ՏԳԵՂ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշեն անսովոր թանգարանի մը յոբելեան՝ Տգեղ արուեստի թանգարանը կը բոլորէ իր հիմնադրման 30-ամեակը: Ասիկա ամերիկեան մասնաւոր թանգարան մըն է, որ արդէն երեք մասնաճիւղ ունի եւ հազարաւոր հետաքրքրուողներ, որոնք կ՚այցելեն՝ տեսնելու այն ստեղծագործութիւնները, որոնք գէշ են, անյաջող եւ չեն գնահատուած մէկ ուրիշ թանգարանի կողմէ:

Թանգարանը որքան որ ընդունուած է հետաքրքրասէրներու կողմէ, նոյնքան ալ քննադատուած է արուեստաբաններէն, որոնք համոզուած են, թէ Տգեղ արուեստի թանգարանը սխալած է՝ գործածելով «արուեստ» անունը, քանի որ արուեստը չի կրնար գէշ ըլլալ, այն կա՛մ արուեստ է կամ արուեստ չէ: Անոնք այս գաղափարի հիմնադիրները մեղադրած են հակարուեստ քարոզելու մէջ: Բայց հակառակ այդ խօսակցութիւններուն, թանգարանը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, կը համալրուի նոր նկարներով, նախագիծեր կ՚իրականացնէ եւ այսօր արդէն կը տօնէ իր երեսնամեակը:

Տգեղ արուեստի թանգարանը ունի երեք մասնաճիւղ. մէկը կը գտնուի Մասաչուսեթսի Տետհեմ քաղաքին մէջ՝ Պոսթընի հիւսիս-արեւմուտքը, միւսը՝ դրացի Սոմըրվիլի մէջ, որ արուարձան է Պոսթընի հիւսիսը, իսկ երրորդը՝ Մասաչուսեթսի Պրուքլին քաղաքը:

Թանգարանին մշտական հաւաքածոն կը ներառէ հազարէն շատ գործեր, որոնք, թանգարանի ղեկավարութեան կարծիքով, այնքան վատն են, որ կ՚արժէ ցոյց տալ մարդոց:

Թանգարանը նաեւ շրջիկ ցուցադրութիւններ կը կատարէ ԱՄՆ-ի այլ քաղաքներու մէջ, եւ այս անգամ ոչ թէ մարդիկ կը մօտենան վատ գործերուն, այլ անոնք կը քալեն դէպի մարդիկը՝ աւելի ցցուն դարձնելով իրենց նուաստ ըլլալը:

Թանգարանը հիմնուած է 1993 թուականին, երբ հին իրերու հաւաքորդութեամբ զբաղող Սքոթ Ուիլսըն աղբարկղի քով դրուած իրերու կոյտին մէջ տեսած է չվնասուած նկար մը: Ան, իբրեւ հին իրերով հետաքրքրուած անձ մը, շալկած է այդ եւ տուն տարած եւ տունին մէջ տեսած, որ անարժէք գծագրութիւն մըն է: Ուիլսըն ցոյց տուած է իր ընկերներուն, իբրեւ վատ գծագրութիւն, բայց հետաքրքրութիւն դրսեւորած է նոյնիսկ անճոռնի գծագրութեան հանդէպ: Ընկերները առաջարկած են հաւաքածոյ մը կազմել եւ ժողվել այդպիսի գործեր, ապա՝ ցուցադրել: Յետոյ ան արդէն սկսած է փնտռել այդպիսի նկարներ, որոնք բանի մը չծառայած ըլլալուն պատճառով նետուած են: Նպատակը բնաւ ալ դրամ շահիլը չէր, այլ՝ մէջտեղ բերել նոր գաղափար մը, որ ոչ ոք մինչ այդ յղացած է:

Տգեղ ու յոռի նկարներու ցուցադրութիւնը սկիզբը կը կայանայ Ուիլսընի բնակարանին մէջ, յետոյ հաւաքածոն կը հարստանայ եւ տունէն կը փոխադրուի Տետհեմի թատերասրահին նկուղը։ Մամուլը կը սկսի անդրադառնալ այդ անսովոր ցուցադրութեան՝ աւելի շատ ուշադրութիւն հրաւիրելով աղբարկղէն գտնուած եւ ճոխացած հաւաքածոյի վրայ:

Թանգարանին հիմնադիրներէն՝ Ճերի Ռայլի 1995 թուականին կառոյցին նպատակը բացատրելով կ՚ըսէ․ «Մինչ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ կը գտնուի արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն նուիրուած առնուազն մէկ թանգարան, Տգեղ արուեստի թանգարանը միակն է, որ նուիրուած է վատագոյն գործերու հաւաքման ու ատոնց ցուցադրութեան»։

Թանգարանի հիմնադիրները պայման դրած են, որ Տգեղ արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մաս կազմելու համար՝ գծագրութիւն մը պէտք է ունենայ իւրայատուկ բնոյթ եւ ստեղծուած ըլլայ լուրջ նպատակներով (ոչ թէ՝ զաւեշտի կամ պարզապէս թանգարանին ցուցադրութիւններուն մէջ ներառուելու միտումով), ինչպէս նաեւ պէտք չէ ունենայ ակնառու թերութիւններ եւ պէտք չէ տաղտուկ պատճառէ: Տգեղ արուեստի թանգարանին մէջ ցուցադրուող գործերը յաճախ կը նկարագրուին իբրեւ «ակամայ ծիծաղաշարժ»։ Այցելուներ, նոյնիսկ՝ Տգեղ արուեստի թանգարանին պաշտօնեաները յաճախ բարձրաձայն կը ծիծաղին այս կամ այն գործին խոտան ըլլալուն վրայ:

«Պոսթընի ճարտարապետութիւն» ամսագիրը գրած է, որ գեղանկարչական դպրոցներու ուսուցիչներ աշակերտները կը տանին նախ Տգեղ արուեստի թանգարան, ապա՝ գեղեցիկ արուեստներու թանգարան, եւ կը շեշտեն, թէ Տգեղ արուեստի թանգարանը մանուկներուն «կը շնորհէ ազատութիւն»՝ ծիծաղելու արուեստի ստեղծագործութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ կ՚ընձեռէ յենարան մը, որպէսզի անոնք կազմեն իրենց անձնական կարծիքը եւ մասնակցին բանավէճերու։

Այս թանգարանի մասին գիրքեր գրուած են. արուեստի քննադատներէն մէկը իր գիրքին մէջ կ՚առանձնացնէ Տգեղ արուեստի թանգարանին հաւաքածոյին մեծ մասին բնորոշ հետեւեալ երեւոյթները.

Գեղանկարիչները չեն կրցած ճիշդ ձեւով գծել ձեռք կամ ոտք, մարմնի վերջոյթները քօղարկած են հագուստի երկար թեւերու կամ փողքերու ետին, իսկ կօշիկները տեղադրած են բացայայտօրէն անյարմար դիրքով։

Գեղանկարիչները մեծ դժուարութիւն ունեցած են քիթը ճիշդ ձեւով պատկերելու: Մասնագէտներ նկատած են, որ քիթ գծելու փորձերը այնքա՛ն կրկնուած են, որ երբեմն պաստառը եռապատիկ հաստցած է՝ գործածուած ներկի շերտերուն պատճառով։

Գծանկարներուն բնորոշ է նաեւ այն, որ վատ գեղանկարիչներ այլ եւ այլ միջոցներու կը դիմեն, երբ իրենց գործին որակը կասկածի առարկայ կը դառնայ՝ զայն կը զարդարեն փետուրներով, մազի թելերով, պարաններով…

Քննադատները կ՚ենթադրեն, թէ գեղանկարիչներ կը գիտակցին վատորակ ստեղծագործութեան, սակայն երբեմն կը կարծեն, թէ պաստառին վրայ անասուններ աւելցնելով՝ կրնան փրկել զայն։

Տգեղ արուեստի թանգարանը կը յիշատակուի Պոսթընի զբօսաշրջութեան ուղեցոյցներու գլխաւոր տասը հետաքրքրական վայրերու ցանկին մէջ։ Անիկա աշխարհի տարածքին նմանատիպ շարք մը հաւաքածոներ կազմելու ներշնչման աղբիւր դարձած է։ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ լրագրող Տեպորա Սոլոմոն կը նշէ, թէ Տգեղ արուեստի թանգարանին նկատմամբ ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան իբրեւ արդիւնք՝ հետզհետէ աւելի լայն տարածում կը գտնէ թանգարաններու մէջ «լաւագոյն վատ արուեստ» ցուցադրելու միտումը:

