200-ԱՄԵԱԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Թիֆլիզի ամենահին ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը Ներսիսեան հայկական դպրոցի շէնքն է, որ այսօր ալ իր պատմական տեսքով ակնածանք կ՚առաջացնէ, ինչպէս նաեւ՝ հետաքրքրութիւն այդ վեհաշուք կառոյցին հանդէպ:
Անդրկովկասի առաջին հայկական դպրոցն էր զայն, որ հայկական միջնակարգ դպրոցներու մէջ ամենանշանաւորն է եւ բացառիկ դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Այս տարի կը լրանայ Ներսիսեան դպրոցի 200-ամեակը: Դպրոցը գործած է մէկ դար, գոցուած է 1924 թուականին՝ ճիշդ 100 տարի առաջ: Շէնքը, ի տարբերութիւն Թիֆլիզի հայկական ուրիշ պատմական կառոյցներու, անթողութեան մատնուած չէ. հոն տարիներ առաջ բացուած է Կովկասեան համալսարանը, որն այսօր զանազան ազգերէ տասը հազար ուսանող ունի: Համալսարանի ղեկավարութիւնը ձգած է կառոյցը այնպէս, ինչպէս եղած է. պահպանուած են յատակի խճանկարը, ներսի սիւները, նախշազարդերը եւ այլ ձեւաւորումներ, որոնք դպրոցի դիմագիծը կը ներկայացնէին:
Վիրահայոց թեմը օրերս Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հետ միասին նշեց Ներսիսեան դպրոցի 200-ամեակը՝ նշանաւորելով զայն ցուցահանդէսով, որու ընթացքին առաջին անգամ ցուցադրուեցան պատմական փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ցուցահանդէսը նախ բացուած է Ներսիսեանի շէնքին մէջ, ապա՝ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, իսկ դպրոցի շէնքին մէջ յոբելեանի առթիւ տեղադրուած են յուշատախտակներ, որոնք վրացերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով, տեղեկութիւններ կը հաղորդեն այսօր համալսարան ծառայող շէնքի հիմնադրման մասին:
Ներսիսեան դպրոցէն դուրս եկած են մեծ թիւով հայ գրողներ, գիտնականներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, յայտնի մանկավարժներ եւ այլք։ Ուստի ցուցահանդէսին մեծ տեղ գտած են նշանաւոր ներսիսեանցիներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ՝ հարուստ տեղեկութիւններ հիմնադրի, բարերարի մասին:
Ներսիսեան դպրոցը, ինչպէս ծանօթ է՝ հիմնուած է 1824 թուականին՝ Ներսէս Աշտարակեցիի եռանդուն ջանքերով եւ իր հիմնադրի անունով ալ կոչուած է զայն: Շինութեան նախագծի հեղինակը փեթերսպուրկցի ճարտարապետ Լիմքուրն է, իսկ կառուցման ծախսերը հոգացած է հայ մեծահարուստ Ալեքսանտր Մանթաշեանցը։ Առաջին տեսուչը եղած է հայ ականաւոր գրող եւ մանկավարժ Յարութիւն Ալամդարեան։
Ներսիսեան հայկական մշակոյթի փայլուն օճախներէն մէկն էր եւ շատ կարեւոր դեր կատարած է հայ իրականութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ։ Իր գոյութեան հարիւր տարուան ընթացքին Ներսիսեան դպրոցը հայ ժողովուրդին տուած է գրականութեան ու արուեստի, մանկավարժութեան ու գիտութեան, գիւղատնտեսութեան ու արդիւնաբերութեան, առողջապահութեան ու մշակոյթի շուրջ երկու հազար անխոնջ մշակներ, որոնք գերազանցապէս գործած են հայկական անդաստանին մէջ։
