ՂՊՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս հիւրընկալուեցան խումբ մը ղպտի երիտասարդներ։ ԱՄՆ-ի Արեւելեան ափէն մեկնած՝ Ղպտի երիտասարդաց միութեան քառասուն անդամները ջերմօրէն դիմաւորուեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս՝ Լոս Անճելըս։ Անոնք նախ այցելեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարը, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Սուրբ Էնթընի ղպտի ուղղափառաց վանքը վերադառնալէ առաջ, երիտասարդ ուխտաւորները փափաքած էին այցելել Արեւմտեան Թեմի կեդրոնը։ Առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուներէն Հայկ Մատոյեանի ուղեկցութեամբ անոնք տեսան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարը, ապա նաեւ այցելեցին յարակից Զօրաեան թանգարանը։
Շրջագայութեան աւարտին հիւր երիտասարդները վերստին հաւաքուեցան Մայր տաճարի դասին մէջ, ուր զիրենք սիրով ողջունեց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ կատարուած հաղորդումներով, հիւրերուն խօսք ուղղելով Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտեց հովուական իր զօրակցութիւնը եւ ուղղութիւնը երիտասարդ ուխտաւորներուն, գնահատելով անոնց աստուածահաճոյ մտայղացումը՝ այցելելու համար Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տեղւոյն թեմը։
Հիւր երիտասարդները հոգեւոր մխիթարութեամբ, զօրացած հաւատքով եւ վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն։