ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ կողմերու միջեւ՝ տարբերակներու եւ շարադրութեան վերաբերեալ փոխանակումները կը շարունակուին։ Երեւան միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ Պաքուի հետ այս շփումի ամբողջին մէջ կայ յետընթաց։ Վերջին օրերուն Պաքուէն դարձեալ հերթական առաջարկը հասած է Երեւանին, ուրկէ եղաւ արձագանգ, թէ այդ յետընթացը կը շարունակուի։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան տեղեկացուց, որ խաղաղութեան պայմանագրի երեք սկզբունքային հարցերուն շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած կողմերուն միջեւ։ Փոխ-նախարարին այս յայտարարութիւնը կը մեկնաբանուի նաեւ նախօրէին Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութեան համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան աղբիւրները հաղորդած էին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրուած խաղաղութեան պայմանագրի կապակցութեամբ հազիւ քանի մը չհամաձայնեցուած խնդիրներ մնացած են։ Ուաշինկթընէն՝ յարաբերաբար լաւատեսութիւն ներշնչող այդ յայտարարութեան Երեւանի արձագանգը չեղաւ համապատասխան։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հայկական կողմը յունուարի 4-ին իր հերթական առաջարկները ներկայացուցած էր, իսկ Երեւան Պաքուէն անոնց կապակցութեամբ արձագանգ ստացաւ շուրջ մէկուկէս ամիս վերջ։ Վահան Կոստանեան յոյս յայտնեց, որ այս պահուն չհամաձայնեցուած սկզբունքային հարցերուն շուրջ յառաջընթաց չկայ եւ արտաքին գործոց նախարարներու՝ յառաջիկային նախատեսուած հանդիպման ընթացքին այդ խնդիրները կը քննարկուին։

Փրակի, ապա Պրիւքսէլի հանդիպումներէն վերջ յայտարարուած էր, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ յենուելով Ալմա-Աթայի հռչակագրին վրայ։ Բաց աստի, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներն ալ պիտի ապաշրջափակուէին երկիրներու իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան հիմքով։ Այս պահու դրութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը հրաժարի սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ որեւէ թուականի քարտէս ու կը պահանջէ անխոչընդոտ անցում Հայաստանի Սիւնիքի մարզով՝ դէպի Նախիջեւան։ «Մինչ օրս հրապարակով երբեւէ յստակ չէ յայտարարուած յստակ մակերեսով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը», ըսաւ Կոստանեան եւ աւելցուց, որ արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկային նախատեսուած հանդիպման օրակարգին վրայ այս իսկ հարցերը պիտի գտնուին։

«Մեզի անհրաժեշտ է հանդիպումներէն եւ քննարկումներէն ի վերջոյ անցնիլ աւելի գործնական գործողութիւններու եւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք վերջին 2-3 տարիներու ընթացքին գոյացած են, մասնաւորապէս այս երեք սկզբունքներուն շուրջ, ի վերջոյ փաստաթղթային արձանագրում ստանան», ըսաւ ան։

Ի լրումն այս բոլորին, Վահան Կոստանեան աւելցուց. «Ամենակարեւոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք այս տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ թերեւս ձեռք բերուած են, բայց ցաւալիօրէն մենք խախտումներ տեսած ենք, այն է, որ ուժի կիրառումը պէտք է բացառուի, ինչ որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնական սկզբունքներէն մին է»։

Միւնիխի վերջին գագաթաժողովի լոյսին տակ՝ Կոստանեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ծրագրուած հանդիպման թուականին ու վայրին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած։ Ան այս փուլին ալ չյստակացուց, թէ բանակցութիւնները ուղի՞ղ պիտի ըլլան կամ միջնորդաւորուած, իսկ եթէ միջնորդաւորուած, ապա ո՞ր երկրի միջնորդութեամբ։

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ նախօրէին յայտնած էր, որ առաջնորդներու մակարդակով նոր հանդիպման հաւանականութիւնն ալ քննարկման առարկայ է, սակայն այս պահու դրութեամբ որեւէ վերջնական որոշում չկայ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024