Դպրոցի առաջին շրջանաւարտները եղած են հայ նոր գրականութեան հիմնադիր, մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեան, «Հիւսիսափայլ»ի խմբագիր-հրատարակիչ, հրապարակախօս Ստեփանոս Նազարեան, հայ նոր թատրոնի ջատագովներէն մէկը՝ Գալուստ Շերմազանեան եւ ուրիշներ։
Ներսիսեան դպրոցին մէջ սորված են նշանաւոր հայ գրող Պերճ Պռոշեան, գրող ու մանկավարժ Ղազարոս Աղայեան, հանճարեղ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, ականաւոր գրող Դերենիկ Դեմիրճեան, յայտնի ազգագրագէտ Երուանդ Լալաեան եւ հայ մշակոյթի շատ ու շատ այլ ականաւոր գործիչներ։
Բացառիկ կարեւոր դեր խաղացած է Ներսիսեան դպրոցը հայ աշխարհաբար գրական նոր լեզուի ձեւաւորման ու զարգացման գործին մէջ։ Խաչատուր Աբովեանի, Ստեփանոս Նազարեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի եւ այլոց տարածած սերմերը հայ աշխարհաբար գրական լեզուի ստեղծման ուղղութեամբ բարենպաստ հող գտած են Ներսիսեան դպրոցի միջավայրին մէջ։ Այդ դպրոցին մէջ կ՚ուսանէին Կովկասի տարբեր անկիւններէն եկած սաներ, որոնց բազմազան բարբառներէն պիտի հարստանար ու ձեւաւորուէր արեւելահայ աշխարհաբար նոր լեզուն։
Ցուցահանդէսին զատ բաժինով ներկայացուած է դպրոցի հիմնադիր Ներսէս Աշտարակեցին՝ ծնունդէն մինչեւ մահ:
Ինչպէս յայտնի է՝ Ներսէս Ե. Կաթողիկոսը վախճանած է 87 տարեկանին, Թիֆլիզի հայոց առաջնորդարանի գրասեղանին առջեւ եւ անոր մարմինը յետագային փոխադրած են Էջմիածին: Իրմէ Թիֆլիզի մէջ իբրեւ յիշատակ մնացած են բազմաթիւ կառոյցներ, բայց յայտնի է մանաւանդ Ներսիսեան դպրոցը:
Ներսիսեան դպրոցի աշակերտ եղած Ալեքսանդր Երիցեան յետագային դարձած է Աշտարակեցիի կենսագիրը եւ հրատարակած՝ «Նիւթեր Ներսէս Ե.-ի կենսագրութեան համար» հատորը (Թիֆլիզ, 1877):
Կաթողիկոսը հայ ազնուական գերդաստանէն էր, աւազանի անունով՝ Թորոս Շահազիզեան. Շահազիզեաններու տոհմը կը սերէր միջնադարեան Կամսարականներու նախարարական տոհմէն:
Կենսագիր Ալեքսանդր Երիցեանի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տոհմի հիմնադիր Շահազիզը Երեւանի գաւառի Սուրմալուի վարչութեան ղեկավար Սատաթ Բէկի եղբայրն էր: Սատաթ Բէկը, այստեղ հիմք դրած էր Կամսարականներու նոր տոհմին: Երիցեան կը տեղեկացնէ, որ օգտուած է Գալուստ Շերմազեան-Վարդանեանի եւ Յարութիւն Շահազիզեան-Կամսարականի հաւաքած նիւթերէն, որոնցմէ մաս մը, դժբախտաբար, Թիֆլիզի մէջ ոչնչացուած է 1865 թուականին: Յետագային Աշտարակեցին ազնուական ծագումի վկայագրեր կու տայ Գաբրիէլ, Յովհաննէս եւ Բարսեղ Գեղամեաններուն, որոնցմէ վերջինը եղած է Երեւանի քաղաքագլուխը 1884-1893 թուականներուն: Աշտարակեցին, սակայն, զայրացուցած է այն հանգամանքը, որ Գեղամեանները ինքզինքնին ներկայացուցած են որպէս Գեղարքունիքի ճորտատէրեր, իսկ գիւղացիները՝ ճորտեր. «Հայոց մէջ ճորտ կամ ստրուկ երբեք չէ եղած», ըսած է ան եւ ազնուական տիտղոս կրելով հանդերձ, իր նամակներուն աւարտին, միշտ ստորագրած է. «Նուաստ Ներսէս Աբեղայ»:
Ծնած է քահանայի ընտանիքի մէջ (1770), ութ տարեկանին կ՚ընդունուի Կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցիի հիմնած Էջմիածնի Ժառանգաւորաց դպրոցը, ուր կ՚ուսանի տասներեք տարի, կ՚ըլլայ դպրոցի ամենալաւ աշակերտներէն եւ աւարտելէն ետք կը ստանայ հոգեւորականի կոչում՝ օծուելով Ներսէս անունով:
Կը յայտնուի եկեղեցական իրադարձութիւններու կիզակէտին եւ ի սկզբանէ աշխոյժ մասնակցութիւն կ՚ունենայ Ղուկաս Կաթողիկոսէն ետք սկսած իրադարձութիւններուն, որոնք կապուած էին Յովսէփ Արղութեանի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուելուն հետ: Վերջինիս թեկնածութեան դէմ էր հոգեւորականներուն մեծ մասը, որոնց մէջ նաեւ՝ Ներսէս Աշտարակեցին: Անոնք կը պաշտպանէին Պոլսոյ Պատրիարք Դանիէլի թեկնածութիւնը: 1801-ի փետրուարին Յովսէփ Արղութեան կը հասնի Թիֆլիզ, սակայն կը հիւանդանայ ժանտատենդով եւ կը մահանայ:
Ներսէս Աշտարակեցին կը վայելէր Դանիէլ Եպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը եւ որպէս աբեղայ անոր հետ կ՚այցելէ զանազան վայրեր, այդ կարգին՝ Պոլիս: Դանիէլի կաթողիկոսական գահին նստիլը, իբրեւ Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի, նոր դռներ կը բանայ Ներսէսին առջեւ, որ մեծ հեղինակութիւն ունէր Մայր Աթոռին մէջ եւ 1808 թուականին կ՚ընտրուի նորաստեղծ Սինոդի կազմին մէջ:
Գալով անոր կենսագրութեան ազատագրական պայքարի էջին, 1804 թուականէն սկսեալ, ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ, Ներսէս Արքեպիսկոպոս իր մասնակցութիւնը ունեցաւ: Ան հայութեան բնակավայրերը շրջելով՝ կոչ կ՚ընէր զէնք առնել եւ օժանդակել ռուսական բանակին: Այս ալ առիթ կը դառնայ, որ ռուսական կառավարութեան եւ Էջմիածնի միջեւ վստահութիւն ամրապնդուի: Տակաւին շատ չէր անցած պատերազմէն, երբ 1814 թուականին Ներսէս Արքեպիսկոպոս կը նշանակուի Վրաստանի թեմի առաջնորդ: Թիֆլիզի մէջ ան նշանակալի գործունէութիւն կը տանէր եւ մեծ սէր ու յարգանք կը վայելէր արեւելահայութեան մէջ:
Յատկանշական է, որ Աշտարակեցիի ջանքերով 1826 թուականին Թիֆլիզ փոխադրուած է Ամսթերտամի հայկական տպարանը, որով սկիզբ դրուած է Թիֆլիզի հայկական տպագրութեան:
Ժողովուրդին մէջ ունեցած հեղինակութեան համար Աշտարակեցիին հետ հաշուի կը նստէին Կովկասի իշխանութիւնները, ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը: 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմին արեւելահայութիւնը նոր յոյսեր կը կապէր: Հայաստանը կը ջանար ազատիլ պարսկական տիրապետութենէն. ռուսական կայսրութիւնը մէկ կողմէ կ՚ողջունէր, որովհետեւ նպատակ ունէր այդ հանգամանքը գործածել՝ հայ ժողովուրդը իրեն ենթարկելու փորձեր ընելու: Ներսէս Աշտարակեցին կը զգար վտանգը եւ քանի որ այդ ժամանակ Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի Կաթողիկոսին յաջորդող Եփրեմ Ա. Ձորագեղցին ապաստանած էր Հաղբատի վանքը, Հայ Եկեղեցւոյ գործերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուէր Ներսէս Աշտարակեցիին ձեռքը: Ան կրկին կոչեր եւ ուղերձներ յղեց ժողովուրդին, կամաւորական խումբեր կազմեց եւ ինքն ալ անոնց հետ ռազմադաշտ մեկնեցաւ՝ ընդդէմ ռուսական տիրապետութեան:
Մասնակցած է Երեւանի, Սարտարապատի, Էջմիածինի գրաւման մարտերուն: Կենսագիրը այսպէս կը ներկայացնէ անոր խօսքերը. «Հասաւ ժամը, երբ մեր աչքով պիտի տեսնենք Արարատեան աշխարհի եւ Հայոց ազգի ազատութիւնը. հասաւ ժամը, երբ Մայր Աթոռը պիտի վերականգնէ իւր վաղեմի անկախութիւնը: Ոտքի կանգնէք, հայոց քաջեր, թօթափեցէք պարսից լուծը, ուրախացուցէք ալեզարդ Մասիսը, մէկ անգամ արիւնով ներկեցէք հայրենի հողը եւ ապրեցէք ազատ…»: Աշտարակեցիի այս բոցաշունչ կոչը լայն արձագանգ կը գտնէ մանաւանդ երիտասարդներուն մէջ, որոնք կու գան եւ անոր կազմած կամաւորական ջոկատներուն կ՚անդամագրուին, ռուսական զօրքի կազմին մէջ կը մասնակցին Աշտարակեցիի կազմակերպած երեւանեան արշաւանքին:
Թիֆլիզի մէջ 30 մարտ 1827 թուականին տեղի ունեցաւ կամաւորներու զօրահանդէս մը, որուն նաեւ Ներսէս Աշտարակեցին ներկայ էր, իսկ ապրիլին ռուսական առաջապահ զօրամասերուն հետ ան մեկնեցաւ ռազմաճակատ՝ կամաւորական ջոկատներու կազմակերպման գործը յանձնարարելով Ներսիսեան դպրոցի տեսուչ Յարութիւն Ալամդարեանին: Կը կարդանք, որ Աշտարակեցիին կ՚ուղեկցէր վաթսուն հեծեալներէ կազմուած հայկական ջոկատ մը, որ չսպասելով հայկական աշխարհազօրի վերջնական կազմաւորման, միացած էր ռուսական զօրքին: Աշտարակեցիի յայտարարած կամաւորական հաւաքներուն համար յատուկ մարդիկ կը գործուղղուէին Հայաստանի զանազան վայրեր: Կամաւորական գունդեր կազմակերպուեցան Գանձակի, Ղազախի, Շամշատինի, Լոռիի հայերէն բաղկացած, հեծելագունդ մըն ալ՝ Արցախի հայերէն: Այս գործին լծուած էր նաեւ Աշտարակեցիին եղբայրը՝ Կարապետը, որ կամաւորներ հաւաքագրելու համար ուղարկուեցաւ Շամշատին:
Ներսէս Աշտարակեցիի կենսագրութեան մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը կարդանք նաեւ իր եղբօր մասին, կը տեղեկանանք, որ Կարապետը Աշտարակէն հեռացած էր ընտանիքով՝ Հիւսէյին խանի հետապնդումներէն դրդուած:
Ներսէս Աշտարակեցիի Աշտարակէն ըլլալը մեծ հարուած էր գիւղին համար, գիւղը առանձնակի խստութիւններու եւ ճնշումներու մէջ էր: Տեղահանութիւններու պատճառով սով սկսած էր, կը վխտային համաճարակներ, երեխաներ կը մահանային, դժգոհութիւններ կային եւ մայրերը կը մեղադրէին Ներսէսը, բայց կային խոհեմ մարդիկ ալ, որոնք պայքարի անհրաժեշտութիւնը կը բացատրէին եւ կը հաւատային, որ պայքարը չ՚ըլլար առանց զոհողութիւններու:
