ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏԱՆ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն, որուն եւս մասնակցեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Երեկոյեան ժամերուն, Էջմիածնի Հայորդեաց տան համալիրէն ներս Նորին Ամենապատուութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ հաւատացեալներու հետ հանդիպման մը։ Ան Մեծ պահքի շրջանին հանդէս եկաւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով, որոնք արժանացան անմիջական ուշադրութեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հոգեւոր խորհրդածութիւններուն, որոնց զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխան։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024