ՃԻՇԴ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Մեծ պահքի տասնութերորդ օրն է:

Երէկուան մեր գրութեան մէջ տեսանք, թէ ո՛րն է Աստուծոյ ընդունելի եղող պահեցողութիւնը. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 53.6-7):

Ամենաբարին Աստուած յայտնելէ ետք Իրեն ընդունելի եղած պահեցողութիւնը, ետքէն կը յայտնէ նաեւ այդ պահեցողութեան արդիւնքները. «Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի: Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ ու Տիրոջ փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ: Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. «Ահա Ես»: Եթէ քու մէջէդ լուծը, մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես, եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ: Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. դուն ջրարբի պարտէզի պէս, աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր: Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն: Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես: Դուն փլածներ նորոգող ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս» (Ես 58.8-12):

Ճիշդ կերպով պահքին մօտեցողը արդարեւ, ներքնապէս կը լուսաւորուի եւ այդ ներքին լուսաւորութիւնը կ՚արտացոլայ իր արտաքինին վրայ եւս:

Ո՛չ միայն կը լուսաւորուի, այլեւ՝ կը բժշկուի: Բոլորս ալ հոգեպէս հիւանդ ենք, այսինքն՝ տկար ենք, եւ մեր այդ տկարութիւնը շատ յաճախ վնաս կը պատճառէ մեզի, մեզ Աստուծմէ հեռացնելով: Պահեցողութիւնը կ՚օգնէ, որ մեր այդ տկարութիւնը զօրութեան վերածենք:

Տակաւին, ճիշդ պահեցողութիւն ընողը արդարութեամբ կը զարդարուի, այսինքն՝ իր բոլոր քայլերը, գործերը կը փորձէ արդարութեամբ կատարել: Իր այդ ընթացքին մէջ Աստուծոյ փառքը իր ետեւէն կ՚երթայ՝ պաշտպանելու համար զինք:

Աստուած միշտ կը լսէ զինք, կը պատասխանէ անոր ու կ՚օգնէ:

Մարդասիրութեամբ երբ վարուի ու իրերօգնութիւն ցուցաբերէ, դարձեալ իր լոյսը՝ խաւարի մէջ պիտի ծագի ու իր խաւարը կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ:

Նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններու, սովի, անյաջողութեան մէջ յայտնուի, ապա Տէրը Ի՛նք պիտի օգնէ, առաջնորդէ, կերակրէ ու զօրացնէ զինք:

Իր ժառանգները եւս պիտի քալեն իր ճամբեն, այսինքն՝ Աստուծոյ ճամբէն եւ պիտի շարունակեն զԱստուած փառաբանել ու օրհնել իրենց գործերով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024