«Տը Պոսթըն Կլոպ» թերթն ալ կը նշէ, որ «արուեստի գործերու այս հաւաքածոն կը տեղադրուի արական սեռի բաղնիքէն ոչ հեռու», ուր շրջապատին յատուկ ձայներն ու հոտերը իբրեւ թէ «կը նպաստէին խոնաւութիւնը հաւասարակշռելու»։ Այս մէկը, անշուշտ, ծանր քննադատութիւն էր թանգարանի հասցէին, բայց այս գործին կազմակերպիչները չեն նահանջեր:

Տգեղ արուեստի ցուցադրութիւնը քննադատները կը նկատեն յարգանքի տուրք այն գեղանկարիչներուն, որոնք անզիջող են կատարեալին հասնելու իրենց ձգտումներուն մէջ, թէեւ իբրեւ արդիւնք կը ստանան սարսափելի վատ եւ փուճ գեղանկարներ։

Թանգարանի հիմնադիրներէն Մերի Ճեքսըն կը հաստատէ. «Մենք այս ծրագիրին ձեռնարկած ենք, որպէսզի արժեւորենք գեղանկարիչին չյաջողելու իրաւունքը»:

«Լիւսին՝ ծաղիկներով դաշտին մէջ»

Առաջին նկարը, որ 1993 թուականին հնահաւաք Սքոթ Ուիլսըն նկատած է աղբի կոյտին մէջէն դուրս ցցուած, եղած է «Լիւսին՝ ծաղիկներով դաշտին մէջ» խորագրով գծագրութիւնը: Նկարին մէջ պատկերուած է նստած կին մը՝ ծաղիկներով դաշտին կեդրոնը, դէմքը խստութիւն կ՚արտայայտէ, դիմագծերը տղամարդկային են եւ կոշտ, եւ չես գիտեր ինչո՛ւ՝ բարկացած է նրբագոյն ծաղիկներով շրջապատուած ըլլալուն հակառակ: Գանատական թերթի մը յօդուածագիր Քէյթ Սվոճըր «Լիւսին՝ ծաղիկներով դաշտին մէջ» նկարը կ՚որակէ «հիանալի սխալ» մը՝ զայն նկարագրելով իբրեւ գարնանային փարթամ դաշտի մը մէջ պարող տարեց կին մը, որուն կախ կուրծքերը կը շարժին ազատ. ան անբացատրելի երեւոյթով մէկ ձեռքով յենած է իր նստած կարմիր աթոռին, իսկ միւս ձեռքով բռնած է երիցուկներու փունջ մը։

Իրական «Լիւսի»ի թոռնուհին՝ հիւանդապահ Սիւզան Լոլոր, որ կ՚ապրէր Պոսթընի մէջ, թերթին մէջ իր մեծ մօր՝ Աննա Լալլի Քինիի (1890-1968) դիմանկարը տեսնելով՝ դարձած է Տգեղ արուեստի թանգարանին երկրպագուն։ Երբ ան թերթին մէջ առաջին անգամ տեսած է մեծ մայրը, զարմացած, բայց յետոյ կուշտ խնդացած է: Այս գեղանկարը պատուիրած է Սիւզանի մայրը, որ երկար տարիներ կախուած եղած է մօրաքրոջ բնակարանին մէջ, հակառակ որ ընտանիքի անդամները կը սարսափէին անկէ։ Հաւանաբար այդ պատճառով ալ շպրտուած է: «Դէմքը ճշգրիտ պատկերուած է, սակայն ուրիշ մասեր սարսափելի են, կը թուի, թէ մեծ մայրս միայն մէկ կուրծք ունի, եւ անհասկնալի է, թէ ի՛նչ պատահած է անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն։ Զարմացած եմ նաեւ դեղին երկինքի վրայ, որ չես գիտեր՝ ուրկէ՛ յայտնուած է», ըսած է թոռնուհի Լոլոր։