Պարսիկները 1826-1828-ին՝ ռուս-պարսկական պատերազմի ընթացքին, հայ բնակչութեան հետ աւելի դաժանօրէն սկսած են վարուիլ: Եթէ Մեհմէտ խանը յայտնի էր հայկական գիւղերը աւազակախումբեր ուղարկելով, ապա Հիւսէյինը՝ իր բռնի տեղահանութիւններով: Ան գիւղացիներուն չէր ձգեր մշակել իրենց հողերը, դատարկել տուած էր Էջմիածնի ամբարները, միաբանները Երեւան բերած եւ քաղաքի 18 հազար բնակչութեան հետ փակած էր Երեւանի բերդին մէջ: Բայց, ծանօթանալով իրադարձութիւններու ընթացքին, կը տեսնես, որ այլեւս ոչինչ կը վախցնէր ժողովուրդը, որ պայքարի ելած էր:
Աշտարակեցիի կենսագիր Ալեքսանդր Երիցեանը կը գրէ. «…Կուրի եզերքէն մինչեւ Արաքսի ափերը Հայք՝ հոգեւորական եւ աշխարհական, կին եւ տղամարդ, մեծ ու փոքր, ամէնքը կ՚աշխատէին մասնակից ըլլալ այդ կռուին»: 1827 թուականի մայիսին Թիֆլիզէն դուրս կու գայ 117 հոգիէ կազմուած առաջին ջոկատը: Յուզիչ է կարդալ, թէ Թիֆլիզ-Երեւան ճանապարհին, ամէն մէկ բնակավայրի մէջ, ինչպէս այդ ջոկատը կը համալրուի, կը մեծնայ եւ Երեւանի գրաւումին ժամանակ անոր անդամներուն թիւը կ՚անցնի հազարը: Յունիս եւ օգոստոս ամիսներուն Երեւան կը մեկնին միւս ջոկատները: Այս կամաւորական շարժումը վերածուեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարի, որ աւարտեցաւ Երեւանի գրաւումով եւ Արեւելեան Հայաստանի ազատագրումով: 1 հոկտեմբեր 1827 թուականին հայկական կամաւորական ջոկատները ռուսական զօրքին հետ մտան Երեւանի բերդ:
Հոկտեմբերի 6-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի գրաւման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Բերդին մէջ Ներսէս Աշտարակեցին պատարագ մատուցեց:
Յետագային Ներսէս Աշտարակեցին մեծ դեր ունեցած է Պարսկաստանէն հայերու ներգաղթը կազմակերպելու գործին մէջ եւ փորձած՝ ներգաղթի միջոցով շատցնել բնակչութեան թիւը: Ջանքերը արդիւնք տուած են եւ Պարսկահայաստանէն ու պատմական Հայաստանէն շուրջ 120 հազար գաղթական հաստատուած են Արեւելեան Հայաստանի տարածքին եւ բնակած են Արարատեան դաշտի մէջ: Ան նաեւ Երեւանի ժամանակաւոր վարչութեան կազմին մէջ էր եւ ձեռնամուխ եղաւ հայկական աշխարհազօրի հիման վրայ ազգային ոստիկանութեան կազմաւորման:
Հայկական մարզի ստեղծումէն յետոյ ան դիմումներով հեղեղեց Փեթերսպուրկի արքունիքը եւ առաջարկեց Արեւելեան Հայաստանի տարածքին ստեղծել հայկական ինքնավարութիւն, բայց ռուսական կայսրութեան հովանիին ներքոյ: Այս մէկը սակայն ռուսական հաշիւներուն մէջ չէր մտներ եւ ռուսական հրամանատարութիւնը լաւ կը տեսնէր հեռահար նպատակները: Այդպէսով, Երեւանեան զօրաբանակի հրամանատար Պասկեւիչի սադրանքով, Ներսէս Աշտարակեցին կը զրկուի բոլոր շնորհներէն, կը հեռացուի Երեւանի վարչութեան կազմի անդամութենէն: Ռուսական զօրահրամանատարութիւնը նաեւ պահանջ կը դնէ Յովհաննէս Ը. Կաթողիկոս Կարբեցիին առջեւ եւ կաթողիկոսը Անդրկովկասէն կը հեռացնէ Աշտարակեցին եւ կը նշանակէ Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ հայոց թեմի առաջնորդ (1828թ.):
