ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԱՆՏԱՌԻՆ ՄՕՏ ԵՂՈՂ ՊԱՐՏԷԶԸ
Այս ազգին ամենէն գեղեցիկ ու վսեմ կարգախօսներէն մէկը. անոր հարսանեկան սպիտակ զգեստը: Ի՞նչ պատահեցաւ անոր: Ի՞նչ մնաց անկէ բացի անոր ժանգոտած կոճակները, կախուած թեւերը եւ դատարկ գրպանները:
Մաքուր կարգախօսներ, որ մաքուր մարդիկ կ՚արձակեն, սակայն յանկարծ կաշեգործներու հագուստին նման կ՚ըլլայ, հակառակ անոր որ բոլորն ալ կը պնդեն թէ մաքուր են եւ իրենց ձեռքերը լուացած են:
Կաճառներ, համալսարաններ, արուեստագիտական տարրալուծարաններ, այս բոլորով հանդերձ, քառասուն տարի առաջ ուղտի վրայ ըսուած իմաստութիւն մը կ՚առաջնորդէ մեզ, կը կառավարէ մեր արարքները, երբ մենք երկրէն քառասուն հազար ոտնաչափ բարձրութեան վրայ գտնուող ճումպոյի (Jumbo) մը կամ կարաւիլի (Caravel) մը վրայ ենք:
Մեր լեզուները ինչքա՜ն դիւրին կարգախօսներ կ՚արտաբերեն, մեր ձեռքերը ինչքա՜ն ճկուն են ծափահարելու համար այդ կարգախօսներուն եւ մեր կաշին ինչքա՜ն կարծր է՝ որ կը սպասէ ատոնց պտուղներուն: Այս բոլորով հանդերձ, արաբ յեղափոխականի մը տեսքը երբ լրագրողներուն կը խօսի իր ժողովուրդի ցաւերուն մասին՝ մէկ կողմէն ալ իր լոգանքէն նոր դուրս եկած շունը, կամ շփացած երեխայի մը տեսքը մասնաւոր դպրոցի մը, կամ մանկապարտէզի մը դիմաց կանգնած ինքնաշարժին մէջ նստած՝ առանձինն, մինչ իրմէ մի քանի մեթր անդին հարիւրաւոր երեխաներ այրող արեւին տակ կը սպսաեն փոխադրակառքին, ի չիք կ՚ընէ քսան տարուան ուսումը, հարիւր դասախօսութիւն, ինչպէս նաեւ հազար երգ արդարութեան եւ ընկերվարութեան մասին: Կարծէք թէ մէկը կայ, ով մասնագիտացած է խլուրդի նման արաբական կարգախօսները դատարկելու իրենց բովանդակութենէն…, ու հանգիստ չ՚ըլլար, եթէ զանոնք իրմէ ետք եկողներուն ձգէ, նման այն ձմերուկին, որ ակռաներով կրծուած է մինչեւ կեղեւին սպիտակ մասը:
Այդ եւ ատոնց նման մարդիկը կարծէք 1948 թուականին իրագործուած առաջին ցոյցէն ի վեր, շարուած են արաբական պայքարին ճամբուն վրայ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարգախօսներէն կարգախօս մը դրած է կաթսայի մը մէջ, կանգնած է անոր ետեւը՝ ձեռքին շերեփ մը, ու սկսած է դատարկել զայն՝ ինչպէս սահլէպ1 ծախող մը:
Երբ այս կարգախօսները բովանդակութիւն չունեցող աղմուկի կը վերածուին…, անոնք կը վերադառնան ետեւ ետեւի մէկ շարք կանգնելու, ինչպէս միացած համակարգ մը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը աջ ձեռքին վրձին մը, իսկ ձախ ձեռքին՝ ներկի դոյլ մը, ու կը սկսին մեղադրանք մեղադրանքի ետեւէ փակցնել իր առջեւը կանգնողին կռնակին, մինչ իր ետեւը կանգնողին վրձինը իր կռնակին վրայ կ՚աշխատի՝ այնտեղ նմանօրինակ հազարաւոր մեղադրանքներ փակցնելով. այնքան, որ օրերու եւ տարիներու ընթացքին արաբ քաղաքացիին կռնակը սինեմայի ճակատին կամ ծանուցումներու ցուցատախտակի մը նման եղած է:
Անդին, երրորդ խումբ մը կայ, որ ափ ափի կը զարնէ ու կը ցաւի այս վիճակին համար, եւ մարդիկը կը հրաւիրէ որպէսզի ողորմին այս ազգին, ապա աջ ու ձախ կը դառնայ, անկէ ինքնաշարժի մը արժէքը կը յափշտակէ ու կ՚երթայ:
Ապա կու գայ մէկը եւ անկէ կը յափշտակէ բազմոցներու հաւաքածոյ մը:
Ուրիշ մը՝ թռչնաբուծարանի մը գինը:
Ուրիշ մը՝ գիշերային ակումբի մը գինը:
Ուրիշ մը՝ ամարանոցի մը գինը:
Ուրիշ մը՝ շէնքի մը հաշուետուութիւնը:
Ուրիշ մը՝ աղբահանութեան ձեռնարկութիւնը:
Ուրիշ մը՝ սոլիթերի մատանի:
Ուրիշ մը՝ սուարէի ամառնայի շրջազգեստ մը:
Ուրիշ մը՝ ձմեռնային մուշտակ մը:
Այս ազգը ոչխարի պէս կը սկսի դողալ յօտելու շրջանին, երբ իր բոլոր ծածկոյթներէն կը մերկանայ, իր վրայ մնալով միայն հիւսուածքներն ու ջիղերը:
Սակայն, ուշադրութիւն.
Կը պատմուի, թէ հնդկական կրկէսի մը մէջ վագր մը երբ սկսած է ծերանալ, թոշակի տարուած է ինչպէս ծերացած ոստիկան մը: Ան իր գլուխը ոտքերուն մէջ դրած է եւ աչքերէ հեռու տեղ մը առանձնացած է: Սակայն, միւս կենդանիները զայն առանձին չեն ձգած, այլ՝ կրկէսին մէջ անցնող ու դարձող կենդանիները՝ փոքրիկ կատուները, կապիկները, աղուէսները, սողունները, թութակները սկսան նեղութիւն պատճառել անոր: Ան լուռ էր եւ չէր արձագանգեր՝ յուսահատած: Բայց օր մը երբ անոնք չափը անցուցին այլեւս չդիմացաւ. սպասեց երբ անոնք միասին կ՚անցնէին իր մօտէն, ձեռքը կը բարձրացնէ ու անոնց վրայ կը թափահարէ, որով մէկ հարուածով բոլորին կը վերացնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 10
Վաղարշապատ
1 Orchis սեռի խոլորձներէ պատրաստուող ալիւր մը, որ արաբական աշխարհին մէջ որպէս կերակրատեսակ կ՚օգտագործուի: