ԺԽՏԱԿԱՆԸ ԵՒ ԴՐԱԿԱՆԸ
Մարդ արարածը անկատար է, իսկ Աստուած՝ կատարեա՛լ։ Այս կը նշանակէ, թէ մարդ յաճախ ժխտական է, իսկ Աստուած միշտ դրական եւ բացարձա՛կ։ Մարդուն համար շատ բան անկարելի է, մարդուն կողմէ անկարելի եղած բաներ՝ Աստուծոյ համար բացարձակապէս եւ անպայման կարելի՛ են։ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 27)։
Մարդ կ՚ըսէ. «յոգնած եմ»։ Աստուած կը պատասխանէ. «Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Մարդ կ՚ըսէ. «Շատ նեղութիւններ կան այս աշխարհի վրայ. ալ նեղութիւնը զիս շատ կ՚անհանգստացնէ եւ այս նեղութիւններուն չեմ դիմանար այլեւս»։ Եւ Աստուած դարձեալ կը պատասխանէ. «Ինծի պիտի կանչէ, եւ ես անոր պատասխան պիտի տամ, նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ». (ՍԱՂՄ. ՂԱ 15)։ Եւ որովհետեւ. «…Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ եւ գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն». (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4)։ Ան է որ կը հասնի ամէն ատեն՝ երբ մարդիկ նեղութեան մէջ կը տագնապին…
Մարդիկ խճողուած են հարցերով եւ կ՚ըսեն մտահոգ. «Հարցերս չեմ կրնար լուծել»։ Եւ Աստուած կը պատասխանէ. «Քու ամբողջ սրտովդ ապաւինէ, վստահէ Տէրոջը, եւ մի՛ վստահիր քու իմաստութեանդ». (ԱՌԱԿ. Գ 5)։ Ուստի հաւատալ կ՚ենթադրէ վստահիլ։ Արդարեւ, մարդուս ինքնավստահութիւնը պէտք է ըլլայ՝ Աստուծոյ վստահութեան մէջ. այս իմաստով, պէտք չէ շփոթել ինքնավստահութիւնը ինքնահաւանութեան հետ։
Մարդ յաճախ կը դժգոհի եւ կ՚ըսէ. «Անկարող եմ»։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ամէն բանի կարող եմ Անով՝ որ զիս զօրացուց». (ՓԻԼ. Դ 13)։
Կեանքը անյաջողութիւններով լեցուն է եւ մարդ յաճախ ինքնիրեն կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ ձախողեցայ…». առաքեալը կը վկայէ. «Գիտենք որ ամէն բաները բարիի գործակից կ՚ըլլան անոնց՝ որ զԱստուած կը սիրեն». (ՀՌՈՄ. Ը 28)։ Արդարեւ, հաւատքը կ՚աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ. այն՝ որ կը սիրէ՝ կը հաւատա՛յ։
Մարդ յաճախ ինքզինք յանցաւոր կը նկատէ եւ կ՚ըսէ. «Ես ինծի չեմ կրնար ներել»։
Բայց առաքեալը կ՚ըսէ. «Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը. հաւատարիմ եւ արդար է Անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 9)։
Մարդ մտահոգուած է իր պարտքերուն մասին, եւ կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս պիտի կարենամ ելլել այս ծախսերուն տակէն»։ Դարձեալ առաքեալը կու տայ պատասխանը. «Իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի հոգայ իր ճոխութեանը չափովը փառքով Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով». (ՓԻԼ. Դ 19)։
Մարդ կը վախնայ, բայց մարգարէն կը պատուիրէ եւ կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ Ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի, դուն Ի՛մս ես». (ԵՍ. ԽԳ 1)։
Մարդ միշտ մտահոգ է, պէտքը կը զգայ ապահովութեան եւ ապագայի մասին հոգեր ունի եւ այս պատճառով ջղային է։ Առաքեալը ապահովութիւն կը ներշնչէ իր խօսքերով. «Ձեր բոլոր հոգերը Անոր ձգեցէք, որովհետեւ Անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։
Շատեր թերահաւատ կը նկատեն իրենք զիրենք եւ կը դժգոհին. «Հաւատքս տկար է»։ Աւետարանի խօսքը կը մխիթարէ զանոնք. «Աղօթէ Անոր եւ ըսէ.- Տէ՛ր մեր հաւատքը աւելցուր». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 6)։
Ոմանք կը գանգատին, թէ՝ շատ ուշիմ չեն։
Առաքեալը կը խօսի այս մասին եւ կ՚ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ Աստուծմէ, որ ամէնուն առատապէս կու տայ եւ չի խնայեր, չի նախատեր եւ անոր պիտի տրուի». (ՅԱԿ. Ա 5)։
Մարդ երբեմն ինքզինք լքուած եւ առանձին կը զգայ եւ այս զգացումին տակ կ՚ընկճուի։ Բայց առաքեալը Աստուծոյ բերնով կ՚ըսէ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում եւ բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». (ԵԲՐ. ԺԳ 5)։
Սիրելի՜ներ, մարդ յաճախ ապերախտ է եւ անհաւատարիմ, բայց Աստուած միշտ հոգատար է մարդուն հանդէպ եւ հաւատարիմ՝ Իր հայրութեան եւ խոստումի՛ն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