Այս գործը թէեւ արուեստի գլուխ-գործոց չէ, բայց կը կազմէ թանգարանին գլուխ-գործոցներէն, քանի որ այս գծագրութիւնով երեսուն տարի առաջ հաւաքորդը սկսաւ իր թանգարանի գործունէութեան: Հեղինակը անյայտ է: Առհասարակ, թանգարանի գծագրութիւններուն մեծ մասին հեղինակները ճանչցուած չեն, բայց անոնց մէջ կան նաեւ արհեստավարժներ:

«Խոտէ կիսաշրջազգեստով աճպարար շունը» խորագրով նկարը կը պատկանի Մինիափոլիսէն արհեստավարժ նկարչուհի Մերի Նիւմընի, որ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ստեղծած է գեղանկարը։ Ան գնած է գործածուած պաստառ մը, երբ արուեստի քոլէճի աղքատ ուսանողուհի էր: Ան յստակ գիտէր, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր օգտագործել տուեալ չափի պաստառ մը։ Շան մը ծաղրանկարէ ներշնչուած՝ ան կ՚որոշէ, որ շունը պէտք է կեդրոնական տեղ ունենայ իր գեղանկարին մէջ։ Սակայն իր ստեղծած նկարին «ներքին ուժը» եւ ձգած տպաւորութիւնը չեն բաւարարեր զինք, որովհետեւ կ՚անդրադառնայ, թէ չէ պատկերած խոտերով այն կիսաշրջազգեստը, զոր տեսած էր ամսագիրի մը մէջ, ոչ ալ գծած էր շան յատուկ գունաւոր ոսկորները, զորս տեսած էր անասուններու խանութին մէջ։ Նիւմըն թանգարանին պատասխանատուներուն գրած է. «Ինծի համար աղբ էր գեղանկարը, մինչեւ որ լսեցի Տգեղ արուեստի թանգարանին մասին»: Այսպիսով արհեստավարժ նկարչուհիի անյաջող գործը տեղ գտած է թանգարանի հաւաքածոյին մէջ:

Տգեղ արուեստի թանգարանին առաջին քանի մը ցուցահանդէսները արտասովոր բնոյթ կը կրէին: Այսպէս՝ «Արուեստ պատուհանէն դուրս. պատկերասրահ՝ անտառին մէջ» ցուցահանդէսին գեղանկարները կախուած էին Քէյփ-Քոտի անտառին ծառերէն:

«Թաթախուած՝ տգեղ արուեստի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսին մաս կազմող արուեստի 18 գործերը ծածկուած էին ջերմութեան դէմ պաշտպանող անջրաթափանց ժապաւէններով:

2001 թուականին տեղի կ՚ունենայ «Ամբողջութեամբ մերկ. միայն մերկեր» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին թանգարանին հաւաքածոյին նոր ոճի բոլոր գեղանկարները։ 2006 թուականին տեղի կ՚ունենայ «Մաշած դիմանկարներ» խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Պոսթընի Գեղարուեստի թանգարանին մէջ Տէյվիտ Հոկնիի գործերուն ցուցադրութեան աւարտին։

2008 թուականին, Տէյվիս հրապարակին վրայ, Սոմըրվիլ թատերասրահին մէջ կը բացուի Տգեղ արուեստի թանգարանին երկրորդ պատկերասրահը, որուն հաւաքածոն նոյնպէս տեղադրուած էր բաղնիքի կողքին։ Թէեւ թանգարանին առաջին պատկերասրահը անվճար էր եւ բաց՝ հանրութեան համար, սակայն երկրորդ պատկերասրահը կարելի էր այցելել միայն թատրոնէն գնուած տոմսերով։ «Վառ գոյներ. մութ զգացումներ») եւ «Գիտէ՞ք, թէ ինչն է հաճելին. պաստառին յանձնեցէք ձեր զգացումները» խորագիրով ցուցահանդէսներ տեղի կ՚ունենային Մասաչուսեթս նահանգի Պեւըրլի արուեստի քոլէճին ակադեմական պատկերասրահներուն մէջ։ Տգեղ արուեստի թանգարանին գործերը կը ցուցադրուին նաեւ Վիրճինիայի, Օթթաուայի եւ Նիւ Եորքի թանգարաններուն մէջ։

