…։
Մահը աւելի զօրաւոր չէ՛ քան սէրը, ապա ուրեմն սիրոյ վրայ հաստատուած ամուսնութիւնն ալ չի լուծուիր մահուամբ՝ այնքան ատեն, որ ամուսիններէն մին՝ այր կամ կին կը շարունակէ ապրիլ կեանքը այս աշխարհի վրայ։ Տարակուսողներու յիշեցնենք, թէ մեր խօսքը ո՛չ թէ երկնային կեանքի, այլ երկրաւոր կեանքի մասին է, քանի որ երկնային կեանքի մէջ ամուսնութեան մասին Յիսուսի վարդապետութիւնը յստակ է եւ բացայայտ՝ թէ երկնային կեանքի մէջ երկրաւոր իմաստով ամուսնութիւն չկայ եւ միա՛յն փառաւորեալ մարմիններով կ՚ապրին յարութիւն առածները յաւիտենապէս…։
Եւ այս երկա՜ր շեղումէն ետք՝ շարունակենք խորհրդածել «հարսանեկան մատանի»ին մասին։
Մատանիին խորհուրդը կը վերաբերի նաեւ հաւատքին։ Նոյնպէս հաւատքը կը դրուի մարդուս իմացականութեան վրայ՝ որ մէկն է ներքին հինգ զգայարաններէն։ Մատանին կը դրուի սրտի երակ ունեցող մատին, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ մարդուս հաւատքը առ Քրիստոս սրտի ջերմ ու անկեղծ, մաքուր սիրով հաստատուած պէտք է ըլլայ։ Եւ դարձեալ, ինչպէս որ մատանին մատը կը պատէ, կը բոլորէ բոլոր կողմերէն, նոյնպէս ալ ամբողջական հաւատքը կը պահպանէ մարդուս հոգին ու մարմինը չարէն եւ բոլոր մոլորութիւններէն։ Նաեւ՝ ինչպէս ընտիր ու պատուական է մատանիի նիւթը՝ որ ոսկի կամ արծաթ է, նոյնպէս պատուական ու ընտիր եւ անբիծ պէտք է ըլլայ մարդուս հաւատքը առ Քրիստոս։ Մատանին անխառն նիւթէ կը շինուի՝ ինչպէս պէ՛տք է ըլլայ հաւատքը։
Հարսանիքի մատանիին գոյնը դեղին կամ սպիտակ կ՚ըլլայ, ի՛նչ որ ցոյց կու տայ մարդուս հաւատքին պայծառութիւնը, յստակութիւնը։
Սպիտակը՝ հոգիին անմեղութիւնը կը խորհրդանշէ։ Իսկ դեղինը՝ առաքինութեամբ հանդերձ մարմնի ահն ու երկիւղը։ Ակնածա՛նք ցոյց կու տայ։
Մատանիին մետաղեայ նիւթը ձայնեղ է, այսինքն երբ տեղ մը իյնայ զրնգուն՝ հնչուն ձայն կը հանէ եւ ինքզինք իր ձայնով կը յայտնէ։
Եւ ինչպէս մատանին՝ այնպէս ալ հաւատքը պէ՛տք է յայտնի դարձնել՝ ի լուր եւ տեղեկութիւն ամէնքին։ Ուստի պէտք է հաւատքը փայլի եւ յայտնի ըլլայ՝ ինչպէս մատանին։
Ուրեմն, սիրելի բարեկամներ, կը տեսնուի, թէ մատանին՝ «հարսանեկան մատանի»ն պարզ իր մը կամ զարդ մը չէ՛, այլ՝ խորհուրդ մը, որուն պէտք է ընծայուի մեծ արժէք…։
- Օգտուեցանք Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը, գիտելիքներ հաւատացեալներուն» գործէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 30, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024