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Տասնվեց տարի շարունակ ըլլալով Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ թեմի առաջնորդ՝ Ներսէս Աշտարակեցին շարունակած է իր մասնակցութիւնը ունենալ հայ հասարակական, քաղաքական, մշակութային-եկեղեցական կեանքին: Եւ երբ Յովհաննէս Ը. Կարբեցիի մահէն ետք կը քննարկուէր կաթողիկոսին թեկնածութիւնը, անոր հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր, որ ուրիշ թեկնածու չէր կրնար ըլլալ: Արժանանալով Կ.Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան հաւանութեան՝ Ներսէս Աշտարակեցին 17 ապրիլ 1843 թուականին, 72 տարեկանին կ՚ընտրուի կաթողիկոս՝ կը վերադառնայ Էջմիածին, կը դիմադրէ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ցարական կառավարութեան ոտնձգութիւնները, կը զբաղի հասարակական, կրթական եւ շինարարական գործունէութեամբ: Անոր ջանքերով կարգաւորուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի յարաբերութիւնները: Պոլսոյ Պատրիարք Չուխաճեանը հրահանգած է բոլոր եկեղեցիներէն ներս յիշատակել անոր անունը՝ որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետ եւ ստանալ Սուրբ Միւռոնը Էջմիածնէն:
Միաժամանակ ան զօրաւոր հսկողութիւն սահմանած է վանքապատկան կալուածներուն եւ Էջմիածնի գանձարանի եկամուտներուն վրայ եւ կարգաւորած է Հայ Եկեղեցւոյ տնտեսական վիճակը, իր ներդրումը ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ նոր կանոնադրութեան կազմումին մէջ, որ էապէս տարբեր էր ռուսական կայսերական իշխանութիւններուն ընդունածէն: Վաղարշապատի մէջ Ներսէս Աշտարակեցին ընդարձակ անտառ մը հիմնած է շուրջ 30 հազար ծառով եւ անոր կից լիճով:
Մայր Աթոռի բակին մէջ անոր գերեզմանաքարը յիշատակի վայրն է մաքառող գործիչին եւ տապանաքարին գրուած «Պաշտպան հայրենեաց» խօսքերն ալ բնորոշիչ են անոր կեանքին ու գործին:
Ներսիսեան դպրոցի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին՝ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ, վիրահայ համայնքային գործիչ Լեւոն Չիդիլեանը խօսած է ոչ միայն Ներսէս Աշտարակեցիի կենսագրութեան մասին, այլ նաեւ կարեւորած է այն հոգատարութիւնն ու հոգածութիւնը, որ բարերար Մանթաշեանը ցուցաբերած է դպրոցի յառաջադէմ շրջանաւարտներուն՝ իրենց արժանւոյն տեղը գտնելու եւ ազգայինը զարգացնելու համար: Դպրոցի շէնքը յետագային բռնագրաւուած է խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ, սակայն ուրախալի է, որ այսօր հոն միջազգային համալսարան կը գործէ՝ վերադարձած է անոր կրթական գործառոյթը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024