ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Աստուածաշունչը խոստումներ կը պարունակէ։ Կը վկայուի, թէ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ մօտաւորապէս 8 հազար խոստումներ կան, որոնք Աստուած խոստացած է Իր որդիներուն։ Զոր օրինակ, Սաղմոս ԼԷ.-ի մէջ 40 խոստումներ կը գտնուին. իսկ Եսայիի մարգարէութեան եւ Ծննդոց Գիրքին մէջ խոստումներ տրուած են։ Այս խոստումները կը պատկանին անշուշտ ամբողջ մարդկութեան։ Այս խոստումներուն առաջնակարգն է Աստուծոյ ներկայութեան խոստումը։ Ան կ՚ըսէ. «Ահա ես քեզի հետ եմ»։ Յիսուս Իր յարութենէն յետոյ երկինք չէ համբարձած, Իր աշակերտներուն տուաւ Իր մեծագոյն եւ հիմնական խոստումներէն մին. «Եւ ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս վերջը». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։
Յիսուս Քրիստոս լա՛ւ գիտէր, թէ այս «խոստում»ը ուժ եւ զօրութիւն պիտի ներշնչէր Իր աշակերտներուն եւ անշուշտ բոլոր Իր հաւատացեալներուն։
Դարերու ընթացքին այս պատուական խոստումը բազմաթիւ հաւատացեալներ մխիթարած, քաջալերած է եւ զօրացուցա՛ծ իրենց տխուր եւ տագնապալից վիճակներուն եւ մինչեւ իսկ յուսալքուած պահերուն մէջ։ «Ամէն օր ես ձեզի հե՛տ եմ…». որքա՜ն վստահութիւն ներշնչող, մարդուն ինքզինք ապահով զգալուն պատճառ եղող խոստում մը… Ան խոստացած է մեզի հետ ըլլալ, մեր քովը։ Մեր ցաւերուն ցաւակից, վիշտերուն վշտակից, մեր ուրախութիւններուն ուրախակից, խնդակից ըլլալու համար Ան միշտ մեր քովն է՝ մեզի հետ։ Ան կը խոստանայ կրել մեր վիշտերը։ Ա՛ն է մեր բժիշկը, որ Իր խօսքով կը բուժէ մեր ցաւերը, մեր վէրքերը կը դարմանէ։
Եւ կարելի չէ հասկնալ եւ չզարմանալ անոնց, որոնք չեն հաւատար։ Ինչպէ՞ս չհաւատալ, երբ Յիսուսի ներկայութիւնը ամէն պահ կը զգանք, հրաշքներ կը պատահին, ի՜նչ անկարելիներ կարելի՛ կը դառնան։ Հաւատալու համար այնքան շատ իրադարձութիւններ կան մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ, որ հաւատալը աւելի դիւրին է՝ քան չհաւատալը։
Իր ներկայութեամբ կը քաջալերէ մեզ Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ըլլան, քաջ եղէք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուրեմն, Յիսուս միայն խօսքով մեզ քաջ ըլլալու չ՚առաջնորդեր, այլ Իր իսկ կեանքով օրինակ կ՚ըլլայ. խօսքը կը զօրացնէ գործով։ Ուստի, պատուէրներ, յանձնարարութիւններ, խորհուրդներ ազդու կ՚ըլլան ո՛չ թէ խօսքով, այլ եւ մա՛նաւանդ գործո՛վ։ Մարդիկ հոգերով բեռնաւորուած են. «Ձեր ամէն հոգը անոր ձգեցէք, որովհետեւ Անիկա ձեզի համար կը հոգայ», կ՚ըսէ Պետրոս առաքեալ. (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Այս համարը կը թեթեւցնէ մեր բեռը։ Ան մեզի մտքի, սրտի եւ հոգիի հանգիստ պիտի պարգեւէ։
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ՚ըսէ, թէ այս խոստումները մեզի տրուած են, որպէսզի աստուածային բնութեանը հաղորդ ըլլանք՝ աշխարհի մէջ ցանկութենէ առաջ եկած ապականութենէն փախչինք. (Բ ՊԵՏՐ. Ա 4)։
Աստուծոյ բոլոր խոստումները պայմաններ ունին, եթէ կ՚ուզենք զանոնք վայելել՝ ուրեմն անդրադառնանք անոնց եւ կատարենք զանոնք եւ գլխաւոր պայմանը՝ հնազանդութի՛ւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