ԻՐԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ Է՝ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ԿԱԶ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը նա­խա­տե­սէ շու­տով թափ տալ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խին վրա­յով գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ։ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճէյմս Պրայն­տըլ յայտ­նեց, թէ ԱՄՆ-ի ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րուն պատ­կա­նող վեց հատ F-16 ռազ­մաօ­դա­նաւ ու­ղար­կուած է Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը, ուր­կէ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Փեն­թա­կո­նի բան­բե­րը նշեց նաեւ, թէ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ուղ­ղու­թեամբ Թուր­քիոյ վճռա­կան խոս­տու­մը կը շա­րու­նա­կուի։ Պրայն­տըլ ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ ըստ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին յա­ռա­ջա­նա­լիք անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րուն՝ ա­մե­րի­կեան կող­մը կու­տա­կում­ներ կրնայ ը­նել Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խին մէջ։

Ա­մե­րի­կեան կող­մը ցարդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րով։ Հի­մա պատ­րաս­տու­թիւն կը տես­նուի, որ­պէս­զի ար­դէն սո­վո­րա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րով շա­րու­նա­կուին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Փեն­թա­կո­նի բամ­բե­րը յայտ­նեց, թէ հա­մա­կար­գուած ձե­ւով կ՚աշ­խա­տին Թուր­քիոյ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան հետ եւ այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին յար­մա­րա­գոյն ժա­մա­նա­կով։

Պրայն­տըլ ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս օ­դա­յին եր­թե­ւե­կը բա­ւա­կան ծան­րա­բեռ­նուած է եւ այս պատ­ճա­ռով ա­մե­րի­կեան կող­մը Թուր­քիա­յէն պա­հան­ջած է Սու­րիոյ մէջ ա­ռան­ձին օ­դա­յին յար­ձա­կում­ներ չի­րա­կա­նաց­նել՝ հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րուն հա­մար անվ­տանգ օ­դա­յին տա­րածք մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Թրքա­կան կողմն ալ ըն­թացք տուած է այդ ակն­կա­լու­թեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015