ԱԿՆԱՐԿ - 56 - Ի՞ՆՉ Է ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ (ԶԱՐԵՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ)
Նկատի ունենալով որ Մեծ պահքի ճամբորդութեան մէջ ենք տակաւին, այսօրուան մեր սիւնակն ալ պիտի յատկացնենք այդ առիթին: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայցնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մտածումները ապաշխարութեան մասին, քաղուած իր «Հաւատամքի մեկնութիւն»ը աշխատասիրութենէն:
Սրբազան Հայրը կը գրէ.
• Ի՞նչ է ապաշխարութիւնը: Ապաշխարութիւնը տարբեր կերպերով կը հասկցուի: Ես թերեւս շատ դասական ձեւով չներկայացնեմ, թերեւս բոլորիդ սպասած պատասխաններն ալ չտամ, կարեւորը ամփոփ պատկերացում մը ունենալն է: Մէկ բան յստակ է, Քրիստոսի գալու միակ ճանապարհը ապաշխարութիւնն է, ուրիշ կերպ չկա՛յ, այլ ճամբայ չկա՛յ: Այդ պատճառով ալ, Յովհաննէս Մկրտիչ կոչ կ՚ուղղէր Քրիստոսի գալուստին պատրաստուողներուն, որ ապաշխարեն եւ մկրտուին: Յիշեցէ՛ք, Քրիստոս Ինք նոյն ձեւով երբ Արքայութեան գալուստը կ՚աւետէր, կ՚ըսէր՝ «Ապաշխարեցէ՜ք, որովհետեւ արքայութիւնը մօտիկ է» (Մտ 4.17). ով որ կ՚ուզէ Արքայութիւն մտնել, այնպիսին միայն այդ ճանապարհով է, որ կրնայ մուտք գործել Արքայութիւն:
1) Ապաշխարութիւն առաջին հերթին կը նշանակէ Աստուծմէ հեռացած կեանքէ հրաժարում եւ դարձ դէպի Աստուած: Սա՛ է հիմնական իմաստը ապաշխարութեան: Երկու կեցուածքներ կան. Աւետարանները յաճախ երկու ճամբաներու մասին կը խօսին, մեր քրիստոնէական գրականութեան մէջ զոյգ ճանապարհներու մասին կը խօսուի: Մէկը կեանքի ճամբան է, միւսը՝ մահուան ճամբան, մէկը՝ բարիին ճամբան է, միւսը՝ չարին ճամբան, մէկը՝ փրկութեան ճամբան է, միւսը՝ կորուստի ճամբան. միշտ զուգահեռաբար կը խօսուի այս երկուքին մասին, բայց զուգահեռ չեն, խորքին մէջ հակադրուող երկու ճամբաներ են: Ճիշդ ինչպէս լոյսը եւ խաւարը իրարու կը հակադրուին, այնպէս են նաեւ փրկութիւնը եւ կորուստը:
Ապաշխարութեան մերժումը այն վիճակն է, երբ մարդ կամաւորաբար կարծէք իր կռնակը Աստուծոյ կու տայ, այլ կողմ կը դառնայ, կը փորձէ Աստուծմէ հեռանալ: Ապաշխարութիւնը ճիշդ հակառակ շարժումն է, այսինքն՝ ուր ալ գտնուի, ինչ կէտի վրայ ալ գտնուի, այն պահէն սկսեալ երբ կը դառնայ դէպի Աստուած՝ այդ պահէն իսկ կը սկսի իր ապաշխարութիւնը, որ այնուհետեւ մինչեւ Աստուած ճամբորդութիւն մըն է, ընթացք մըն է: Կէտ մը չէ պարզապէս. ապաշխարողը այսինչ տեղը չ՚ապաշխարեր եւ հոն չի մնար, ընդհակառակը, սկիզբ մըն է ճանապարհին, հոնկէ կը սկսի՝ իր ամբողջացումը գտնելու համար Աստուծոյ մէջ: Քրիստոս Իր կեանքի աւարտին կ՚ըսէր (մենք փոխաբերականօրէն պիտի ըսենք այստեղ)՝ Հօրմէս ելայ եւ դարձեալ դէպի Հայրս կը դառնամ հիմա (Յհ 16.28): Նոյնպէս մենք, իբրեւ Աստուծոյ որդեգիրներ, կ՚ըսենք՝ Աստուծմէ ելանք, Աստուծմէ հեռացանք եւ հիմա նորէն Աստուծոյ կը դառնանք՝ ապաշխարելով:
2) Ապաշխարութիւնը ինքնաբերաբար կ՚ենթադրէ եւ կը նշանակէ մեղքերու խոստովանութիւն: Խոստովանութիւն մը Անոր դիմաց, որ կը դաւանինք, որ կը ճանչնանք իբրեւ մեր հոգիներուն Բժիշկը, մեր հոգիներուն Հովիւը (տարբեր-տարբեր բացատրութիւններ, որոնք ՆԿ-ը մեզի կ՚ընծայէ):
Ասիկա անհրաժեշտ պայման է մեր խիղճը սրբելու, մեր խիղճը մաքրելու եւ Աստուծոյ կամեցած ձեւով նոր կեանք մը սկսելու համար: «Տասներկու առաքեալներու ուսուցումը» գործին մասին քիչ առաջ ակնարկեցի. անոր մէջ այս կապակցութեամբ հետեւեալ նախադասութիւնը ունինք. «Հաւաքոյթին մէջ (պաշտամունքային հաւաքոյթին, եկեղեցիին մէջ - Զ. Ա.) քու թերացումներդ խոստովանէ՛ եւ աղօթքի մի՛ երթար գէշ խղճմտանքով: Այս է ճշմարիտ քրիստոնեային ճամբան», կեանքի ճամբան, որ ճշմարիտ քրիստոնեային ճամբան է:
3) Ապաշխարութիւն կը նշանակէ կեանքի կտրուկ շրջադարձ, կեանքի կտրուկ փոփոխութիւն: Մեր կեանքը ինչերով ալ յատկանշուած ըլլար նախապէս, հիմա պէտք է յատկանշուի տարբեր բանով: Այդ տարբեր բանը զՔրիստոս հագնիլ կը նշանակէ եւ այնուհետեւ փորձել նմանիլ Քրիստոսի: Այս նմանութիւնը, կը կրկնեմ, սկիզբ մըն է միայն: Ոեւէ մէկը մէկ վայրկեանէն միւս վայրկեանը այդ փոփոխութիւնը ամբողջականօրէն չի կրնար ունենալ: Մարդը հողեղէն մարմին մըն է եւ ան նոյնիսկ իր մտաւոր գոյութեան մէջ այնպիսի էակ մըն է, որուն համար կ՚ըսենք, թէ սովորութիւններու գումար մըն է, որուն մտածողութիւնը մանուկ տարիքէն կը կազմաւորուի աստիճանաբար: Ժամանակի ընթացքին կազմաւորուած բան մը երկվայրկեանի մը ընթացքին մոգական փոփոխութիւն չ՚ունենար: Դարձը կրնայ վայրկեանի հարց ըլլալ, բայց դարձէն ետք այդ ներքին փոփոխութիւնը ամբողջ ընթացք մըն է, լման կեանքի մը վրայ տարածուող, որ աստիճանաբար կ՚իրագործուի, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մինչեւ որ հասնինք Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան» (տե՛ս Եփ 4.13): Կարեւորը մշտապէս այդ ճիգին մէջ ըլլալն է: Ապաշխարութիւնը արդէն ճիշդ այդ ճիգը կը նշանակէ՝ կատարելութեան ճիգ մը: Ո՛չ մէկս կատարեալ է, ո՛չ մէկս ամբողջապէս մաքուր է, բայց դէպի մաքրութիւն ընթանալու, դէպի կատարելութիւն ընթանալու վճռակամութիւն է, կամեցողութիւն եւ ճիգ է:
4) Ապաշխարութիւն կը նշանակէ անիրաւութիւններու դարմանում: ՀԿ-ի մարգարէական գրականութիւնն ալ այս մասին կը խօսի: Օրինակ, երբ Եսայի մարգարէն կը խօսի ճշմարիտ ծոմապահութեան մասին, որոշակիօրէն կ՚ըսէ՝ ասիկա՞ է որ դուն ծոմապահութիւն կը կոչես կամ Տիրոջ համար ընդունելի կերպը կը կոչես երբ ծունկի կու գաս, մոխիրի վրայ կը նստիս կամ կը պառկիս, գլուխդ կը ծեծես, կուրծքդ կը ծեծես, կու լաս, կ՚ողբաս: Ո՛չ: Ծոմապահութիւնը այն է, որ ամէն տեսակի դարձ կատարես եւ քու ըրած անիրաւութիւններդ փորձես դարմանել, իրաւունք ընես որբին, այրիին, կարօտեալին օգնութիւն ընես, զանոնք քու տունդ ընդունիս, դարմանես զանոնք, այն ատեն է միայն, որ ճշմարիտ ծոմապահութիւն կատարած կ՚ըլլաս (տե՛ս Ես 58.5-7): Ըսել կ՚ուզէ, որ եթէ մեր անիրաւ կեանքը միայն տեսական կեանքի մը պատկերով չունէինք, այլ՝ ընդհակառակը, ունէինք գործունէութեան եղանակ մը, որ անիրաւ գործերով կ՚արտայայտուէր, հիմա պէտք է ճիշդ հակառակը ըլլայ, այսինքն՝ մեր գործերը ըլլան արտայայտութիւնը այնպիսի կեանքի կերպի կամ եղանակի մը, որ ինքնաբերաբար դարմանէ անցեալին կատարուած այդ բոլոր տեսակի անիրաւութիւնները:
5) Հինգերորդ կէտը չորրորդին աւելի ընդարձակումն է: Ապաշխարութիւն կը նշանակէ մէկ կողմէ ուղիղ հաւատք, եւ երկրորդ՝ ուղիղ գործ: Ինչպէս ալ սահմանենք ապաշխարութիւնը, երբեք միտքէ չենք կրնար հանել իրողութիւնը, որ մեր քրիստոնէական կեանքը կարելի չէ անջատել մեր հաւատքէն, ո՛չ ալ հաւատքը՝ անջատել կեանքէն: «Կեանք» ըսելով այս պարագային աւելի կը հասկնամ գործը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