ԱՆՁՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Անձնասիրութիւնը մարդկային թերի եւ անկատար բնութեան եւ տկարութեան բնական մէկ արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով՝ այն որ գիտակից է իր թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն, չի վստահիր իր անկատար ուժերուն, գիտէ, թէ պահանջքը ունի իր նմաններուն օգնութեան եւ գիտէ, թէ պէտք է օգնէ իր նմաններուն՝ իրենց տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն մէջ։ Մարդուն սկզբնական կոչումն է՝ իրերօգնութիւն, առանց ինքնասիրութեան եւ բաժնել այն ամէնը՝ որ ունի որպէս կարողութիւն, յատկութիւն, ձիրք, տաղանդ եւ շնորհք։
Արդարեւ, մարդուս ոչ մէկ ձիրք եւ շնորհք տրուած է լոկ իրեն համար, այլ բաշխելու զանոնք իր նմաններուն հետ։ Եւ այս իսկ պատճառով զանազան եւ տարբեր ձիրքեր տրուած է իւրաքանչիւրին՝ որպէսզի մէկը միւսը ամբողջացնէ, պակասը լրացնէ։
Եւ ահաւասի՛կ, այս կէտին պէտք է իմաստ տալ այն պատուիրանին, թէ՝ պէտք է ընկերը սիրել իր անձին պէս, այսինքն անձնասէր չըլլա՛լ։ Հետեւաբար ինքնասիրութիւնը հակառակ է մարդուն արարչութեան նպատակին եւ կոչումին։
Սակայն, անձնասիրութիւնը մասամբ ներելի է այն աստիճանին, երբ մարդ ինքզինք կը սիրէ, կը հոգայ, կը խնամէ զայն, քանի որ մարդ ինքն ալ շնորհ մըն է եւ պարտականութիւնը ունի եւ պատասխանատո՛ւ է զայն խնամելու եւ պահպանելու։
Ուստի, մարդ պէ՛տք է սիրէ ինքզինք, բայց նոյն չափով նաեւ իր նմանը՝ ուրիշը, մա՛րդը, որ իրեն համահաւասար է բնութեամբ։ Այս իմաստով, անձնասիրութիւնը պէտք է հասկնալ որպէս չափազանցութիւն մը բնական եւ օրինաւոր սիրոյ։
Արդարեւ, մարդ, առանց սիրելու ինքզինք, չի՛ կրնար սիրել ուրիշը։ Սէրը Աստուծոյ ձրի շնորհն է, բայց սէրը գործադրելը՝ կամք եւ աշխատանք կը պահանջէ։ Կամք՝ քանի որ մարդուս տրուած է ազատ կամք՝ չարը կամ բարին ընտրելու. սիրելու կա՛մ ատելու։
Այս առթիւ հարկ է յիշել «բարիի եւ չարի ծառ»ը՝ որ մարդուս առջեւ կը դնէ երկու ճամբայ, որ եւս պիտի ընթանայ իր ազատ կամքով, նաեւ յիշենք, որ «Կենաց ծառ»ն ալ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսը…
Միջանկեալ այս յիշեցումէն ետք, վերադառնանք «անձնասիրութեան» մեր ներկայ նիւթին։
Անձնասիրութեան հոգիէն վարուողները հոգ չեն ըներ, թէ Աստուծոյ Եկեղեցին ի՞նչ տառապանքներէ եւ դժուարութիւններէ կ՚անցնի։ Անոնք «անմահ ոչխար»ներու կորուստին հոգ չեն ըներ։ Անոնց բոլոր խորհուրդները կեդրոնացած են իրենց կալուածներուն եւ շահերուն վրայ եւ Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ այսպիսի անձնասէր «քրիստոնեայ»ներ տեսնել շատ ցաւալի է։ Եւ որքա՜ն դատապարտելի՛ է անձնասիրութենէ մղուած անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