2009 թուականի փետրուարին Տգեղ արուեստի թանգարանը դրամահաւաք կը կազմակերպէ Պրենտէյսի համալսարանին Ռոուզի թանգարանին համար, որ 2008-2011 թուականներու Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին պատճառով լրջօրէն կը քննարկէր կառոյցին գլուխ-գործոցներուն մէկ մասը վաճառելու ստիպողութիւնը եւ ի զարմանս շատերու, բաւական դրամ կը հաւաքուի:

Թանգարանէն նաեւ գողութիւններ կատարուած են. առաջին երկու ցուցանմոյշներու գողութիւնը իր վրայ կը հրաւիրէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը եւ կը բարձրացնէ թանգարանին հռչակը։ 1996 թուականին Ռ․ Անճելոյի «Էյլին» գեղանկարը կ՚անհետանայ Տգեղ արուեստի թանգարանէն։ Թանգարանը գեղանկարին վերատիրանալու համար կ՚առաջարկէ 6.5 տոլար արժողութեամբ գումար մը, որ յետագային կը հասնի 36.73 տոլարի, սակայն բազմաթիւ տարիներ գեղանկարը կը մնայ անյայտ։

Գեղանկարներուն գողութենէն ետք թանգարանին պաշտօնեաները կը տեղադրեն կեղծ տեսախցիկներ՝ հետեւեալ գրութեամբ․ «Ուշադրութի՛ւն, այս թանգարանը պաշտպանուած է կեղծ տեսախցիկներով»: Հակառակ այս արգելքին՝ 2004 թըուականին թանգարանէն կը գողցուի Ռեպեքա Հարրիսի ինքնանկարը։ Դիմանկարը վար առնուած էր պատէն եւ տեղը դրուած գրութիւն մը, որով 10 տոլար կը պահանջուէր զայն վերադարձնելու համար։ Թէեւ գողը մոռցած էր ձգելու իր անձնական տուեալները, սակայն, շատ չանցած՝ գեղանկարը կը վերադարձուի 10 տոլարի փոխարժէքով։ Ապահովութեան պատասխանատու Մայքըլ Ֆրանքի համաձայն, գողին համար դժուար եղած է պահել դիմանկարը, մանաւանդ որովհետեւ «հեղինակաւոր հաստատութիւններ կը մերժեն բանակցիլ յանցագործներու հետ»։

Շատերուն կը թուի, թէ դիւրին է նկար ցուցադրել Տգեղ արուեստներու թանգարանին մէջ, սակայն այս թանգարան ներկայացուած տասն գործերէն ինն չեն ընտրուիր, որովհետեւ բաւարար չափով վատ չեն նկատուիր։ Նոյնիսկ երբ գեղանկարիչը վատ նկատէ իր գործը, միշտ չէ, որ իր գործին որակը կը համապատասխանէ թանգարանի չափանիշներուն։ Գեղանկարչական վարպետութեան բացակայութիւնը հաւաքածոյին մէջ ներառուելու ամենէն անհրաժեշտ յատկանիշը չէ։ Սքոթ Ուիլսըն կը նշէ, թէ արուեստագէտի մը համար «խանդավառութեան տօն» է, երբ Տգեղ արուեստի թանգարանը կ՚ընդունի իր մէկ գործը: Տգեղ արուեստի թանգարանը նաեւ պայման մը ունի՝ չ՚ընդունիր մանուկներու կողմէ ստեղծուած, ճարտարարուեստի կամ զբօսաշրջութեան մարզին յատուկ արուեստի գործեր։ Պատասխանատուներուն չեն հետաքրքրեր տնային յարդարանքի արտադրութիւնները։ Անոնք նման գործերու ամենէն յարմար տեղը կը նկատեն «Կասկածելի ճաշակի թանգարան»ը, Մշակոյթի միջազգային հաւաքածոն կամ Տնային յարդարանքի ազգային ենթադրեալ գանձարանը: Իւրաքանչիւր ցուցանմոյշի կցուած է կարճ նկարագրութիւն մը, որ կը նշէ օգտագործուած նիւթերը, չափը, արուեստագէտին անունը, ինչպէս նաեւ՝ գործին տիրանալու պատմութիւնը։

Այսպէս, ամերիկեան ազատ գաղափարներու ոգիով ստեղծուած թանգարանը արդէն երեք տասնամեակ է՝ կը զարմացնէ եւ տարատեսակ բանավէճերու տեղիք կու տայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024