ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ ՍՏՈՒԳՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց յա­ռա­ջա­պահ դիր­քեր ու ծա­նօ­թա­ցաւ ա­նոնց ամ­րու­թիւն­նե­րուն։ Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ան հեր­թա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց դէ­պի Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­ս­-ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նա­գօ­տին։ Օ­հա­նեան այն­տեղ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րուն մօտ տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­ցաւ ծա­ռա­յու­թեան կազ­մա­կերպ­ման, զի­նուոր­նե­րու մար­տա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան, ըն­կե­րա­կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րուն եւ ձեռ­նար­կուած շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին։ Նա­խա­րա­րը ստու­գեց նաեւ զօ­րա­մա­սե­րու զի­նուո­րա­կան ճա­շա­րան­նե­րու ֆի­զի­քա­կան եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­ցու­թեան, զի­նուոր­նե­րուն մա­տու­ցուած սնուն­դի ո­րա­կին ու չա­փա­բա­ժին­նե­րուն։

Սէյ­րան Օ­հա­նեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­ղաւ մար­տա­կան յե­նա­կէ­տե­րու մօտ, ուր ծա­նօ­թա­ցաւ ամ­րա­շի­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու կա­ցու­թեան, ստու­գեց մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող զի­նուոր­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ի­մա­ցու­թիւ­նը։ Նա­խա­րա­րը շրջե­ցաւ խրա­մատ­նե­րուն մէջ ու կա­տա­րեց սահ­մա­նագ­ծի դի­տար­կում։ Ան նաեւ խրա­խու­սա­կան նուէր­ներ յանձ­նեց այն զի­նուոր­նե­րուն, ո­րոնք ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան ի­րենց ծա­ռա­յու­թեամբ ու լա­ւա­գոյնս կը տի­րա­պե­տեն պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։

Հիւ­սի­ս­-ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նա­գօ­տի կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով զօ­րա­միա­ւոր­ման եւ զօ­րա­մա­սե­րու հրա­մա­նա­կազ­մին հետ Սէյ­րան Օ­հա­նեան քննար­կեց մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան, ա­ռաջ­նագ­ծի վրայ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, զի­նուոր­նե­րու կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րուն ու ձեռ­նար­կուած շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանքնե­րու ըն­թաց­քին մա­սին հար­ցեր։ Օ­հա­նեան հրա­մա­նա­կազ­մին տուաւ հա­մա­պա­տաս­խան ցու­ցում­ներ եւ յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ՝ շա­րու­նա­կուող աշ­խա­տանք­նե­րը նա­խա­տե­սուած ժամ­կէտ­նե­րով եւ ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Բա­նա­կա­յին զօ­րա­միա­ւոր­ման են­թա­կայ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րէն մէ­կուն մէջ Օ­հա­նեան զրու­ցեց նաեւ նո­րա­կո­չիկ­նե­րուն հետ։ Յղե­լով իր ող­ջոյն­նե­րը՝ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ա­նոնց մաղ­թեց խա­ղաղ ծա­ռա­յու­թիւն։ Ան կա­րե­ւո­րեց զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր հայ ե­րի­տա­սար­դի հա­մար՝ թէ՛ հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ պարտ­քը կա­տա­րե­լու եւ թէ բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու կամ­քի յատ­կա­նիշ­ներ ձեռք բե­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Շրջայ­ցի ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեան հան­դի­պե­ցաւ նաեւ սահ­մա­նա­մերձ շարք մը հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ բնա­կիչ­նե­րուն հետ՝ ծա­նօ­թա­նա­լով ա­նոնց խնդիր­նե­րուն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­րա­րը վստա­հե­ցուց, թէ պե­տա­կան սահ­մա­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը վստա­հե­լի ձեռ­քե­րու մէջ է եւ ա­մէն ինչ կը կա­տա­րուի քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեան ա­ռա­ւել անվ­տանգ դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015